Հայր Գէորգ Եպս, Ասատուրեանի Խօսքը Հայր Սահակ Վրդ. Քէշիշեանի Ծննդեան 100-ամեակին Առիթով Մատուցուած Պատարագին
Հանդիպա՞ծ էք մարդու մը, որ կեանքէն ու կեանքի նոյնիսկ ամենադաժան պայմաններէն գանգատելու ոչ մէկ պատճառ ու պատրուակ ցոյց տուած է:
Մարդու մը, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրած է Աստուծոյ եւ ազգին:
Մարդու մը, որուն կեանքի օրինակը եղած է հրաւէր մը զինք ճանչցողներուն, հրաւէր ծառայելու, նուիրուելու, բարի գործ մը կատարելու:
Մարդու մը, որ իբրեւ սկաուտ եւ սկաուտական խոստումին հաւատարիմ մարդ՝ ապրած ու գործած է մինչեւ խոր ծերութիւն:
Հանդիպա՞ծ էք բարին ամբողջական առումով իր մեծութիւնը շուքի մէջ պահել ջանացող մեծութեան մը:
Խստակրօն ու խստամբեր պայմաններուն տակ մեծասքանչ աշխատանք կատարող սրբակեաց մարդու մը:
Մարդու մը, որ օժտուած է մարդկային անաղարտ բարեմասնութիւններով, հոգեւորականի սրբարար առաքինութիւններով, բայց մանաւանդ հայ մարդու բարձր արժանիքներով, ազգային հոգիով ու ոգիով:
Այս մարդը կը կոչուէր ՀԱՅՐ ՍԱՀԱԿ ՔԷՇԻՇԵԱՆ:
Անոր ընդոծին յատկութիւններու եւ երկնառաք շնորհներու փթթումին միջավայրը եղաւ ոչ-հայկական, բայց հայասէր ու հայանուէր Յիսուսեան միաբանութիւնը, որուն վերջին հայ անդամը եղաւ, այն միաբանութեան, որուն հոլանտացի մեծաւորը կը մատուցանէր հայածէս սուրբ պատարագ, հայագէտ էր ու հիացող հայ ծէսին, հայկական հոգեմտաւոր արժէքներուն ու ժառանգութեան: Կարծես այդ բացին հեռանկարը կրկնապատկեց միաբանութենէն ներս զտարիւն հայու տիպարի օրինակը անջնջելի դարձնելու հայր Սահակ Քէշիշեանի կորովը:
Այդ կորովը երբեք չպակսեցաւ հայր Սահակին մօտ, մանաւանդ երբ իր մէջ զգաց կոչումն ու կարողութիւնը լծուելու հայ գրական ժառանգութեան գոհարներու թարգմանութեան ծանր, պատասխանատու եւ կոթողային աշխատանքին, որուն արդիւնքը եղաւ ֆրանսերէնի թարգմանութիւնը նախ Նարեկացիի աղօթամատեանին (հրատարակուած 1961-ին, Փարիզ) ապա Ներսէս Շնորհալիի հետեւեալ ստեղծագործութիւններուն.
-«Յիսուս, Հօր Միածին Որդի» (հրատարակուած 1973-ին, դարձեալ Փարիզ)
-«Ողբ Եդեսիոյ», «Հաւատոյ խոստովանիմ»
-«Առաւօտ լուսոյ» (հրատարակուած յաջորդաբար 1984-ին, 1985-ին եւ 1987-ին Սբ. Ղազարի մէջ, Վենետիկ)
-Ասողիկ եպիսկոպոսի «Տիրամայր յուսոյ» ստեղծագործութեան (հրատարակուած 1996-ին, Էջմիածին)
-Սբ. Ներսէս Լամփրոնացիի «Մեկնութիւն սբ. պատարագի» գործին (2000-ին, Պէյրութ):
Հայր Սահակ ֆրանսերէնի թարգմանած է նաեւ Վահագն Դաւթեանի «Ռեքուիեմ»-ը, որ հրատարակուած է 1986-ին Պէյրութ Լիբանանի Կեդրոնական մարմինին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան եօթանասունամեակի ոգեկոչումին:
Եւ այսպէս, շնորհիւ բնիկ մարաշցի (ծնած է Մարաշ 15 Դեկտեմբեր 1917-ին) այս խոնարհ ու համեստ վարդապետի երկարամեայ, անխոնջ, համբերատար աշխատանքին՝ հայկական գրականութեան գոհարներ միջազգային գնահատութեան արժանացան: Անոնց հրատարակութիւնը ֆրանսերէն լեզուով ոչ իսկ շնորհահանդէսով մը յիշատակուեցաւ հայկական շրջանակներէն ներս: Անոնք թարգմանիչը արժանացուցին միայն Մայիտ Աքլի մրցանակին 1974-ին, իսկ 1996-ին՝ American Biographical Institute-ի «Man of the Year 1996» կոչումին:
Ոչ մէկ պարգեւ կամ կոչում կրնար փոխարինել հայր Սահակ Քէշիշեանի մայր հայրենիք այցելութիւններուն հոգեկան բաւարարութիւնը: Ասիկա կը զգացուէր 1967-էն սկսեալ եւ մինչեւ վախճանումէն շուրջ երկու շաբաթ առաջ Հայաստան կատարած 24 այցելութիւններէն իւրաքանչիւրէն վերադարձին: Զբօսաշրջութեան, պատմական կամ տեսարժան վայրեր տեսնելու համար չէր որ հայր Սահակ կ’երթար Հայաստան, այլ Մատենադարանի ձեռագրատունը գիտական ուսումնասիրութիւններ կատարելու, ինչպէս նաեւ հովուական առաքելութեամբ սբ. պատարագ մատուցանելու, հոգեւոր կրթութիւն տալու եւ հարիւարաւոր մկրտութիւններ կատարելու համար գիւղերու մէջ: Կ’երթար սուրբ գիրքերով եւ վարդարաններով լեցուն ճամպրուկով, որպէսզի զանոնք բաժնէ մկրտածներուն:
Այս բոլորին եւ իր կեանքի տարբեր փուլերուն մասին կը խօսէր զուսպ ոգեւորութեամբ՝ զգուշանալով ինքնագովական ամէն արտայայտութենէ:
Հայր Սահակ Քէշիշեան քահանայ ձեռնադրուած էր կաթողիկէ հայոց մեծանուն կաթողիկոս-պատրիարք Աղաճանեանի ձեռամբ հայածէս արարողութեամբ: Անոր յոգնատանջ մարմինը հողին յանձնուեցաւ յետհայածէս կարգի, որուն նախագահեց երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս-պատրիարքը Ուրբաթ, 26 Օգոստոս 2005-ին:
Լուսահոգի վարդապետն էր՝ հայր Սահակը, բոլորին սիրոյն ու յարգանքին առարկան դարձած սրբակեաց մարդը, տիպար հոգեւորականը, մեծ մտաւորականն ու հայագէտը եւ մանաւանդ եկեղեցւոյ ու ազգին նուիրեալ ծառան: