Շաբաթ, 08. 02. 2025

spot_img

Արցախը Որպէս Երրորդ Կողմ Պէտք է Մասնակցի ԼՂ Հակամարտութեան Կարգաւորման Բանակցային Գործընթացին. Արցախի ԱԳ Նախարար

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ  յառաջընթաց չի տեսներ:

Այս մասին Մայիլեան ըսած է Մարտ 13-ին` ԵԱՀԿ գործող նախագահ, Սլովաքիոյ արտաքին գործոց նախարար Միրոսլաւ Լայչակի հետ հանդիպումէն ետք:

«Գործող նախագահին ներկայացուցած ենք մեր տեսակէտները, հիմնաւորած ենք, թէ ինչու Արցախը որպէս երրորդ կողմ պէտք է մասնակցի ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացին, որ տեղի պիտի ունենայ ապագային։ Եթէ Արցախը չմասնակցի բանակցութիւններուն, ապա մենք որեւէ յառաջընթաց չենք կրնանք ունենալ»,- ըսած է նախարարը:

Մասիս Մայիլեան նշած է, որ կարեւոր կը համարէ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումները, եւ ատոնք պէտք է շարունակական ըլլան:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին