Ուրբաթ, 14. 02. 2025

spot_img

Boeing-ը Ներկայացուցած Է Պատմութեան Մէջ Ամէնէն Երկար Մարդատար Ինքնաթիռը. «CNN»

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Boeing ընկերութիւնը մասնակիցներու նեղ շրջանակի համար կայացուցած է աշխարհի մէջ ամէնէն երկար մարդատար ինքնաթիռի՝ Boeing 777X նորագոյն օդանաւի շնորհանդէսը։ Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը՝ վկայակոչելով «ԹԱՍՍ»-ը, այս մասին յայտնած է «CNN» հեռուստաընկերութիւնը։

«Մարտ 13-ին առաջին Boeing 777X-ը ներկայացուած է ընկերութեան [Boeing] աշխատակիցներուն Էվերեթ քաղաքի (Ուաշինկթըն նահանգ) ինքնաթիռներու արտադրութեան գործարանի տարածքին»,- նշած է հեռուստաալիքը։

Արտադրողի տուեալներով՝ նոր օդանաւի երկարութիւնը 77 մ է, թեւերու բացուածքը՝ 72 մեթր։ Boeing 777X-ը կը դառնայ նաեւ երկու շարժիչ ունեցող ամենամեծ մարդատար ինքնաթիռը։

Նորագոյն օդանաւի նախօրինակը կ’ըլլայ Boeing 777X-ը, որ կրնայ ընդունիլ 400 – 425 ուղեւոր։ Օդանաւի թռիչքի հեռաւորութիւնը կը կազմէ աւելի քան 14 հազ. քիլոմեթր։ Աւելի կարճ՝ 70 մ երկարութեամբ Boeing 777-8X-ը, որ կրայ վերցնել 350 – 375  ուղեւոր, կրնայ թռչիլ աւելի քան 16 հազ. քիլոմեթր։

Բացի այդ՝ ընկերութիւնը կը նշէ, որ «վառելիքի ծախսը եւ շահագործումի ծախսերը [Boeing 777X ընտանիքի] 10-12%-ով փոքր կ’ըլլան, քան մրցակիցներու նախօրինակներունը»։ Նորագոյն օդանաւը առաջին թռիչքը կը կատարէ արդէն մօտակայ ամիսներուն, իսկ պատուիրատուներուն առաքումները կը սպասուին 2020 թուականին։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին