ՀԵՆՐԻ Ճ. ՊԱՐՔԻ
ԵՐԿՈՒ ՔԱՅԼ ԱՌԱՋ, ՄԷԿ ՔԱՅԼ ԵՏ
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Քսաներորդ դարու ընթացքին, միակ կարելիութիւնը քրտական ինքնավարութեան,– կամ՝ անկախութեան,– կրնար իրականանալ, շրջանի ձախող իշխանութեանց ընթացքին, Պաղտատի ու Դամասկոսի կառավարութեանց մօտ։ Մասնաւորաբար, Պարսկական ծոցի պատերազմէն ետք, 2003-ին Սատտամ Հիւսէյնի տապալումով եւ Իրաքի գրաւումով, ինչպէս նաեւ՝ ԻՍԻՍ-ի պարտութեամբ Սուրիոյ մէջ, ստեղծուած է նպաստաւոր կացութիւն քիւրտ քաղաքական տենչանքներու իրականացման համար։ Ուաշինկթըն, ոչ դիտաւորեալ(*) կերպով, իր կարիքներուն գոհացում տալու համար, դայեակը դարձած է քիւրտ ազգանականութեան խմորումին։
Ամերիկեան քաղաքական ու զինուորական յանձնառութիւնը, հանդէպ քիւրտերուն, լրջօրէն սկիզբ առած է 1990-91-ի Ծոցի պատերազմով։ Իրաքեան բանակը, իրաւազրկուելով դուրս դրուելէ ետք Քուէյթէն, հարուածեց քիւրտերն ու շիիները, որոնք ընդառաջած էին Պուշի կոչին՝ ըմբոստանալով Սատտամ Հիւսէյնի վարչակարգին դէմ։
Մարդկայնական տագնապի մը առաջքը առնելու համար, Մ. Նահանգներ, Ֆրանսայի եւ Անգլիոյ գործակցութեամբ, արգիլեալ գօտի հռչակեցին հիւսիսային Իրաքը։ Իբրեւ հետեւանք, իրաքեան քիւրտերը կարողացան շրջանային ինքնավարութիւն հաստատել, 1992-ին հիմնելով Քիւրտիստանի Շրջանային Կառավարութիւնը (KRG)։ Իրաքեան Քիւրտիստանը փրօ-ամերիկեան զգացումներու ամրոց մը դարձաւ, մանաւանդ 2003-ի ներխուժումէն ետք, աւելի զարգացնելով Ամերիկա-Քիւրտիստան գործակցութիւնը։ Իրաքեան Քիւրտիստանը կայունութեան խարիսխ մը դարձաւ, մինչ երկրին (Իրաքի) մնացեալ մասը մխրճուեցաւ քաղաքացիական պատերազմի մէջ։
Քիւրտիստանի Շրջանային Կառավարութեան (KRG) հաստատումը հոգեբանական կարեւոր մղում մը (boost) տուաւ քիւրտերուն, ոչ միայն Իրաքի, այլ նաեւ մնացեալ Միջին Արեւելքի մէջ։ Անիկա ապացուցանեց, թէ քիւրտերը կրնային ինքնավարութիւն փորձարկել, միջազգային ճանաչում ապահովելու համար։ Թէեւ, Թուրքիա դէմ եղած է քրտական ինքնավարութեան։ Էրտողանի իշխանութիւնը չուզեց ընդդիմանալ քրտական կառավարութեան, նախընտրելով տնտեսական ու քաղաքական կապեր ստեղծել։ Սահմանները շրջափակուած քիւրտ իշխանութիւնը կարիքն ունէր դիւանագիտական ու վաճառականական անցքի մը,– մանաւանդ իր քարիւղի արտածումին համար,– զոր հայթայթեց Թուրքիան։ 2010-ին թրքական կառավարութիւնը հիւպատոսարան մը բացաւ քրտական իշխանութեան մայրաքաղաքին՝ Էրպիլի մէջ։ Իսկ 2012-ին, Քիւրտիստանի կառավարութիւնը (KRG) ու Թուրքիա ստորագրեցին համաձայնագիր մը կառուցանելու համար քարիւղատար խողովակաշար, իրաքեան Քիւրտիստանէն մինչեւ Միջերկրական ծով։ 2018-ին, օրական շուրջ 400,000 տակառ քարիւղ կը հանէր Թուրքիոյ Ճիհանի նաւահանգիստը։ Անքարա, այս ձեւով, քրտական իշխանութեան զօրազման կը նպաստէր։ Ժամանակ մը, KRG-ի իշխանութեան նախագահ Մասուտ Պարազանիի համակիր քիւրտերը Թուրքիոյ մէջ, ընտրութեանց ատեն, Էրտողանի կուսակցութեան ի նպաստ սկսան քուէարկել։ Փոխադարձաբար, Էրտողան խաղաղարար ընթացք մը որդեգրեց PKK-ի հանդէպ։
2014-ին Օպամայի վարչակարգը անգիտակցաբար (*) – (դարձեալ տեսնել էջատակի կատարուած մատնանշումը) քրտական շարժումին կեցուածքը փոխեց. արդարեւ, ISIS-ը կլանած էր Սուրիոյ եւ Իրաքի հիւսիս-արեւմտեան շրջանները, Մուսուլ մեծ քաղաքը ներառեալ։ Մ. Նահանգներ, արգելք հանդիսանալու համար Սուրիոյ մէջ Քոպանի քաղաքի գրաւումին, ISIS-ի դիրքերը ենթարկեց սաստիկ ռմբակոծումներու։ Էրտողան կատաղի բողոքներ բարձրացուց, քանի նման միջամտութեամբ Ամերիկա ուղղակիօրէն սատարած կ՚ըլլար YPG-ին, որ իր կարգին մօտէն կապուած էր Թուրքիոյ մէջ PKK-ին շարժումին։ Քոպանիի յաջող ճակատամարտը վճռեց ISIS-ի դէմ պայքարի ընթացքը։
Թուրքիոյ վախը ա՛յն է, որ երկրորդ քրտական շրջանային իշխանութիւն մը կրնայ կազմուիլ երկրին մէջ գտնուող քիւրտերուն տալով ինքնավարութեան իրաւունքներ։ 2014-ին, Թուրքիա հրաժարեցաւ այլեւս PKK-ի հետ բանակցելէ, ու դիմեց ճակատային բախումի Թուրքիոյ ու Սուրիոյ քիւրտերուն դէմ, իր երկրին մէջ ձերբակալելով մեծ թիւով քիւրտ քաղաքագէտներ ու պայքարողներ։
Եթէ Ամերիկա անզգուշօրէն (inadvertently) խանգարեց թուրք-քիւրտ փոխյարաբերութիւնները, Իրաքի ու Սուրիոյ մէջ Ամերիկայի որդեգրած քաղաքականութիւնը, սակայն, քիւրտերուն ապահովեց միջազգային օրինականութիւն։ Այսպէս, Ֆրանսա, Անգլիա ու Մ. Նահանգներ դիւանագիտական ճանաչում ընծայեցին Քրտական Շրջանային Կառավարութեան, միաժամանակ օժանդակելով տնտեսականօրէն եւ այլապէս։ Զուգահեռաբար, սուրիական քիւրտերն ալ իրենց վարկը բարձրացուցած եղան ISIS-ի դէմ իրենց պայքարին շնորհիւ։
Այս ճանաչումը չեկաւ միայն արեւմտեան երկիրներուն կողմէ։ Ռուսական Դաշնութիւնն ալ, 2017-ին, Ասթանայի եռակողմ գագաթի ժողովին(**) առաջարկած էր նախագիծ մը սուրիական նոր սահմանադրութեան, ուր «արաբ» անունը կը վերացուէր, միաժամանակ ստեղծելու «մշակութային ինքնավար» շրջան մը, երկրին հիւսիսային շրջանին մէջ, ուր տեղւոյն քիւրտերը պիտի կարենային ուսուցանել քրտերէն եւ արաբերէն։ Բնականաբար, Դամասկոս մերժած է սոյն առաջարկը, եւ ապահով ալ չէ որ նման զիջում մը պիտի շնորհուի քիւրտերուն։
Հակառակ քրտական անստոյգ գոյավիճակին, դուրսի երկիրները սկսած են ճանաչում տալ քրտական ինքնավարութեան շարժումին։
(*) Մասնագէտ յօդուածագիր քաղաքական այս մեկնաբանը, չէր կրնար այսքան աւելի կեղծաւոր երկու հաստատումներ կատարել, 2003-ին եւ 2014-ին Ամերիկայի կատարած զինուորական միջամտութեանց մասին, ի նպաստ քիւրտերուն։
Քաղաքականութեան մէջ, ամէն մէկ բառը կամ քայլը կ՚առնուի, մանրամասնօրէն ուսումնասիրուած, հաշուենկատ դիտաւորութեամբ, մանաւանդ մեծ եւ հզօր երկրի մը կողմէ։ Այնպէս, որ Մ. Նահանգներ, ամենայն գիտակցութեամբ (եւ ոչ թէ պատահականօրէն), օգնած է քրտական ազգայնականութեան ծաւալումին։
(**) ՄԱԿ-ի մէջ ալ առաջարկեց նոյն նախագիծը սուրիական Սահմանադրութեան։
Թարգմ. ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ
(Շար. 2)
«Foreign Affairs», Մարտ-Ապրիլ 2019