Տարին Թումանեանական Է.
Մենք Ալ Շարունակենք Ապրիլ Թումանեանով
ՌՈՒԲԻՆԱ ՕՀԱՆԵԱՆ
Հայաստանաբնակ իրանահայ Շահէն Յովսէփեանի հետաքրքրութիւններուն շրջանակը մեծ է։ Ան խորացած է Հայոց պատմութեան, ճարտարապետութեան եւ դրամագիտութեան մէջ։ Անձամբ կ’ուսումնասիրէ պատմութենէն մեզի ժառանգութիւն հասած կոթողները։ Ամէն շաբաթավերջին կ’այցելէ Հայաստան գտնուող պատմական մոռցուած վայրեր, կը լուսանկարէ եւ իր տեղեկութիւնները կը բաժնեկցի գիտական շրջանակներու եւ իր ծանօթներուն հետ։ Ան նորովի կը բացայայտէ Հայաստանը՝ իր հետաքրքրական մանրամասնութիւններով։ Շահէն Յովսէփեանը կը ճամբորդէ նաեւ Վրաստան: Կ’այցելէ ոչ միայն Ջաւախք, այլ նաեւ բուն Վրաստանի տարածքին գտնուող հայկական պատմական վայրեր, մոռցուած վայրեր։
Տարին թումանեանական է։ Այս առիթով կ’ուղարկեմ Շահէնէն ստացած ել-նամակի բովանդակութիւնը՝ համապատասխան 2 նկարով։ Ան կը գրէ.
«Մի քանի ամիս առաջ եղած եմ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդավայր Լոռի մարզի Դսեղ գիւղը եւ, մտնելով շրջանի անտառները, այցելած եմ Թումանեանի ամենասիրած վայրը՝ Բարձրաքաշի վանքը՝ թաղուած անտառներու մէջ։
Թումանեանի՝ Դսեղի տուն-թանգարանի պատին ամրացուած կայ վանական համալիրէն նկար մը, որուն առջեւ կանգնած է Թումանեանը իր ընկերներով։ Նկարին մէջ կ’երեւի կառոյցի մէկ մասը, որ ջոկուած է հիմնական շէնքէն։ Անոնք սոյն բաժնի աւերուելու վտանգը տեսնելով՝ քարեր լեցուցած են վտանգուած մասին տակ՝ թոյլ չտալով, որ փլուզուի շէնքը։
Երկրորդը իմ նկարածս է, ուր պարզ կ’երեւին անոնց տեղադրած քարերը, որոնց շնորհիւ մինչեւ օրս մնացած ու պահպանուած է շինութիւնը։ Վերջերս զայն ամրապնդած են տախտակներով»։
Կը կարծեմ՝ պարտք ունինք Ամենայն հայոց բանաստեղծին նկատմամբ՝ փրկելու իր սիրած վայրը՝ Բարձրաքաշ Ս. Գրիգորի վանական համալիրի մնացորդը եւ տարածքին գտնուող պատմական ժառանգութեան ուրիշ կոթողները։
* * *
Ստորեւ երկու նկարները, իսկ հուսկ, Wikipedia-էն համառօտ տեղեկութիւն Բարձրաքաշի վանքին մասին։
Բարձրաքաշ Սուրբ Գրիգորի վանք
Բարձրաքաշ Սբ. Գրիգոր վանքը (10-13 դարերուն) կը գտնուի Լոռի մարզի Դսեղ գիւղէն 2 քմ հիւսիս-արեւելք (Սաղուձոր` Ձաղիձոր գետի) Մարց գետի ձախակողմեան ձորալանջին, անտառի մէջ։ Վանական համալիրը նուիրուած է հայ առաջին կաթողիկոս Սուրբ Գրիգորին:
Համալիրը, ըստ երեւոյթին, երկար կեանք չէ ունեցած, պատերու վրայի ամենաուշ արձանագրութիւնները կը վերաբերին 13-րդ դարուն: Վանքը մեր ժամանակները հասած է ամբողջովին աւերակ վիճակի մէջ (անցեալի տեղեկագիրերէն մէկը զայն կը նմանցնէ «Կանաչ մահիճի վրայ պառկած, ժպիտը դէմքին երիտասարդ ու գեղեցիկ ննջեցեալի»։ Մասնակիօրէն նորոգուած է 1939 թուականին։ Մաքրութեան աշխատանքներ կատարուած են 1950 եւ 1969 թուականներուն:
Համալիրը կը կազմեն երկու եկեղեցիները, գաւիթը, մատուռը, Մամիկոնեաններու տոհմական գերեզմանոցը, ձիթհանը եւ խաչքարերու մնացորդները։ Հիմնական խումբը կազմող 2 եկեղեցիները տեղադրուած են իրարու կից` մէկ շարքի մէջ։
* * *
Իմ կողմէս աւելցնեմ, որ Յովհաննէս Թումանեանը ինքզինք ու իր գերդաստանը կը համարէր Մամիկոնեաններու շառաւիղներէն։