«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հրաժեշտի հանդիպում ունեցած է նախօրէին երկօրեայ պաշտոնական այցով Հայաստան ժամանած՝ Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի հետ:
ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ առանձնազրոյցի ընթացքին երկու երկիրներու նախագահները, ամփոփելով այցի արդիւնքները, համակարծիք եղած են, որ Հայաստանն ու Վրաստանը ունին ընդհանուր բաւականաչափ հետաքրքրութիւններ, գործակցութեան մեծ ներուժ, ինչպէս նաեւ հայ-վրացական բարեկամութիւնը մշտապէս ամրապնդելու մեծ ցանկութիւն:
Առանձնազրոյցէն ետք Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է Վրաստանի նախագահի եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութեան հրաժեշտի հանդիսաւոր արարողութիւնը: