Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

Հ. Բ. Ը. Միութիւնը Կը Գնահատէ ու Կը Պատուէ Ուսուցիչները

«Ուսուցիչներու Օր»ուան առթիւ

Սփիւռքահայ դպրոցներուն մեծ մասը կը դիմագրաւէ բազում դժուարութիւններ, որոնց մէջ ամենէն մտահոգիչը վարկային ու պիւտճէական անբաւարարութիւններն են:

Պատասխանատուներ կը ճգնին յաղթահարել նիւթական տագնապները, զանազան միջոցներով  եկամուտներ ապահովելով, համոզուած ըլլալով, որ հայ դպրոցը չի կրնար խամրիլ, հայ աշակերտը պէտք չէ զրկուի ուսումէ ու տոհմիկ կրթութենէ:

Իսկ ամենէն կարեւորը՝ պատասխանատուներ կը գիտակցին, որ հայ վարժարանին սիւնը ուսուցիչն է, լուսաւոր փարոսն է ան, իր գիտութեամբ ու տեսիլքով, ուսուցմամբ ու զարգացումով, հայ նոր սերունդին տալով գիտելիքային սնունդ ու հայեցիական լիցք:

Գիտակցուած է ուսուցիչներուն վերապահուած կամ նշանակուած տօնի մը ընդհանրացումը, նոյնիսկ՝ միջազգայնացումը՝ որովհետեւ բոլոր ժողովուրդները ոչ միայն կը հաւատան անոր առաքելութեան անփոխարինելիութեան, այլեւ՝ կը վստահին անոր կատարելիք վսեմ գործին:

Լիբանանի մէջ ալ ուսուցիչը ի պատուի է, ամէն տարի նշելով անոր դերակատարութիւնը, յատուկ օր մը նշանակելով, պետական մակարդակով, ուսուցիչը մեծարելու և յարգելու օրինաչափութիւններով:

Լիբանանահայ վարժարանները, որոնք մաս կը կազմեն լիբանանեան կրթական ցանցին, իրենց յատուկ տնօրինումներով ու ձեւաչափութիւններով, միշտ կը պատրաստուին այդ տօնին նշման, ներդպրոցական ձեռնարկներով, երբեմն ալ, արտադպրոցական հաւաքոյթներով, ուսուցիչը նկատելով նախամեծարութեան արժանի խորհրդանիշ:

Հ.Բ.Ը. Միութիւնը շարունակելով իր օրինակելի աւանդութիւնը, պատուելու իր ուսուցիչ-ուսուցչուհիները, 7 Մարտ 2019ին, «Պաչիկ» հայկական ճաշարանին մէջ սարքած էր ճաշկերոյթ մը, նշելու «Ուսուցչաց տօն»ը, որուն ներկայ գտնուեցան՝ Միութեան Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենադպրուհի՝ Տիկ. Սիլվա Լիպարիտեան, Շրջանակային Յանձնաժողովի անդամ եւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Կրթական Յանձնախումբի ատենապետուհի՝ Տիկ. Արտա Եանըքեան, Կրթական Յանձնախումբի անդամներ՝ Տիկ. Սինթիա Մենտիլեան եւ Պրն. Մայք Կիրիթլեան, Հ.Բ.Ը.Մ.ի և Հ.Ե.Ը.ի Կեդրոնական գրասենեակներու պաշտօնէութիւն և, անշուշտ, ուսուցչակազմ, որոնք եկած էին այս իւրայատուկ օրուան ըմբոշխնումը վայելելու:

Պրն. Մայք Կիրիթլեան, յանուն Կրթական Յանձնախումբին, հայերէն և արաբերէն լեզուներով, բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ, ողջունեց ուսուցիչներուն տօնը ու բարեմաղթութիւններ ըրաւ անոնց ուսումնական ծրագիրներուն ու գործունէութեանց յաջողութեանց, միաժամանակ հպարտութեամբ յիշելով իր շրջանաւարտութիւնը Միութեան Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանէն, իսկ իր զաւակներուն յաճախելիութիւնը՝ Միութեան վարժարաններէն ներս:

Ուսուցիչ Պրն. Ռաֆֆի Տէր Առաքելեանի դաշնամուրային մեղեդիական հաճելի ունկնդրութեան ու անոր պարգեւած վայելքին ընդմէջէն, համադամ ճաշերը, մտերմիկ զրոյցները ու խանդավառ մթնոլորտը պատած էին բոլորը, յատկապէս ուսուցիչները, որոնք իրենց ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը յայտնելու բազմաթիւ առիթներ ունեցան, շնորհակալական զգացումներով և երախտագիտական ոգիով:

Տնօրէն Պրն. Արա Վասիլեան, շնրհաւորեց բոլոր ուսուցիչները, իրենց վաստակով, հոգատարութեամբ և նուիրածութեամբ, հայ դպրոցը կենդանի պահելու, հայ աշակերտը կրթելու առաջադրութիւններով, որոնց արդիւնքները միշտ ալ զգալի ու շօշափելի են, ինչպէս երէկ, նաեւ՝ այսօր, կենդանի օրինակ բերելով, մէկ օր առաջ, ատենամարզանքի պահուն, հայ ուսուցիչներու նուիրուած մեծարման հոյակապ առիթը,  շնորհալի աշակերտութեան կատարումները, մատուցումներն ու արտայայտութիւնները: 

Պրն. Վասիլեան, ընդգծեց Միութեան հոգատար վերաբերմունքին շնորհաբերութիւնը, զօրավիգ կանգնելու հայ դպրոցին, հայ ուսուցիչին և հայ աշակերտին, յանուն նոր սերունդերու դաստիարակութեան կազմաւորումին, բարգաւաճումին և յառաջդիմութեան:

Մինչ ջերմ մթնոլորտը կը շարունակուէր, ուսուցչուհիներէն ոմանք, ինչպէս երէկուան իրենց աշակերտները, իրենց շնորհները ցոյց տուին, հայերէն, արաբերէն և անգլերէն երգերով, տրամադրութիւնները աւելի բարձրացնելով:

Այնուհետեւ, իւրաքանչիւր ուսուցիչ-ուսուցչուհի, անկախաբար սեղանին վրայ իրեն յատկացուած խորհրդանշական նուէրէն, արժանացաւ վիճակահանութեան արժէքաւոր յուշանուէրներու:

Ուսուցիչներուն նուիրուած յիշատակելի և ոգեկոչելի պահը հասած էր իր աւարտին, բայց այն վերանորոգութեամբ ու վճռականութեամբ, որ երթը կը շարունակուի, շնորհիւ ուսուցիչներուն գիտակցական-դաստիարակչական սեւեռումին ու Միութեան ղեկավարութեան համոզչական սկզբունքներուն և յանձնառութիւններուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին