«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Փարիզի իրաւապահ մարմինները քաղաքին մէջ ընթացող «դեղին բաճկոններու» ցոյցերու ծիրէն ներս ձերբակալած են 31 հոգի: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին կը յայտնէ «ՌԻԱ նովոսթի»-ն:
Տեղական լրատուամիջոցները կը նշեն, որ ի տարբերութիւն նախորդ շաբթուան ցոյցերուն՝ Մարտ 16-ի ցոյցը կ’իրականացուի բաւական յարձակողական կերպով: Փարիզի որոշ հատուածներու մէջ ոստիկանները ցուցարարներուն դէմ արցունքաբեր կազ եւ ջրցան մեքենաներ կիրառած են:
Փարիզի եւ Ֆրանսայի միւս քաղաքներուն մէջ «դեղին բաճկոններու» ցոյցը տեղի կ’ունենայ 18-րդ շաբաթէ անընդմէջ: Ցոյցերը սկսած են 2018 թուականի Նոյեմբերէն: