«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի Երեւանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին քննարկած ենք տարածաշրջանային հակամարտութիւններու կարգաւորման վերաբերող հարցեր: «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` Երեւանի մէջ Վրաստանի նախագահի հետ հանդիպումէն ետք լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է Արմէն Սարգսեան:
«Համակարծիք էինք, որ հիմնահարցերը եւ հակամարտութիւնները նոյնական չեն, հետեւաբար նոյնական չեն նաեւ անոնց կարգաւորման հիմքերը: Իմ անձնական համոզումով` լուծումները պէտք է փնտռել բացառապէս խաղաղ ճանապարհով` միջազգային իրաւունքի եւ օրէնքներու, իսկ Արցախի պարագային` ինքնորոշման իրաւունքի յարգանքի հիման վրայ»,- ըսած ՀՀ նախագահը:
Արմէն Սարգսեան նշած է, որ Հայաստան մշտապէս շահագրգռուած է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ համագործակցութեան մթնոլորտի ձեւաւորմամբ եւ պահպանմամբ:
Վրաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սալոմէ Զուրապիշուիլի համար տարածաշրջանին մէջ առկայ բոլոր հակամարտութիւններու լուծման միակ ուղին խաղաղ ճանապարհն է։
«Մենք կ՛ապրինք տարածաշրջանի մը մէջ, որուն համար վճռական է կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը, որոնք պարտադիր նախապայման են մեր երկու երկիրներու տնտեսութեան զարգացման ու տնտեսական համագործակցութեան խորացման համար: Բազմաթիւ մարտահրաւէրներ կան մեր տարածաշրջանին մէջ, որոնց լուծման ուղին խաղաղ ճանապարհն է` հիմնուած միջազգային իրաւունքի օրէնքներուն վրայ: Այդ ամէնը պէտք է ըլլայ բանակցութիւններու շնորհիւ»,- ըսած է Զուրապիշուիլի:
Վրաստանի նախագահը նշած է, որ իրենց երկրի համար կարեւոր է Վրաստանի մէջ հայերու ու ատրպէյճանցիներու խաղաղ գոյակցումը:
«Վրաստանի համար կարեւոր է, որ Վրաստանի տարածք չտեղափոխուի տարածաշրջանին մէջ առկայ հակամարտութիւնը: Մեզի համար շատ կարեւոր է, որ Վրաստանի մէջ ապրող` Հայաստանի ու Ատրպէյճանի քաղաքացիները խաղաղ ըլլան ու համարկուած մեր երկրի մշակոյթին մէջ: Որպէս նախագահ` պարտաւոր եմ այնպէս ընել, որ անոնք լիարժէք մասնակից դառնան Վրաստանի տնտեսական ու մշակութային զարգացման»,- նշած է նախագահը:
Վրաստանի Հանրապետութեան նախագահը Հայաստան ժամանած է պաշտօնական այցով: