Սփիւռքեան ցաւեր
ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- 1967-ին Սուրիոյ 57 հայկական վարժարանները ունէին 924 ուսուցիչ, որմէ 356-ը՝ ոչ հայ: Շատ բնական: Սփիւռքի մեր դպրոցներուն մէջ տուեալ երկրի ոչ հայ քաղաքացիները մեր կրթական աշխատանքին մասնակից են: Ատիկա կենսական անհրաժեշտութիւն մըն է:
Բայց… զգո՛յշ: Ահա, փակ դասարաններու պարագային հայ դաստիարակ գտնելու դժուարութիւն կ’ունենայ տնօրէնը, եւ ստիպուած՝ այդ պաշտօնը կը վստահի ոչ հայ ուսուցիչի՝ անդրադառնալով հանդերձ, որ ատիկա բացասական ազդեցութիւն պիտի ունենայ դպրոցի հիմնական առաքելութեան վրայ, որովհետեւ դաստիարակը ունի հայերէնախօսութեան եւ հայեցի դաստիարակութեան լրջագոյն առաքելութիւն:
Շատ անգամ մենք որոշ դասանիւթերու ուսուցիչները կամ վարչական բաժնի աշխատակիցները նշանակելու ատեն արագ կը վարուինք: Այդպիսին են մարզանքի, երաժշտութեան ու ձեռային արուեստներու կամ գծագրութեան դասանիւթերը, որոնք կրթական ծրագիրին մաս կազմելով հանդերձ, ազատ հնարաւորութիւններ կ’ընձեռեն ուսուցիչին՝ կենդանի հայերէնախօսութեան ու հայեցի դաստիարակութեան համար: Մարզանքի պահերը հրաշալի առիթներ են ընդհանուրի կողքին հայկական տոհմիկ խաղեր սորվելու, մարզիկներ ճանչնալու, մարզական բառամթերք հարստացնելու, հայ պարբերականներու (կայքերու) մարզական էջերուն ծանօթանալու, համապատասխան պատի թերթեր պատրաստելու համար, մարդակազմութեան վերաբերեալ հիմնական բառամթերք իւրացնելու: Օրինակ՝ եթէ մեր դպրոցներու միջդասարանային ֆութպոլի (ոտնագնդակը դաշտէն դուրս շպրտեցինք) մրցումներուն պիտի չարտասանուին խաղադաշտ, բերդ, միջնապահ, յետսապահ, յարձակող, տուգանային հարուած, անկիւնային հարուած, իրաւարար բառերը, ապա անոնք ո՞ւր պիտի սորվի աշակերտը: Պատկերացուցէք, որ նկարչութեան ուսուցիչը օտար է կամ հայերէն չի գիտեր: Աշակերտներուն կը ներկայացնէ մզկիթի մը պատկերը եւ կը թելադրէ կրկնօրինակել. շատ լաւ. բայց աշակերտը ե՞րբ պիտի ճանչնայ հայկական եկեղեցական ճարտարապետութեան բառամթերքը՝ գմբէթը, գաւիթը, դասը, խորանը, աւանդատունը, զանգակատունը, բայց մեր աշակերտները ո՞ւր պիտի սորվին դիմանկար, ինքնանկար, բնանկար, կիսանդրի, իւղաներկ, ջրաներկ, երանգապանակ, մատիտանկար, ճեխանկար եւ բազում ուրիշ բառեր: Նոյնիսկ դպրոցի քարտուղարը, որ հայերէնով կը դիմէ աշակերտներուն, բայց իր մարզի բոլոր անունները կու տայ արաբերէն, սպաներէն, անգլերէն. ըսէք խնդրեմ, մեր աշակերտը ո՞ւր պիտի իւրացնէ անձնագիր, անցագիր, պատճէն, մկրտութեան վկայագիր, ծննդեան հաստատագիր, ընտանեկան տետրակ, աշակերտի թղթապանակ եւ նման բառերը:
Ինքնութեան գիտակցութիւնը ինքնըստինքեան չի գար: Այս նիւթերու ուսուցիչներու կամ տուեալ պաշտօնեայի ընտրութեան մէջ երբեք բծախնդիր չենք, չենք եղած բնաւ: Ինք՝ ուսուցիչը ոչինչ գիտէ իր մարզի հայկական իրականութեան մասին կամ ինք հայ չէ: Այդ պարագային այդ բառացանկերը մեռած բառացանկեր են ու անգործածելի:
Այդպիսին է նաեւ համակարգիչի դասապահը, շաբաթը մէկ կամ երկու պահով: Տեսական այդ չնչին ծրագրին արդէն ծանօթ են մեր աշակերտները ինքնաբեր կերպով: Ի՞նչ կը մնայ ընել: Այդ դասապահերուն ամէնէն կարեւոր աշխատանքներէն մէկը պէտք է ըլլայ հայերէնով մտածել տալ համակարգիչը, հայերէնով նամակ գրել ու մտնել համացանցին մէջ, հայերէնով հաղորդակցիլ, հայկական կայքերու ընդմէջէն մեր իրականութիւնը ճանչնալու վարժութիւն ձեռք բերել:
Հայ դպրոցը միայն հայերէնի ուսուցիչը չէ, մենք ենք՝ մեր հայ ինքնութիւնը մեր աշակերտներուն մէջ տեսնելով ուրախացող իւրաքանչիւր ուսուցիչ կամ պաշտօնեայ, որ գիտէ, թէ ինք հայկական վարժարան մտնելով բոլորովին ուրիշ տիպար մըն է ու աւելի գեղեցիկ ու վեհ պարտականութիւն ունի: Ինք մասնակից է այս ձագերուն շրթունքին վրայ հայոց լեզուի վերընձիւղման հրաշագործութեան:
Այլապէս՝ մեր դպրոցը իմաստազուրկ կը դառնայ:
***
1996-ին Պոսթըն էի կարճատեւ այցելութեան մը բերումով: Ուզեցի տեսնել Համաստեղի գերեզմանը: Ոչ ոք կրցաւ օգտակար ըլլալ: Ոմանք գիտէին այսինչ կամ այնինչ յեղափոխական ու կուսակցական գործիչին գերեզմանը, բայց հայ գրողինը՝ ոչ: Սկսայ կասկածիլ ենթադրութեանս վրայ: Երկու գերեզմանատուն ծայրէ ծայր շրջեցայ: Ճարահատ՝ ծաղիկները դրի գերեզմանատան մատռան մէջ ու իջայ քաղաք: Մտայ Ազգային վարժարանի շրջափակէն ներս, եւ ո՜վ զարմանք, դիմացի շէնքի ճակատին գրուած էր Համաստեղի անուան գրադարան:
Մտայ, տեսայ, դուրս ելայ ու գրեցի այսպիսի աւարտ ունեցող գրութիւն մը.
– Անբացատրելի հրճուանքով մը ցատկեցի աստիճաններէն ու ներս մտայ: Ասիկա անսպասելի հանդիպում մըն էր, որ կրնար նաեւ զիս տանիլ Համաստեղի գերեզմանին: Խումբ մը աշակերտներ խռնուեր էին սեղանի մը առջեւ, որուն ետին կեցող միջին տարիքի մարդը անպայման գրադարանավարն էր: Բարեւեցի հայերէն ու յայտնեցի, թէ Ամերիկայի մէջ Համաստեղի անուան գրադարան մը, դպրոցակա՛ն գրադարան, այցելելէ աւելի մեծ հրճուանք չէի կրնար ունենալ: Ըսի, բայց շուտով անդրադարձայ, որ մարդը հայերէն չէր հասկնար: Խանդավառութիւնս սառեցաւ, բայց պէտք է զրոյցը շարունակելու կերպը գիտնայի: Ու աշակերտներուն դիմելով հարցուցի, թէ գրադարան եկած են արդեօք հայերէ՞ն գիրք առնելու: Ո՛չ, հայերէն գիրք չէին ուզեր: Գրադարանավարը այդքանը հասկցաւ կ’երեւի, որ ձեռքով ցոյց տալով հայերէն ընդարձակ բաժինը, յայտնեց թէ հայերէն գիրք պահանջող չկայ: Ըսի՝ լաւ, աշակերտները արդեօք գիտե՞ն, թէ ո՞վ է Համաստեղը, կարդացա՞ծ են անոր «Չալոն»… «Նապաստակի մը օրագիրը»… «Միջոն»… Ո՛չ, չէին ճանչնար, չէին կարդացած…:
Ինքը՝ գրադարանավարն ալ, յայտնեց, որ բնաւ չէ լսած այդ մարդուն անունը:
Հայ գրողի մը ճակատագրին համար ես երբեք այդքան չէի ցաւած՝ որքան այդ օրը:
Հայ գրականութեան համար ալ:
Բայց մա՛նաւանդ հայկական վարժարանին համար:
Աստիճաններէն վար իջնելու պահուն ակնարկս անգամ մըն ալ դարձուցի Համաստեղի անուան գրադարանի ցուցանակին, որ ինծի համար Համաստեղի տապանաքարը եղաւ: Անոր ետին, դարակներու մէջ, կը հանգչէին այդ մարդուն ու շատ ու շատ գրիչներու աճիւնները, որոնք արդէն մեզի պէտք չէին:
Ես Համաստեղի գերեզմանը գտայ: