Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

Թէ Ինչ Մնաց

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Աշխատակից

«Կ’ուզէք առանձնայատուկ ըլլալ. ա՛յդպէս էք արդէն. ձեր բթամատի գիծերը բացառիկ են, եւ չկայ աշխարհի բնակչութեան ոեւէ մէկուն բթամատին նման»,- ըսաւ քարոզիչը: Ոչ միայն իբրեւ անձի մը, այլեւ կ’երկարի ընտանիքի, գերդաստանի, ազգերու եւ ցեղերու, ուր գոյնի, բնաւորութեան, բարեձեւութեան եւ այլ ամէն երեւելի եւ աներեւոյթ ծալքերու մէջ կը տարբերին իրարմէ, ինչպէս նաեւ դիցաբանութեան եւ աշխարհընկալումի ու ալ չնշուած խորքերու:

Լեռնաշխարհ Հայաստանը, մօտ ըլլալով երկինքին, գուցէ իր քարերը գործածած է խաչքարերու եւ վանքերու շինարարութեան. իբրեւ ապաւէ՞ն. բայց որքան արդարանալի է՝ այդ արդէն գործնականօրէն մեզի մեր պատմութիւնը ցոյց տուաւ, սակայն տակաւին նոյն ընթացքէն շեղած չունինք: Այս ալ ազգային մէկ դժբախտութեան շարքին:

Ինքնաբերաբար յետադարձ հայեացք մը դասարանային ջերմ մթնոլորտի մը. մի քանի պատճառներով կը սիրէի իր դասապահը՝ գրաբար հայերէնը: Ներս կը մտնէր,- ինչ մեղքս պահեմ կը խորհէի, թէ մսագունդ մըն էր,– հասակն ու լայնքը նկատի ունենալով: Շաբաթը մէկ պահ միայն բայց անմոռանալի, ձայնը՝ թաւ, ոճը՝ ազդեցիկ ու խօսակցութիւնը կը տարբերէր այլ ուսուցիչներէ: Յատկանշական էր իր «նօ՛թ առ» արտայայտութեան յաճախակիութիւնը. Օր մըն ալ «Ապտակ կը մուրաքկոր» ըսաւ, եւ աշակերտի մը ծոծրակին մի քանի  հատ «իջեցուց», որմէ ետք ուրիշի մը մօտենալով՝ ականջը բռնելով ըսաւ. «Կարգը քուկդ է»: Սակայն այս մէկ անգամ միայն: Սիրել կու տար դասը: Հայերէնին առընթեր, հայութեան ցաւերուն եւ խնդիրներու լուծումներուն մասին կ’արտայայտուէր, ինչ որ զիս աւելի իրէն կը կապէր: Թէ Հայաստան լեռնաշխարհի վանքերու վանականները եթէ զինուորագրուէին, տարածաշրջանի հզօրագոյն ուժը կ’ըլլայինք: Ուսուցչութեամբ չսահմանափակուեցաւ. ունեցաւ «Սիփան»  հրատարակչատուն, ուրկէ Չարենցի «ԳԻՐՔ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻՆ» լոյս տեսաւ.

«Պատմութեան քառուղիներով մենք քայլել ենք երկար՝ Անղեկ, ցաքուցրիւ, անգաղափար: Օ, չի եղել մեր գայլը պղնձեայ, Եւ ոչ մարմարիոնեայ, եւ ոչ անգամ քարէ,- Նիհար, կողերը լերկ, նա անցել է անծայր տափաստաններ, մինչեւ նա հանգիստ է առել Այս Մասիսի հանդէպ անիրական: Ժողովուրդ մը, անղեկ ու անգաղափար, դարերու հովին թողլքուած»:

«Լենկ Թիմուրն եկաւ հուրն ու սուրն եկաւ» եկան ու եկան եւ Ճենկիզ խան եւ Ուզուն Հասան կռուախնձոր Մայր Հայաստան ազատութեան տենչով վառուած ու հալածուած: Թէ ինչ կ’ըսէ Ռուբէն Սեւակ իր ԱՅԼԱՍԵՐՈՒՄին մէջ. «Ձուկն իր գլուխէն կը հոտի, ազգն՝ իր մտաւորականներէն: Ընթերցողը աւելի ողջմիտ է, քան գրողը»:

Չունինք համակարգող դրութիւն: Կենդանական գոյամիջոցն է փախուստ կամ կռիւ, ինք կ’ընտրէ ուրեմն իր ելքը, հովուն թեւին տալով ինքզինք դէպի ապահով վայր, սրտին մրուր ու յոյս՝ վերադարձի, միջոցի արտօնութեամբ ու կարօտի:

Կը թաւալի կեանքը մեր միշտ յոյսով՝ նայելով «Լուսաւորչի Կանթեղին»:

Արդ, «ՆՈՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ»: Քայլ՝ դէպի  դարաւոր երազներու իրականացումին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին