«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հոլանտայի Ութրեխթ քաղաքի թրամուէյերէն մէկուն մէջ անյայտ անձ մը կրակ բացած է ուղեւորներուն ուղղութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ-Արապիա»ն, նշելով, որ նախնական տուեալներով կայ մէկ զոհ եւ բազմաթիւ վիրաւորներ:
Միջադէպը տեղի ունեցած է Ութրեխթ Հոկտեմբեր 24-ի ծայրամասային հրապարակին մէջ։ Դէպքի վայր ժամանած են հակաահաբեկչական խումբեր եւ շտապօգնութեան ուղղաթիռներ։
Նախնական տուեալներով՝ կրակ բացած անձը տղամարդ է, որ այժմ փախուստի մէջ է, սակայն ոստիկանութիւնը չի բացառեր, որ գործողութեան մասնակից ըլլան նաեւ այլ անձեր: Ինչպէս նաեւ հաւանական կը համարուի, որ տեղի ունեցածը ահաբեկչական գործողութիւն է։
Հոլանտայի վարչապետ Մարք Ռիւթըն միջադէպի առնչութեամբ կառավարութեան արտահերթ նիստ հրաւիրած է: