Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Ատրպէյճան Իր Սպառազինութեան 51 Տոկոսը Կը Գնէ Ռուսիայէն, 43 Տոկոսը` Իսրայէլէն, 2,8-ը` Թուրքիայէն. Զեկոյց

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Սթոքհոլմի խաղաղութեան հիմնախնդիրներու հետազօտութիւններու միջազգային հիմնարկը (SIPRI) հրապարակած է աշխարհի մէջ սպառազինութեան առքուվաճառքի վերաբերեալ նոր զեկոյցը, որու համաձայն` այս ոլորտի 2014-2018 թուականներու հիմնական մատակարարները եղած են Միացեալ Նահանգներն ու Ռուսիան:

Մինչդեռ Ատրպէյճանի մասին զեկոյցին մէջ կ՛ըսուի, որ ան սպառազինութիւն գնող երկիրներուն մէջ 23-րդն է: Պաքուն իր սպառազինութեան 51%-ը կը գնէ Ռուսիայէն, 43%-ը` Իսրայէլէն, 2,8%-ը` Թուրքիայէն կը յայտնէ tert.am:

Իսրայէլէն սպարազինութիւն գնող երկիրներուն մէջ Ատրպէյճան երկրորդն է:

Ընդհանուր առմամբ, սպառազինութեան մատակարարման աճ նկատուած է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, մինչդեռ միւս տարածաշրջաններու մէջ՝ նուազած է:

Ըստ զեկոյցին` սպառազինութեան խոշորագոյն ներմուծողներն են Սէուտական Արաբիան, Եգիպտոսը, Իսրայէլը, Քաթարն ու Իրաքը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին