Կիրակի, 03. 12. 2023

spot_img

«My Heart Will Go On» («Իմ Սիրտը Կը Շարունակէ Բաբախել»). Սելին Տիոն (լուսանկարներ, տեսերիզ)

Երգի Մը Պատմութիւնը – 10 – 

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Աշխատակից 

Երգը լսելու ատեն կ’ունենաք այն տպաւորութիւնը, թէ ան երէկ գրուած է: Անհնար է անջատել նուագարկիչը կամ փոխել երգը։ Ժամանակի ազդեցութեան չենթարկուող ու երբեք չհինցող այս երգը սիրելի է գրեթէ բոլորին, որ զայն լսած է, մինչեւ իսկ երգի ստեղծումէն շատ  տարիներ ետք ծնած այսօրուան երիտասարդ օրիորդներուն ու պատանիներուն։

Բոլորս գիտենք երգը՝ որպէս Ճեյմս Քեմերոնի նկարահանած «Titanic» ֆիլմի սաունտթրեքը, բայց ֆիլմին բեմադրիչը ի սկզբանէ դէմ եղած է ֆիլմին մէջ որեւէ տեսակի երգի առկայութեան։ Երգի երաժշտահան Ճեյմ Հորները ստիպուած եղած է երթալու մի քանի խորամանկութիւններու, որպէսզի կարենայ ընդգրկել երգը ֆիլմի երաժշտութիւններու շարքին մէջ։ Իրողութիւնը այն է, որ բեմադրիչ Քեմերոնը եւ երաժշտահան Հորները տարբեր տեսլականներ ունէին ֆիլմի աւարտուն բնագիրին մասին։ Քեմերոնը կ’ուզէր, որ ֆիլմին մէջ միայն երաժշտութիւն ըլլայ։ Ան կը կարծէր, թէ ֆիլմի ողբերգականութիւնը կ’ընդգծէ միայն գեղեցիկ երաժշտութիւնը եւ այլեւս երգի կարիք չկայ, եւ յստակ արտայայտած էր այս միտքը, երբ Հորները սկսած էր աշխատանքները ֆիլմի երաժշտութիւններուն վրայ։ Հորները, սակայն, այլ կարծիքի էր։ Ան այնքան տպաւորուած էր ֆիլմի դիպաշարով, որ մտայղացած էր երգ մը, որուն անհրաժեշտութեան ան համոզուած էր։

Եւ այսպէս, Հորները կը գրէ երգը՝ սկիզբը ստիպուած ըլլալով համոզելու Ուիլլ Ճենինքսը, որպէսզի գրէ խօսքերը։ Այնուհետեւ, երբ երգը պատրաստ էր, սկսաւ փնտռել լաւագոյն կատարողը, որ պիտի անմահացնէր իր գաղափարը։ Երկար փնտռտուքներէ ետք իր ընտրութիւնը կանգ առաւ 90-ականներու վերջը ամենավառ ու ամենայայտնի երգչուհիներէն մէկուն՝ Սելին Տիոնի վրայ։ Սելինը այդ տարիներուն կ’աշխատէր Լաս Վեկաս։ Հորները գնաց հոն՝ Սելինը եւ անոր արտադրիչը եւ միաժամանակ ամուսինը՝ Ռենէ Անճելիլը, համոզելու, որ երգը կատարէ Սելինը։ «Երբ առաջին անգամ լսեցի երգը, ան ինծի այնքա՛ն հաճելի չեկաւ: Անընդհատ կը փորձէի դէմքի արտայայտութեամբ Ռենէին հասկցնել, որ կ’ուզեմ լքել հիւրանոցի այդ սենեակը, ուր Քեմերոնը կը նուագէր երգը դաշնամուրով եւ միաժամանակ կ’երգէր։ Ռենէն յամառօրէն չէր նկատեր ակնարկս։ Բաւական չէր, որ ստիպուած եղայ մինչեւ վերջ լսելու երգը: Աւելին, Քեմերոնը սկսաւ համոզել զիս եւ այնուհետեւ Ռենէն, որ ձայնագրեմ զայն։ Ի վերջոյ, ճարահատեալ Ռենէն ստիպուած եղաւ իրեն առաջարկել հանդիպումը շարունակել Նիւ Եորքի մէջ, ուր ես կը ձայնագրէի «Եկէ՛ք, խօսինք սիրոյ մասին» ալպոմս»,- կը յիշէ Սելինը։ Մէկ ամիս անց Քեմերոնը երգի վերջնական գործիքաւորուած տարբերակով կը մեկնի Նիւ Եորք՝ ձայնագրութեան սթիւտիօ։ «Ես այդ օրը այնքան չէի ուզեր երգել այդ երգը: Մինչեւ անգամ ուշադրութիւն չէի դարձներ ձայնիս։ Սովորաբար ձայնագրութիւններէն առաջ ես սուրճ չեմ խմեր՝ ձայնիս մաքուր երանգին համար։ Այդ օրը մի քանի բաժակ քաղցր սուրճ խմած էի, ինչ որ ոեւէ երգիչ մը երգելէն առաջ այդպիսի բան չ’ըներ։ Երկար քննարկումէ եւ համոզելէ ետք համաձայնեցայ երգել երգը ընդամէնը մէկ անգամ, որպէսզի Քեմերոնը  ցուցադրելու նմոյշ ունենայ։ Քեմերոնը ինծի օգնեց երգին փոխանցել երգի ճիշդ տրամադրութիւնը՝ պատմելով ֆիլմի կիսահամակարգուած դրուագները ։ Ես յատկապէս տպաւորուած էի այն մասով, երբ ծեր զոյգը հասկնալով, որ այլեւս փրկութեան յոյս չկայ եւ պիտի խեղդուին ջրահեղձ ըլլալով՝ կ’որոշեն գրկախառնած քնանալ` միասին յաւերժական քուն մտնելու երազով։ Տպաւորուած էի նաեւ մօր օրորոցային երգելու տեսարանով, երբ կը պառկեցնէ երեխաները՝ գիտնալով, որ այլեւս ոեւէ մէկը չ’արթննար ։ Այսպիսով, Քեմերոնի պատմածէն տպաւորուած երգեցի մէկ հատուած միայն։ Ո՞վ գիտէր այդ ժամանակ, որ ֆիլմին վերջնական տարբերակին մէջ պիտի մտնէ այդ մէկ հատուածի կատարումը՝ առանց որեւէ ուղղումի»,- կը պատմէ Սելինը։

Հետաքրքրականը այն փաստն էր, որ երգը ձայնագրուեցաւ որպէս ցուցանմուշ, բայց ֆիլմին մէջ մտաւ եւ ամբողջ աշխարհին մէջ միլիոնաւոր օրինակներով վաճառուեցաւ նոյն այս օրինակը:

            Երգի ձայնագրութեան աշխատանքը տակաւին կէսին էր: Անհրաժեշտ էր դեռ ֆիլմի բեմադրիչը՝ Ճեյմս Քեմերոնը, համոզել զայն օգտագործել ֆիլմին մէջ: Հորները կ’ուզէր սպասել եւ որսալ այնպիսի յարմար պահ մը, երբ Քեմերոնը լաւ տրամադրութեան մէջ կ’ըլլար եւ հեշտ կ’ըլլար զինք համոզելը: Եւ ահա եկաւ այդ օրը: Օր մը Քեմերոնը զանգեց Հորներին՝ ֆիլմին համար բան մը քննարկելու համար: Իր տրամադրութիւնը այդ օրը բարձր էր: Կը պատմէր մի քանի նոր, յաջողած տեսարաններու մասին: Հորները որսաց պահը եւ ներկայացուց երգը: Զարմանալի է, բայց Քեմերոնը լսելէն ետք անմիջապէս բացագանչեց․ «Սա է որ կը պակսէր»: Եւ պահանջեց, որ օգտագործուի նոյն այդ աշխատանքային տարբերակը:

            Երգը Սելին Տիոնի ամենախոշոր երգն է, որ մեկնարկեց պիլպորտ թէժ 100-եակի առաջին հորիզինոկանով եւ այդտեղ մնաց  2 շաբաթ շարունակ: Վաճառքի առաջին շաբաթը վաճառուեցաւ 690 000 օրինակով եւ անմիջապէս գրանցեց «ոսկէ» տիտղոս: «My heart will go on» երգը առաջին անգլալեզու երգն էր, որ գլխաւորեց լատինական թէժ-հիթշքերթը եւ այդ յաջողութեան համար մրցանակ ստացաւ լատին-ամերիկեան պիլպորտին կողմէ:

            Երգը թողարկումէն ետք դարձաւ թիւ մէկ երգը ամբողջ աշխարհին մէջ եւ երկար  շաբաթներ շարունակ չէր իջներ Շուէտի, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Հոլանտայի, Պելճիքայի, Դանիոյ, Մեծն Բրիտանիոյ, Իտալիոյ, Նորվեկիոյ, Աւստրիոյ, Սպանիոյ, Իռլանտայի, Ֆինլանտայի, Աւստրալիոյ թէժ 100-եակներէն: Գերմանիոյ մէջ երգը վաճառուեցաւ 2 միլիոն օրինակով եւ դարձաւ 4 x Platinum: Երգը ստացաւ Կրեմմի, Ոսկէ Կլոպուս եւ Օսքար մրցանակները։

            Դժուար է պատկերացնել, թէ ի՛նչ կ’ըլլար, եթէ չըլլար Հորներ երաժշտահանի կանխազգացումը, յամառութիւնը եւ այն վստահութիւնը, որ ֆիլմը առանց այս երգին կարելի չէր ըլլար ամբողջացնել: Եւ փորձն ու դէպքերու ընթացքը ցոյց  տուին, որ Հորները իրաւացի էր, իսկ իր յամառութիւնը՝ արդարացուած, որ պսակուեցաւ հսկայ յաջողութեամբ:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին