Կիրակի, 06. 07. 2025

spot_img

Առաջնորդ Սրբազանը Հանդիպում Մը Ունեցաւ Լիբանանահայ Օրաթերթերու Ներկայացուցիչներուն Հետ (լուսանկարներ)

Հայ Մամուլի Տարուան Առիթով

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա․ Հայրապետին կողմէ «2019․ Հայ Մամուլի տարի» հռչակուելուն առիթով, հինգշաբթի, 14 Մարտ 2019-ին, յետմիջօրէի ժամը 5։00-ին, Լիբանանի Հայոց Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Նարեկ Արքեպիսկոպոս Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց լիբանանահայ երեք օրաթերթերու տնօրէնները՝ «Ազդակ»-էն Պրն․ Շահան Գանտահարեանը, «Զարթօնք»-էն պրն․ Սեւակ Յակոբեանը եւ «Արարատ»-էն տիկին Անի Եփրեմեանը։

Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը ժողովականներուն հետ քննարկեց հայ մամուլի տարուան առիթով շարք մը նախաձեռութիւններուն կարելիութիւնները։ Հետագային պիտի մշակուի համապատասխան ծրագիր եւ հաղորդագրութեամբ մը մանրամասնութիւնները պիտի ներկայացուին հանրութեան։ Հանդիպումը նաեւ առիթ հանդիսացաւ արծարծելու լիբանանահայ մամուլը յուզող շարք մը մտահոգութիւններ։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին