«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ- Ազրպէյճանը հայ-ազրպէյճանական սահմանի Ղազախ-Աղստաֆա հատուածը նոր զօրամաս տեղակայած է: Տարածքը սահմանակից է ՀՀ Տաւուշի մարզին:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»–ը, կը յայտնեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Նոր զօրամասի տեղակայումին մասին յայտնած է Ազրպէյճանի սահմանային պետական ծառայութեան պետ Էլչին Ղուլիեւը: