«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Սուրիոյ շուրջ 40 հազար քաղաքացիներ, որոնք զինուած անօրինական կազմաւորումներու անդամներ եղած են, համաներում ստացած են կառավարութենէն: Այս տուեալները տեղ գտած են Ազգային հաշտութեան կազմակերպութեան տնօրէն Եան Հատուրի ներկայացուցած զեկոյցին մէջ, կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը:
«Պատկան մարմիններուն հետ կազմակերպութեան գործակցութեան շնորհիւ արդէն շուրջ 40 հազար հոգի, որ մասնակցած է սուրիական պետութեան դէմ զէնք օգտագործելուն, կարգաւորած է իր կարգավիճակը եւ պարտաւորուած է չվերադառնալ զինուած անօրինական կազմաւորումներուն»,- յայտնած է Հատուրը, հաղորդած է «ՌԻԱ նովոսթի»-ն: