Կիրակի, 16. 02. 2025

spot_img

Կառավարութիւնը Կը Նախատեսէ Շարք Մը Բարեփոխումներ Իրականացնել Կենսաթոշակային Ոլորտին Մէջ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Տեղի ունեցած է ՀՀ կառավարութեան հերթական նիստը, որ վարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ կառավարութիւնը լրացումներ եւ փոփոխութիւններ կատարած է 2011-ի Մայիս 5-ի ««Պետական կենսաթոշակներու մասին» ՀՀ օրէնքի կիրարկումը ապահովելու մասին» համապատասխան որոշումին մէջ: Մասնաւորապէս, անհատ ձեռնարկատիրոջ, նոտարի կենսաթոշակի իրաւունքի իւրացումին առնչուող դրոյթներուն մէջ 2018-ի Յունուար 1-էն ետք ինկած ժամանակահատուածին համար եկամտային հարկը փոխարինուած է շահութահարկով: Սահմանուած են ՀՀ պաշտպանութեան մարտական գործողութիւններուն մասնակցելու կամ մարտական հերթապահութիւն կամ յատուկ յառաջադրանք կատարելու, կամ ծառայողական պարտականութիւնները կատարելու ժամանակ ստացած վնասուածքի կամ խեղումի պատճառով (պատճառական կապով) հաշմանդամ ճանչցուած անձին կենսաթոշակ նշանակելու կամ չվճարուած կենսաթոշակի գումարը վճարելու կարգ: Սահմանուած է, որ եթէ հաշմանդամ ճանչցուած անձը կը բուժուի օտարերկրեայ պետութեան հիւանդանոցային պայմաններուն մէջ, ապա կենսաթոշակ նշանակելու անոր գրաւոր դիմումը եւ անհրաժեշտ փաստաթուղթերը կրնայ ներկայացնել նաեւ այլ անձ մը: Յստակացուած է նաեւ, որ ՀՀ քաղաքացիի` միջազգային կազմակերպութեան մէջ աշխատանքային յարաբերութիւններու մէջ գտնուելու ժամանակահատուածները կը հաշուարկուին որպէս աշխատանքային ժամանակ, եթէ օրէնքով սահմանուած պարագային անոր համար կենսաթոշակային վճար կատարուած է ՀՀ պետական պիւտճէ:  Սահմանուած է նաեւ, որ կենսաթոշակը վերահաշուարկելու համար դիմելու ժամանակ կենսաթոշակառուն կը ներկայացնէ միայն աշխատած ժամանակահատուածը որպէս աշխատանքային ժամանակ հաշուարկելու դիմում. վերացուած է աշխատած ըլլալու մասին տեղեկանք ներկայացնելու պահանջը: Պիտի դադրի նաեւ հինգ տարի անընդմէջ կենսաթոշակ չվճարուելու պարագային կենսաթոշակ ստանալու իրաւունքը, իսկ մանկատունը ապրող երեխան որդեգրելու պարագային մանկատունի ապրած ամբողջ ժամանակահատուածին կուտակուած կենսաթոշակի գումարը կը վճարուի որդեգրողին:

Նիկոլ Փաշինեան կարեւորած է ոլորտին մէջ նախատեսուող կարգաւորումները եւ յանձնարարած նախատեսուող փոփոխութիւններուն վերաբերեալ իրականացնել պատշաճ  լուսաբանում, որպէսզի քաղաքացիները ստեղծուած հնարաւորութիւններուն մասին տեղեկութիւն ստանան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին