Կիրակի, 03. 12. 2023

spot_img

Մեծարանքի Հանդիսութիւն Վաստակաւոր Կրթական Մշակներու

Մ.Ա.Հ.Ա.Ե. ՄԻՈՒԹԻՒՆ

«Մշակը արժանի է իր վարձքին» (Ղուկաս 10.7)։

Մ.Ա.Հ.Ա.Ե. միութեան կեդրոնական մարմինի հովանաւորութեամբ եւ Լիբանանի Հայ աւետարանական կրթական խորհուրդի նախաձեռնութեամբ Կիրակի, 10 Մարտ 2019-ին՝ երեկոյեան ժամը 5.00-ին, Հայ աւետ. Ա. եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի հանդիսութիւն եւ շքադրում վաստակաւոր կրթական մշակներու՝ իրենց երկարամեայ ծառայութեան առիթով։

Հիւրերու, Հայ աւետ. վարժարաններու հոգաբարձուներու, ուսուցիչներու, ծնողներու, բարեկամներու հոծ բազմութիւն մը եկած էր յարգելու հայ ուսուցիչը, յատկապէս ուսուցչաց տօնին առթիւ։

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգերու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, Հայ աւետ. կրթական խորհուրդի ատենապետուհի դոկտ. Արտա Էքմեքճի (նախ հայերէն, ապա արաբերէն) ողջունեց ներկաները եւ յիշեցուց, որ 1970-էն ի վեր, 144 ուսուցիչներ ոսկէ մետալներով եւ գնահատագիրերով պարգեւատրուած են։

Վեր. Հրայր Չոլագեանի՝ Աստուածաշունչի ընթերցումին եւ աղօթքին յաջորդեց Սելի Սարգիսեանի՝ դաշնամուրի վրայ նուագը («Տուն իմ հայրենի», Արաբօ Իսպիրեան)։ Որմէ ետք կրթական գործավար տիկ. Ռոզեթ Ալեմեան-Մահսերեճեան ներկայացուց օրուան բանախօս, ՀՀ լիազօր եւ արտակարգ դեսպան տիար Վահագն Աթաբեկեանը եւ հրաւիրեց զինք իր սրտի խօսքը յայտնելու։

Վսեմաշուք դեսպանը ըսաւ.

«Ինծի համար հպարտութիւն է, որ ծնողներս եղել են ուսուցիչ։ Ու մենք երբ դարեր շարունակ չենք ունեցել հայրենիք, ունեցել ենք մէկ ուսուցիչ, որ Այբ, Բեն, Գիմ-ը սովորեցրել է ու պահել մեր ժողովուրդը։

Մուշեղ Իշխան ասել է. «Հայոց լեզուն ուր որ ալ խօսուի, հոն Հայաստանն է»։

Դուք ձեր դպրոցների եւ ուսուցիչների միջոցով կրթութիւն ջամբել էք ու սիրել տուել էք Հայաստանը։

Թանկագին ուսուցիչներ, իւրաքանչիւրդ տուել էք ձեր ամենաթանկ բանը՝ գիտելիքը եւ սիրտը։ Առանց սիրտի՝ կրթութիւնը ամբողջական չի լինի։

Իսկ ի զուր չէ որ «կիրթէ» բառը հնդեւրոպական արմատ ունի, որ սիրտ կը նշանակէ։

Շնորհաւորում եմ ձեզ, կրթութիւն ու սէր տալու ձեր աշխատանքին մէջ։

Սփիւռքահայ ուսուցիչների առաքելութիւնն իրականում կրկնակի ծանր է: Աշխատելով որպէս մանկավարժ՝ միաժամանակ նրանք իրենց ուսերին կրում են համայնքի խնդիրների դժուար բեռը՝ ծառայելով հայապահպանութեան նպատակին։ Այնպէս որ Լիբանանում եւս ամէն օր կարելի է խոնարհուել ձեր ծառայութեան համար, նաեւ նշել ուսուցչի օրը»։

Օրուան բանախօսի խօսքէն ետք, Դալար Հայտոսթեան եւ Մինաս Ադամեան երգեցին հոգեթով աղօթք մը՝ «Carole Bayer Sager» (David W. Foster), դաշնակի ընկերակցութեամբ Արէն Տեյիրմէնճեանի եւ ջութակի՝ Կարին Հայտոսթեանի։

Ապա Մ.Ա.Հ.Ա.Ե. միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան ներկաներուն յղեց միութեան խօսքը.

«Ուսուցչութիւնը նուիրական եւ ամենակարեւոր ծառայութիւնն է, որուն գերագոյն նպատակն է «մարդ պատրաստել», այսօրուան դեռատի սերունդին տալ ինչ որ անհրաժեշտ է անոր վաղուան կեանքին համար – գիտութիւն, բարոյական արժէքներու ճանաչում եւ իւրացում եւ հաւատք մարդկային հաւասարակշռուած կեանքի համար։ Այլ խօսքով՝ ապահովել մարդուն մտքին ու հոգիին պատրաստութիւնը՝ արժանի լրջութեամբ եւ արդիւնաւորութեամբ դիմակալելու կեանքը իր բոլոր երեսներով։

Նուիրական այս գործը, սակայն, նկատուած է ասպարէզներու ամէնէն ապերախտը։ Այս գործին լծուած նուիրեալները ամէնէն քիչ գնահատուած մարդիկը կը սեպուին։ Ասոր պատճառը այն է, որ անոնց աշխատանքին գնահատումը տեսանելի եւ անմիջական չէ շատ յաճախ։ Իր նուիրական ծառայութեան համար ուսուցիչը չի վարձատրուիր շօշափելի նիւթականով. քանի՞ ուսուցիչ նիւթապէս հարստացած է արդեօք իր ուսուցչական ասպարէզին բերմամբ։ Նաեւ նուիրական իր այս ծառայութեան բարոյական գնահատումը միշտ ալ ուշացած է, աշակերտներ ընդհանրապէս հասուն տարիքի հասնելէ ետք է որ կը գիտակցին իրենց ուսուցիչին կատարածին եւ իրական վաստակին եւ ոչ աշակերտութեան շրջանին։

Միւս կողմէ՝ իր աշխատանքին կարեւորութեան գիտակից ուսուցիչը կու տայ իր ժամանակը, գիտելիքը, կու տայ իր հոգիէն, որպէսզի իր աշակերտը տեսնէ ի՛ր իսկ կարելիութիւնները եւ կարենայ զանոնք օգտագործել կեանքին մէջ՝ կեանքին որակին համար։ Եւ այս իրականութիւնը գերագոյն գոհունակութիւն կու տայ ուսուցիչին իր ծառայութեան մէջ։ Սիրելի ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ, Ձեր երկարամեայ ծառայութեան համար Ձեզ գնահատելը ոչ միայն պարտք ու պարտականութիւն է, այլ նաեւ պարծանքի արժանի առաւելութիւն։ Ձեր ծառայութեան համար երախտապարտ ենք։ Ձեր անձերուն մէջ կը պատուենք ոչ միայն Ձեր, այլեւ մեր բոլորին բոլոր ուսուցիչներուն նուիրումն ու վաստակը։

Մեր աղօթքն ու մաղթանքն է որ Աստուած շնորհէ Ձեզի խոր գոհունակութիւն Ձեր ծառայութեան մէջ, մշտանորոգ կորով եւ զօրութիւն շարունակուող Ձեր աշխատանքին մէջ։ Ձեր նուիրումը ճանչցող ու գնահատող աշակերտներ եւ Ձեր զոհողութիւններուն արդիւնքները վայելելու ուրախութիւնը»։

Գնահատական ջերմ խօսքերէն ետք, պահը եկած էր շքադրումի եւ գնահատագիրերու յանձնումին, որ կատարուեցաւ ձեռամբ Մ.Ա.Հ.Ա.Ե. միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի, դեսպան տիար Վահագն Աթաբեկեանի, կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. Ռաֆֆի Մսըրլեանի եւ կրթական խորհուրդի ատենապետուհի դոկտ. Արտա Էքմեքճիի։

Երկարատեւ ծափողջոյններու ներքոյ, Լիբանանի մէջ գործող հինգ Հայ աւետարանական վարժարաններէն 19 ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ պարգեւատրուեցան իրենց երկարամեայ ծառայութեան համար։

Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ. Մինաս Ադամեան իր թաւշեայ ձայնով ներկաները յուզեց՝ երգելով Գուսան Շահէնի «Անցայ-գնացի» երգը (դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ Արէն Տեյիրմէնճեանի)։

Շքադրուող ուսուցիչներուն կողմէ հայերէն լեզուով սրտի խօսքը յղեց տիկ. Նազիկ Քէչէճեան։

«Ուսուցչական ասպարէզին մէջ ամէն օր կը գտնուինք տեսակաւոր մարտահրաւէրներու դիմաց: Երբեմն կը յուսահատինք անմիջական փոփոխութիւններ չտեսնելով, կ’ըսեն՝ ապերախտ ասպարէզ է, բայց մենք հաւատքով կը շարունակենք՝ հաստատ գիտակցելով, որ ցանուած հունտերը անպայման պիտի ծլին ու պտղաբերեն:

Այս բոլոր դժուարութիւններուն առընթեր, մենք՝ ուսուցիչներս, ուրախ ենք, որ փորձառութեամբ միշտ կը յառաջդիմենք, շրջահայեաց ենք եւ կը սորվինք մղել աշակերտները  իրենց քննադատական մտածելակերպը զարգացնելու, սորվելու եւ ըլլալու ստեղծագործ: Այս պատճառով իսկ կը հետեւինք վերապատրաստութեան սեմինարներու եւ աշխատանքային ծրագիրներու:

Երբ ուսուցիչը կը սիրէ իր աշխատանքը եւ աշակերտը, ան կ’ըլլայ կատարեալ ուսուցիչ:

Ո՛չ միայն սիրով ու գուրգուրանքով, այլ նաեւ տիրապետած ըլլալով դասաւանդուած նիւթին եւ հմտութիւններուն՝ կարելի է հասնիլ մեր ակնկալած նպատակին, որ է կերտել ապագայ սերունդները: «Ուսուցիչը կը հպի յաւերժութեանը, ոչ ոք կրնար ըսել, թէ երբ կ’աւարտի իր ազդեցութիւնը»,- ըսած է Հենրի Էտեմս:

Ուսուցիչին ազդեցութիւնը կը կրեն ապագայ սերունդները, որոնց երաշխիքով կը պահպանուի եկեղեցիին, ազգին ու հայրենիքին ապագան: Մէկ խօսքով՝ ուսուցչութիւնը նուիրական եւ վեհ ասպարէզ է»:

Արաբերէն շնորհակալական խօսքին մէջ օր. Հելեն Ապու Ռժեյլի վեր առաւ ուսուցիչներու քրտնաջան աշխատանքը եւ ընդգծեց նոր սերունդներ դաստիարակելու առաքելութեան կարեւորութիւնը։

Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի օրհնութեան աղօթքով։ Ապա շքադրուողները եկեղեցիի մուտքին ընդունեցին ներկաներու շնորհաւորանքները։

Այս առիթով շքադրուեցան հետեւեալ ուսուցիչները.

Տիար Ադամ Թազեան, օր. Անի Ումուտեան, տիկ. Գայիանէ Թիւնպէրեան Մսըրլեան, տիկ. Թագուհի Պալեան Սարգիսեան, տիկ. Թամար Ներսէսեան Պագալեան, տիկ. Լենա Սահակեան, տիկ. Լեյլա Տարուիշ, տիկ. Լինա Ապու Ռժեյլի Թիւնպէրեան, տիկ. Ծովիկ Հանտեան Պետրոս, օր. Հելեն Ապու Ռժեյլի, տիար Մահտի Էլ Հիլլանի, տիկ. Մարլէն Քէօշէեան Քիւչիւքեան, տիկ. Յասմիկ Պաաքլինի Պոյմուշաքեան, տիկ. Նազիկ Նաճարեան Քէչէճեան, օր. Պիսար Խալիֆէ, տիկ. Սալբի Ապրիլեան Անուշաւանեան, տիկ. Սօսի Գարայեան Այնթապլեան եւ տիար Վիգէն Տիշչէքէնեան եւ տիար Հայկ Գազանճեան։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին