Շաբաթ, 08. 02. 2025

spot_img

Հարաւքորէացի Զինուորականները Հիւսիսային Քորէայի Մէջ «Միջուկային Աշխուժութեան» Նշաններ Արձանագրած Են

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ- Հարաւային Քորէայի զինուորականները Հիւսիսային Քորէայի մէջ միջուկային ծրագիրին հետ կապուած աշխուժութիւն կ’արձանագրեն: Ինչպէս Մարտ 19-ին յայտնած է «KBS» հեռուստաալիքը, այդ մասին յայտարարած է Քորէայի Հանրապետութեան ազգային պաշտպանութեան նախարար Չոն Կիոն Տուն խորհրդարանի պաշտպանութեան հարցերու կոմիտէի՝ Մարտ 18-ին կայացած նիստին, կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը: 
«Կոմիտէի անդամ, Քորէայի ազատութեան կուսակցութենէն պատգամաւոր Փեք Սին Չժուն նախարարին հարց տուած է, թէ Հիւսիսի մէջ աշխուժութիւն կը նկատուի՞ արդեօք զինագործական աթոմի ոլորտին մէջ: Նախարարը դրական պատասխանած է»,- նշած է հեռուստաալիքը՝ չճշդելով, թէ ստոյգ ի՛նչ գործունէութեան մասին է խօսքը, հաղորդած է «ԹԱՍՍ»-ը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին