Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Կրակոցներ Հոլանտայի Ութրեխթ Քաղաքին Մէջ. Կայ Մէկ Զոհ Եւ Վիրաւորներ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հոլանտայի Ութրեխթ քաղաքի թրամուէյերէն մէկուն մէջ անյայտ անձ մը կրակ բացած է ուղեւորներուն ուղղութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ-Արապիա»ն, նշելով, որ նախնական տուեալներով կայ մէկ զոհ եւ բազմաթիւ վիրաւորներ:

Միջադէպը տեղի ունեցած է Ութրեխթ Հոկտեմբեր 24-ի ծայրամասային հրապարակին մէջ։ Դէպքի վայր ժամանած են հակաահաբեկչական խումբեր եւ շտապօգնութեան ուղղաթիռներ։

Նախնական տուեալներով՝ կրակ բացած անձը տղամարդ է, որ այժմ փախուստի մէջ է, սակայն ոստիկանութիւնը չի բացառեր, որ գործողութեան մասնակից ըլլան նաեւ այլ անձեր: Ինչպէս նաեւ հաւանական կը համարուի, որ տեղի ունեցածը ահաբեկչական գործողութիւն է։

Հոլանտայի վարչապետ Մարք Ռիւթըն միջադէպի առնչութեամբ կառավարութեան արտահերթ նիստ հրաւիրած է:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին