Երեքշաբթի, 12 Մարտ 2019-ին Մխիթարեան վարժարանէն ներս տեղի ունեցաւ ծառատնկումի արարողութիւն՝ հովանաւորութեամբ լիբանանեան խորհրդարանի անդամ երեսփոխանուհի Փոլա Եագուպեանի: Զինք ներկայացուց տիկին Թալին Արսլանեան: Ի դէպ, ներկայ էին Մխիթարեան միաբանութեան Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մեծաւոր Գեր. հ. Մեսրոպ ծ. վրդ. Սիւլահեան, միաբանութեան վարչութեան անդամներ, Ժտեյտի-Պուշրիէ շրջանի քաղաքապետութեան ներկայացուցիչ պրն. Ղասսան Խուրի, հիւրեր եւ ծնողներ:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մխիթարեան միաբանութեան քայլերգերու ունկնդրութենէն ետք, տնօրէնուհի տիկ. Ռիթա Պոյաճեան բացման խօսքին մէջ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ըսաւ. «Այսօր շնորհիւ լիբանանեան խորհրդարանի անդամ տիկին Փոլա Եագուպեանի, որ նաեւ եղած է Մխիթարեան վարժարանի աշակերտուհի, մեր փափաքներէն մին կ’իրականանայ, այն է, որ մեր նոր բացուած դպրոցը ոչ միայն ըլլայ լաւագոյն ուսումնարանը, ոչ միայն քայլ պահէ նորագոյն արհեստագիտութիւներու հետ, ոչ միայն պատրաստէ 21-րդ դարու մարտահրաւէրներուն պատրաստ գիտութեամբ եւ կենցաղային հմտութիւններով զինուած հայրենասէր ու ազգասէր անհատներ, այլ նաեւ, այս բոլորին կողքին, ըլլայ բնութեան մէջ գտնուող դպրոց մը կանաչապատ տարածքով, ծառերով ու կանաչութեամբ շրջապատուած, որ կը շնորհէ առողջ կենսոլորտ, խաղաղութիւն ներշնչող, գեղեցիկ ու հաճելի շրջապատ»: Ան շեշտը դրաւ բնութեան հոգ տանելու եւ Լիբանանը աւելի կանաչ դարձնելու հրամայականին վրայ եւ վստահեցուց, որ ինչպէս աշակերտները առաջին ցանքն են նորաբաց Մխիթարեան վարժարանին եւ որ տարուէ-տարի աճելով ու սնանելով պիտի ծաղկին ու քաղցր պտուղ պիտի տան, այս ծառերն ալ նոյնպէս օրէ-օր պիտի ծաղկին, աճին ու պիտի տան պտուղներ:
Ապա խօսք առաւ տիկին Թալին Արսլանեան, որ ըսաւ, թէ ինքզինք իր տունը կը զգայ, որովհետեւ մեծցած ու մկրտուած է այս դպրոցին ու եկեղեցիին մէջ: Ան ուրախութիւն յայտնեց ներկայացնելու երեսփոխանուհի Եագուպեանը, որ ոչ մէկ առիթ կը մերժէ սատարելու կենսոլորտին: Տիկին Արսլանեան խրատեց աշակերտներուն հոգ տանելու բնութեան, ուր կը յայտնաբերենք Աստուծոյ գոյութիւնը:
Քահանայական կեանքի պատրաստուող եղբայր Նարեկ Ճենանեան ըսաւ, որ հաւաքուած ենք մեր ձեռքերով ցանելու եւ գեղեցիկ ու բնական շրջապատ ապահովելու, ուր իւրաքանչիւր աշակերտ հանգիստ կը զգայ կարդալու, մտածելու եւ ապագային մասին երազելու: Ան նշեց, որ բնութիւնը ինքնին դպրոց մըն է, որմէ կը սորվինք մանաւանդ համբերութիւն եւ կարգ ու կանոն՝ յատկութիւններ, որոնք անհրաժեշտ են իւրաքանչիւր յաջողակ անձի համար:
Փակման խօսքով Գեր. Սիւլահեան շնորհակալութիւն յայտնեց տիկին Փոլա Եագուպեանին եւ պարոն Խուրիին միջոցով՝ Ժտեյտի-Պուշրիէի քաղաքապետութեան, որ մշատական նեցուկ կը ցուցաբերէ մեր վարժարանին: «Այսօրուան ձեր ցանած ծառերը պիտի մեծնան եւ պտուղ տան, ինչպէս որ դուք պիտի մեծնաք շնորհիւ ձեր ստացած խնամքին ու հոգատարութեան, որպէսզի դառնաք իսկական մխիթարեանականներ, տիպար քրիստոնէաներ եւ պարկեշտ քաղաքացիներ»,- ըսաւ գերյարգելի վարդապետը:
Գեր. Սիւլահեան եւ տիկին Պոյաճեան երեսփոխանուհի Փոլա Եագուպեանի յուշանուէրը յանձնեցին տիկին Թալին Արսլանեանին: Այնուհետեւ աշակերտները եւ իրենց ծնողները մասնակցեցան ծառատնկումի գործողութեան:
ԼՐԱՏՈՒ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ