Կիրակի, 16. 02. 2025

spot_img

Հարիրի Միջազգային Հանրութենէն Կը Խնդրէ 2.6 Միլիառ Տոլարի Օժանդակութիւն Տրամադրել՝ Ի Նպաստ Սուրիացի Գաղթականներու Տունդարձի Ծրագիրին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի Հանրապետութեան վարչապետ Սաատ Հարիրի Սուրիոյ եւ տարածաշրջանի ապագային շուրջ Եւրամիութեան կազմակերպած պրիւքսելեան 3-րդ խորհրդաժողովի բացման նիստին միջազգային հանրութենէն խնդրեց 2,6 միլիառ տոլարի օժանդակութիւն տրամադրել՝ ի նպաստ Լիբանան հաստատուած աւելի քան մէկ միլիոն սուրիացի գաղթականներու տունդարձի երկարաժամկէտ ծրագիրին:
«Մենք պէտք է ապահովենք համապատասխան ֆինանսաւորումը Լիբանանի ծրագիրին՝ միտուած առկայ ճգնաժամի հանգուցալուծումին: Այս պատճառով մենք միջազգային հանրութենէն կը խնդրենք 2,6 միլիառ տոլարի օժանդակութիւն յատկացնել, որովհետեւ վերջինս ըստ ամենայնի պիտի երաշխաւորէ այս ուղղութեամբ նախագծուած ծրագիրներու կայունութիւնը եւ հեզասահ ընթացքը»,- բացման նիստին շեշտեց Հարիրի:
«Առկայ ճգնաժամի միակ լուծումը կը յենի գաղթականներու՝ միջազգային օրէնքներուն եւ պայմանագիրերուն համահունչ տունդարձին վրայ»,- մասնաւորաբար նշեց Հանրապետութեան վարչապետը:
Միաժամանակ ան կոչ ըրաւ միջազգային հանրութեան՝ ճնշում գործադրելու Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ Պաշշար Ասատի վրայ՝ սուրիացի գաղթականներու վերադարձը թոյլատրելու ուղղութեամբ:
«Յոյսով եմ, որ կարիք պիտի չմնայ Պրիւքսելի 4-րդ կամ 5-րդ խորհրդաժողովին»,- լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսաւ Հարիրի: Ան աւելցուց, որ Սուրիոյ վարչակարգին վրայ այս հարցի գծով ճնշում բանեցնելու առումով ակնառու դերակատարութիւն պէտք է ունենան նոյնինքն վարչակարգի դաշնակից պետութիւնները»:
Հարիրի նկատել տուաւ նաեւ Սուրիոյ տարածքէն դուրս 10 մլն գաղթական գտնուելու անբնականութիւնը:
«Արդեօք հաւանակա՞ն է Սուրիոյ՝ Արաբական պետութիւններու լիկային անդամակցութեան վերականգնումը» հարցին ի պատասխան Հարիրի ըսաւ, որ այդ մէկը միջազգային մարմինի որոշումն է, եւ Լիբանանը պիտի համակերպի ընդունուած որոշումին:   

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին