Երկուշաբթի, 02. 06. 2025

spot_img

Սուրիա Մեկնած Հայ Սակրաւորներէն Մէկը Վնասուածք Ստացած է

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Սուրիոյ մէջ մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնելու ընթացքին, տեղի ունեցած է ականային պատահար մը, որուն պատճառով հայ մասնագէտներու խումբի սակրաւորներէն մէկը աջ ոտնաթաթի վնասուածք ստացած է: Այս մասին կը հաղորդէ Tert.am-ը։

Վիրաւորուած ականազերծողը շտապ տեղափոխուած է հիւանդանոց, ուր վիրահատուած է: Անոր կեանքին վտանգ չի սպառնար: Ականազերծման աշխատանքները կը շարունակուին:

Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ ժողովուրդին մարդասիրական օժանդակութիւն ցուցաբերելու նպատակով՝  ականազերծողներէ, բժիշկներէ եւ անոնց անմիջական անվտանգութիւնը ապահովող հայ մասնագէտներէ բաղկացած խումբը 19 Փետրուարին, սկսաւ ականազերծման աշխատանքներու:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին