Կիրակի, 16. 02. 2025

spot_img

Գանգատնե՜ր, գանգատներ. Թիւ 6

ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

 

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Գանգատներու շարանը կրնայ շատ երկարիլ, եթէ շարունակենք գանգատիլ որեւէ առիթի, խօսքի կամ պատահարի մասին:

Սակայն, երբ չես կրնար համակերպիլ կամ փոխել եւ այլեւս գանգատներդ զզուելի կը դառնան, անհրաժեշտ է… լռել ու համակերպիլ, կամ՝ հեռանալ:

Այս վերջին գանգատով կը փափաքինք անդրադառնալ երկրին տնտեսութեան մասին, անոր տնտեսական դրամատիրական մրցակցական դրութիւնը խախտող ստեղծուած կացութեան մասին, մեր աչքերուն դիմաց պատահած փոփոխութիւններուն մասին, որոնց կը համակերպի այս ժողովուրդը առանց անդրադառնալու, թէ ա՛յդ արագընթաց գահավիժում է արդէն կեանքի մակարդակին, ստեղծելով դասակարգային անհաւասարութիւն եւ ապա… մէկ կողմէ, ահաւոր հարստութիւն, իսկ միւս կողմէ, աղքատութիւն ու չքաւորութիւն:

Տնտեսութեան մը դրամատիրական համակարգին մէջ, երբ մրցակցութիւնը կը չէզոքանայ, այն ատեն այդ համակարգը կը դադրի դրամատիրականութենէ, դառնալով մենաշնորհեալ համակարգ:

***

Այսօր:

Միացեալ Նահանգներու ներկայ նախագահ՝ Տանըլտ Թրամփ որպէս աջակողմեան, դեմոկրատ ծերակուտական Պըրնի Սէնտըրզ` ձախակողմեան, կը պայքարին տնտեսական կարգավիճակի մը վրայ, որ կը տանի տնտեսական գահավէժ եւ արագընթաց անհաւասարութեան:

Միացեալ Նահանգներու տնտեսական դրամատիրական համակարգը, շեղելով իր դասական հունէն, անցեալի 2-3 տասնամեակներու ընթացքին, գործնականօրէն նախագահ Ռանըլտ Ռիկընի օրերէն սկսուած ծրագիր մը, որ շատ հաւանականօրէն իրմէ առաջ արդէն կը մշակուէր այլ նախագահներու իշխանութեան օրով, ծրագիր մը, որ սկսաւ միտումնաւոր եւ շահագործական նպատակներով կորսնցնել կամ՝ չէզոքացնել տալ դրամատիրական համակարգի մէջ մրցակցութեան տիպարը, որը ձեռնտու պիտի դառնար մեծ ընկերութիւններու տիրակալութեան եւ տեղի պիտի տար մենաշնորհութիւններու: Նախագահ Ռանըլտ Ռիկըն, իր իշխանութեան ժամանակ էր որ թոյլ տուաւ միարկութեան (mergers) դիւրութիւններ, գլխաւոր եւ մեծ ընկերութիւններու, որոնք սկսան տիրանալ փոքր եւ տկար ընկերութիւններու, առաւել հզօրանալով, տիրանալով եւ իրենց հակակշիռին տակ առնելով տնտեսական շուկային պահանջքը: Այս փոփոխութիւնը մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ ժողովուրդին կեանքի ընթացքին վրայ հետեւեալ տուեալներով:

Օրինակ՝ այսօր,

– Այս երկրի գարեջուրին 90 տոկոսը կը վաճառուի երկու գլխաւոր ընկերութիւններու կողմէ:

– Չորս ընկերութիւններ կը տիրապետեն բոլոր օդանաւային ճամորդութիւններու միջոցներու համակարգին:

– Հինգ  դրամատուներ կը տիրապետեն երկրի 50 տոկոսին նիւթական պահեստին եւ կը ղեկավարեն անոնց  գործունէութիւնները:

– Կուկըլի (Google) հակակշիռին տակ է համացանցի տեղեկատուութեան 90 տոկոսը: Այսինքն, այն ինչ որ Կուկըլ մեզի կը հրամցնէ, կ՚ընդունինք առանց հարցի եւ տարակուսանքի՝ որպէս իրականութիւն:

– Facebook (դիմատետր) կը հակակշռէ ընկերային համացանցի եւ մարդոց անհատական տեղեկութիւններուն 70 տոկոսը (յաճախ անոնք գործածուելու թեր ու դէմ պարագաներու տակ):

– Տնտեսական մրցակցութիւնը արագընթաց կ՚անհետանայ Միացեալ Նահանգներու մէջ:

Ժողովուրդը կը տուայտի խաբկանքներու մէջ, սկսեալ մարդկային ծննդեան հաստատութիւններէն մինչեւ մահուան եւ թաղման հաստատութիւնները: Առաջադրուած եւ յայտարարուած ընտրութիւնները նոյիսկ խաբուսիկ են, որովետեւ անոնք կը պատկանին նոյն գլխաւոր հաստատութիւններուն, որոնք մաս կը կազմեն Industry Concentration կոչուած գլխաւոր խումբին:

Ըստ Ռայս համալսարանի փրոֆեսոր Կուսթավօ Կրուլոնի ուսումնասիրութեան, վերջին 20 տարիներուն, ընկերութիւններու խտացումը եւ կեդրոնացումը տարածուած է համայն մարզերու մէջ, ներառելով՝ երիկամունքներու մաքրազտումի, աչքի ակնոցներու, դեղորայքի, հիւանդանոցներու, ապահովագրական ընկերութիւններու, բոլոր տեսակի արտադրութիւններու, երկրագործական բերքի եւ այլ զանազան տնտեսական մարզերու մէջ: Այսօր կ՚ապրինք «ոսկեզօծեալ» ժամանակաշրջան մը (հասարակ ժողովուրդին համար չէ ասիկա անշուշտ), որ ստեղծուեցաւ Ռանըլտ Ռիկընի օրով, երբ ան 1980 թուականին թուլցուց հաստատութիւններու միացման (միարկութեան) սահմանափակումները:

Այդ օրուընէ սկսեալ, այնքան արագ, զանգուածային միարկումներու սկսան Apple, Amazon, Google, Facebook, Microsoft եւ այլ տիտաններ, որոնք ձեռք ձգեցին աւելի քան 500 հաստատութիւններ:

Federal Trade Commission եւ Justice Department պետական բաժանմունքները, որոնց պարտականութիւնն էր հսկել, արգիլել եւ կառավարել տնտեսական տիրակալական եւ մենաշնորհական ձգտումները, մեծապէս ձախողեցան հակամենաշնորհական եւ կառավարական օրէնքներով զսպելու եւ արգիլելու նման միարկումներ պարզապէս՝ որովհետեւ այդ հսկաները յաջողեցան օրէնքի լպրծուն պարբերութիւններու ընդմէջէն սողոսկիլ եւ իրականացնել իրենց նպատակները: Այդ օրէնքը կողմ էր միակ տուեալի, որն էր ժողովուրդի շահերու հետապնդումն ու սղաճի կանխարգիլումը:

Սակայն պատահեցաւ ճիշդ հակառակը: Սոյն ընկերութիւնները, իրենց բարեխիղճ, գթասիրտ եւ ժողովուրդին շահը փնտռող լոզունգներով (ապրանքեղէնի ցած գիներու առաջարկներով, ձրիօրէն մատուցուած ծառայութիւններով եւ այլ սին խոստումներով), ներկայացուցին իրենց դիմումները, որոնք գրկաբաց ընդունուեցան կառավարական այդ հաստատութիւններուն կողմէ: Իսկ ի՞նչ պատահեցաւ այն նոյն ապրանքին փոխարժէքին, որակին կամ յատկութեան, որ նախապէս կը վաճառուէր (օրինակ) մէկ տոլարի, առաջարկուած այդ ընկերութեան կողմէ՝ 50 սէնթի, եւ այժմ կը վաճառուի 2 տոլարի: Պատահա՞ծը, այդ ապրանքը ու նման տասնեակ հազարաւոր ապրանքներ մենարկութեան զոհ դարձան տեղի տալով սղաճի եւ կարգ մը գրպաններու պարարտացումին:

Հարցը կ՚արծարծուի, դժբախտաբար, (merger) մենարկութիւններէ կամ այսպիսի ընկերութիւններու միացումէն ետք, որովհետեւ՝ երբ մրցակցութիւնը կը չէզոքանայ դրամատիրական համակարգին մէջ, նորով գոյացած ընկերութիւններու ներկայութեան, նախկինին անկախ գործող ընկերութիւնները կը սկսին նսեմանալ, հիւծիլ եւ վերջ ի վերջոյ չքանալ, առիթ ընծայելով այս նոր ընկերութիւններուն տնտեսական հրապարակի տիրապետութեան եւ շուկայի գիներու թելադրանքի հրամայականին: Այսպիսով, առանց դոյզն իսկ զգացման, երկրին ժողովուրդը իր աշխատավարձէն մասնիկ մը եւս կը տրամադրէ այդ օլիկարխներուն եւ մենաշնորհեալներուն հարստացման արշաւին:

Եթէ հարց տանք թէ՝ ինչո՞ւ այսքան բարձր դասակարգային անհաւասարութիւն պէտք էր ստեղծուէր. պատասխանը այն է թէ՝ որովհետեւ այդ հարուստները այժմ տէր ու տիրական դարձած են կեանքի այն բոլոր ուղիներուն որոնց վրայով կամ միջով կը քալէ այս հասարակ ժողովուրդը եւ իր ապրուստը կ՚ապահովէ շատ սուղ վճարելով, կամայ թէ ակամայ, իրեն «հրամցուած ոսկեզօծ» եւ հրապուրիչ խոստումներուն եւ առաջադրումներուն: Որովհետեւ, մէկ այլ տեսակի ժողովուրդ այժմ չկայ:

Մարդկային դասակարգերու անհաւասարութիւնը հիւանդութիւն  կամ ախտ մը չէ՛, այլ պարզապէս երեւոյթ մը, կացութիւն մը, որ կրնայ ժամանակաւոր ըլլալ կամ մշտնջենական, եթէ առաջքը չառնուի, եւ այդ կարելի է յեղաշրջել: Իսկ միակ ախտը որ պատճառ կը դառնայ այս բոլորին, ատիկա «ճարտարարուեստի կեդրոնացումը, խտացումն» է (Industry Concentration): Տնտեսութեան դրամատիրական մարզին մէջ յստակ են միայարութեան (consolidation) հակասութիւնները ճարտարարուեստի կեդրոնացման դէմ, վերջինս նկատի առնուած որպէս տնտեսութեան աճի արգելք:

Հակառակ այն բոլոր եռիլլիոն տոլարներու տպաքանակին, պետական պարտքը տակաւին ոչ մէկ նուազում կրած է, որովհետեւ նոր գործարքներու եւ գործարարներու թիւը յստակօրէն նուազած է, իսկ սնանկացումներու եւ գործազրկումներու թիւը հսկայական թափով յաւելում կրած: Պահ մը դիտա՞ծ էք կամ տեսա՞ծ ճամբաներու, մայրուղիներու եւ հանրային պարտէզներու մէջ կամ կողքին, մղոններով շարուած վրանները, խաւաքարտէ ու փլասթիք տոպրակներու մէջ ծուարած ապաստանեալները, որոնք բնակարան, պաշտօն եւ գործ կորսնցուցած անձեր են: Մարդիկ, որոնք չեն կարողացած ներկայ ժամանակի նուազ աշխատավարձերով բաւականանալ, գործազուրկ են, չեն կարողացած ընտանիք պահել, կամ չունին ունակութիւնը ներկայ դարուս արուեստագիտական զարգացումն ու գիտելիքը ի գործ դնելու, եւ ստիպուած՝ դիմած են այդպիսի անտարբեր կեանքի մօտեցումին, արհամարհելով նոյնիսկ՝ մահը:

Այսօր, կայ ժողովրդային դասակարգի հասարակութիւն մը, որ կ՚ապրի կեանքի նուազագոյն պայմաններով, աշխատավարձերու անբաւարարութեան պատճառով: Ժամանակ կար, երբ նոյն պաշտօնը կամ աշխատանքը զբաղեցնող անհատ մը կը ստանար (օրինակ) տարեկան 50 հազար տոլար, այն ժամանակ այդ գումարը կը համարուէր բաւարար իր եւ ընտանիքի ապրուստին համար. սակայն այսօր, այդ նոյն աշխատավարձը, եթէ բարձրացած է 70 հազարի, չունի այն արդիւնքը, որ ունէր այն 50 հազարը: Իսկ այդ բոլորը՝ կեանքի սղաճին եւ տնտեսութեան մրցակցութեան պակասին հետեւանքով գոյացած, մենատիրութիւններու  հակակշիռին արդիւնքն է:

Այժմ, (anti trust)-ի տնտեսական մենաշնորհներու եւ տիրակալութեան սահմանափակման եւ կառավարման խիստ կարիքը զգալի է, վերականգնելու համար տնտեսական մրցակցութիւն, աշխատատեղիներու վերականգնում, նորանոր աշխատանքներու ստեղծում եւ աշխատավարձերու յաւելում, որպէսզի օրինաւոր հսկողութեան եւ կառավարման տակ առնուին երկրին սանձազերծ դարձած տնտեսութեան մենաշնորհումները:

Կարգ մը գիտակից ծերակուտականներ, ինչպէս Amy Klobucher, Մինըսօթա նահանգէն, արդէն սկսած են ծերակոյտին ներկայացնել առաջարկներ, մենաշնորհութեան արգելքներու օրէնքներ, (Consolidation, prevention and competition promotion act), որպէս օրէնք վաւերացման եւ կիրարկման համար: Այս օրէնքին առաջարկը ունի կարգ մը այլ ծերակուտականներու նեցուկը ինչպէս Եութա նահանգի ծերակուտական Մայք Լիի եւ այլն: Իսկ Դեմոկրատ ծերակուտական Elizabeth Warren մէկ այլ համանման առաջարկով կ՚աշխատի ընդլայնել եւ ի գործ դնել (Accountable Capitalism Act) առաջարկը, որ կը միտի կառավարել եւ բարեկարգել ընկերակցական (Corporate) ընկերութիւններու իրաւասութիւններն ու գործելակերպը: Հանրապետական ծերակուտական Josh Hawley, Missouri նահանգէն, քայլ մը աւելի առաջ երթալով, կ՚ուզէ գիտարուեստական եւ բարձր թեքնիքական ընկերութիւնները հաշուետուութեան կանչել, զանոնք զգաստութեան հրաւիրելով:

Այսպիսով, ներկայ տնտեսական կարգավիճակի դրութիւնը պիտի դառնայ 2020 թուականի նախագահական ընտրութիւններու գլխաւոր թիրախը:

Ժամանակը հասած է տնտեսութեան մենաշնորհներու վերաարժեւորումին,  մրցակցութեան վերականգնումին, ստեղծելով նորակառոյց հիմքերով օժտուած տնտեսութիւն մը, որ ձեռնտու կ՚ըլլայ ժողովուրդի բոլոր խաւերուն եւ դասակարգերուն:

Մասամբ քաղուած՝ Denise Hearn-ի յօդուածէն

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին