«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ- Ղազախիստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւը Մարտ 19-ին յայտարարած է պետութեան ղեկավարի լիազօրութիւնները վար դնելու մասին, կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը:
«Ես որոշում ընդունեցի, որ դադրեցնեմ իմ՝ որպէս նախագահի լիազօրութիւններս»,- ըսած է Նազարպայեւը Ղազախիստանի ժողովուրդին յղած ուղերձին մէջ, որ հեռարձակուած է հանրապետական հեռուստաալիքներու եթերով: