«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Սթամպուլի դատարանը «Ակօս» պարբերականի երջանկայիշատակ խմբագիր Հրանդ Տինքի գործով Մարտ 14-ին որոշում կայացուցած է երկու կասկածեալները պայմանական ազատ արձակելու: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին կը յայտնէ թրքական «Անատոլու» գործակալութիւնը:
Սթամպուլի ոստիկանութեան հետախուզական բաժնի ղեկավար Մուհարեմ Տեմիրքալեն եւ «Fox TV» հեռուստաընկերութեան լրատուական բաժնի տնօրէն Էրճան Կիւնը պայմանական ազատ արձակուած են: Անոնց նկատմամբ երկրէն դուրս գալու արգելք դրուած է:
Տինքի ընտանիքի փաստաբաններուն պահանջով յաջորդ դատական նիստին պիտի հարցաքննուի Սթամպուլի նախկին նահանգապետ Մուամեր Կիւլերը:
Տինքի սպանութեան գործով յաջորդ դատական նիստը տեղի կ’ունենայ Յունիս 11 – 13: