Երկուշաբթի, 07. 07. 2025

spot_img

Oh, Pretty Woman («Սիրունիկ կինը») – Ռոյ Օրպիսոն – 9 – (տեսերիզ)

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Աշխատակից 

Շարժանկարի մերօրեայ սիրահարները ծանօթ են այս երգին Ճուլիա Ռոպերթսի եւ Ռիչարտ Կիրի մասնակցութեամբ «Սիրունիկը» ֆիլմէն եւ վստահ են, որ ան նոյնինքն ֆիլմի համար գրուած է։ Բայց երգը իր գլխապտոյտ յաջողութիւնը ունեցաւ ֆիլմի ծնունդէն քառորդ դար առաջ՝ 1964 թուականին, երբ ան 3 շաբաթ շարունակ Պիլպորտ Հոթ 100-եակի առաջին հորիզոնականին վրայ էր։ Ֆիլմի ստեղծումէն ետք ան դարձեալ անգամ յիշեցուց հանրութեան Օրպիսոնի հանճարեղ հիթին մասին։

            Ան գրեց հիթը  Պիլլի Տիզի հետ համատեղ։ Օր մը, երբ անոնք Ռոյի տունը կ’աշխատէին նոր նիւթի վրայ, ներս կը մտնէ Ռոյի կինը՝ Գլոտեթը եւ կ’ըսէ, որ կը պատրաստուի գնումի երթալու։ Ռոյը կը հարցնէ իրեն, թէ արդեօք գումար պէ՞տք է իրեն։ Խօսակցութեան հումորով կը միջամտէ Պիլլին՝ ըսելով. «Գեղեցիկ կանայք երբեք գումարի կարիք չունին»։ Ռոյը անմիջապէս կը սկսի երգել ապագայ երգի առաջին տողը, իսկ Պիլլին կը հարուածէ սեղանին` նմանակելով կանացի բարձրակրունկ կօշիկներու ձայնը։ Քանի մը ժամէն, երբ Գլոտեթը տուն կը վերադառնայ, երգը արդէն պատրաստ էր։

            Երգի իմաստը Օրպիսոնը կը բացատրէր հետեւեալ ձեւով. «Երգի միջին մասը պալլատ է, ուր կը նկարագրուի տղամարդու զգացումները, երբ առաջին անգամ գեղեցիկ կին կը տեսնէ։ Սկիզբը ան համոզուած է,  որ կը շահի անոր սիրտը, յետոյ կը կորսնցնէ վստահութիւնը։ Աւելի ուշ ան յուսահատութեան մէջ կ’իյնայ, կ’որոշէ մոռնալ զայն եւ ահա ան կը վերադառնէ»։

            Գլոտեթ Օրպիսոնը նոյն այն «սիրունիկ կինն» է, որուն շնորհիւ ծնաւ երգի մտայղացումը։ Ան Ռոյի կեանքի ընկերն էր 16 տարեկանէն։ Ռոյը իր մասին գրած է «Գլոտեթ» երգը։ Անոնք ամուսնացած էին 1957-ին։ 1964-ին՝ երգի թողարկումի տարին, անոնք Գլոտեթի դաւաճանութեան պատճառով կ’ամուսնալուծուին։ Մէկ տարի անց, երբ Ռոյը համերգի կը շտապէր իր հեծանիւով, վթարի կ’ենթարկուի։ Գլոտեթը իրեն տեսութեան կու գայ։ Շուտով անոնք նորէն կ’ամուսնանան։ Սակայն մէկ տարի անց, հեծանիւներու հանդէպ իրենց ընդհանուր սէրը կ’աւարտի Գլոտեթի վախճանով։ Ճամբուն վրայ իրենք վթարի կ’ենթարկուին, եւ Գլոտեթը կը մահանայ ամուսինին ձեռքերուն մէջ։

Երգը Ռոյը եւ գործընկերը կը գրեն շատ արագ։ «Ես զայն գրած եմ ճիշդ այնքան ժամանակի մէջ, որքան որ ան կը հնչէ»,- հարցազրոյցներու ժամանակ կը կատակէր Ռոյը։ Մէկ շաբաթ անց երգը կը ձայնագրեն, իսկ մէկ շաբաթ ետք ալ երգը կը թողարկեն։ Այսքան արագ իրենք դեռ չէին աշխատած։

Երգը Օրպիսոնի վերջին խոշոր հիթն էր։ Անկէ ետք ան երկար ժամանակով անցաւ ստուերի տակ։ Իր երգերը երթալով աւելի եւ աւելի վատ կը վաճառուէին՝ նոր երաժշտական ժանրերու յառաջ գալուն պատճառով։ Երգը երկրորդ շունչ ստացաւ 1990 թուականին «Սիրունիկը» հանրայայտ ֆիլմէն ետք։ Ֆիլմն ալ, ի դէպ, իր անունը ստացաւ նոյն երգի պատուոյն։ 

1991 թուականին երգը, իսկ աւելի ճիշդը՝ Ռոյ Օրպիսոնը յետմահու  ստացաւ Կրեմմի մրցանակ «Տղամարդու լաւագոյն երգեցողութիւն» անուանակարգին մէջ եւ մտաւ ռոքընռոլը կերտող 500 երգերու շարքին։

Ի միջի այլոց, երգի հետ կապուած մի քանի հետաքրքրական փաստ կայ։ Հեղինակները կը խոստովանին, որ երգին մէջ հնչող «Yeah, yeah, yeah» արտայայտութիւնը վերցուցած են «Պիլթզ» խումբէն, իսկ «Mercy» (գթա՛) արտայայտութիւնը երգին մէջ մտցուցած է Պիլ Տիզը։ Ան սովորաբար այդ արտայայտութիւնն կ’ընէր, երբ ոեւէ շքեղ կին տեսնէր։

             Երգը լսելու ատեն անմիջապէս երեւակայութեան մէջ կը յայտնուի շքեղ կին՝ կարմիր զգեստով, բարձրակրունկ կօշիկներով, հերարձակ ու անուշաբոյր: Հեղինակները յաջողած են երգը կերպարանաւորել  ու կեանք հաղորդել անոր, որուն շնորհիւ ալ մենք՝ ունկնդիրներս, բացի լսելէ, կարծես նաեւ կը տեսնենք զայն։

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին