«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՀ փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան Մարտ 14-ին ընդունած է Համաշխարհային դրամատան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ տարածաշրջանի փոխնախագահ Սիրիլ Միւլլերի գլխաւորած պատուիրակութեան:
Ինչպէս կը տեղեկացնեն ՀՀ փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի գրասենեակէն, փոխվարչապետ Աւինեան նշած է, որ այցը լաւ հնարաւորութիւն կ’ընձեռնէ քննարկելու Համաշխարհային դրամատան հետ գործընկերութեան ծիրէն ներս իրականացուող ընթացիկ ծրագիրները եւ գործակցութեան խորացումի հնարաւորութիւնները: Փոխվարչապետը կարեւորած է դրամատան հետ գործակցութիւնը յատկապէս արտահանումի խթանումի ու մրցունակութեան, բնապահպանութեան ու հանքային պաշարներու կառավարումի ուղղութիւններով:
Սիրիլ Միւլլերը նշած է, որ այժմ աշխարհին մէջ զգալի հետաքրքրութիւն կայ Հայաստանի եւ երկրին մէջ ընթացող բարեփոխումներու գործընթացին նկատմամբ ու ՀԴ-ն պատրաստակամ է աջակցելու կառավարութեան յաւակնոտ օրակարգը կեանքի կոչելու:
Տիգրան Աւինեան եւ Սիրիլ Միւլլերը կարեւորած են, որ ՀԴ «Երկրի գործընկերութեան շրջանակ»-ի առաջնահերթութիւնները համահունչ են կառավարութեան ծրագիրին հետ, յատկապէս ներառական տնտեսական աճը խթանելու առումով:
Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստանի մէջ գործարար միջավայրի բարելաւումի խնդիրները, ինչը, Տիգրան Աւինեանի խօսքով, կառավարութեան համար առաջնահերթութիւն է, եւ գործուն քայլեր պիտի իրականացուին Համաշխարհային դրամատան «Գործարարութիւն» (Doing Business) զեկոյցին մէջ ՀՀ դիրքի բարելաւումին համար:
Այնուհետեւ անդրադարձ եղած է բարձր արհեստագիտութիւններու եւ գիտակրթական ոլորտներու մէջ իրականացուող ծրագիրներուն եւ նոր նախաձեռնութիւններու հեռանկարներուն: Այս թեմայի լոյսին ներքոյ քննարկուած են համալսարանէն աշխատաշուկայ անցնելու խնդիրները եւ կրթութեան ոլորտին մէջ բնական գիտութիւններու ուսուցումը ամրապնդելու հնարաւորութիւնները: