Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Վարդանանց Եւ Բարեկենդան (լուսանկարներ)

Մխիթարեան Վարժարան

Հայ ժողովուրդը դարերու խորքէն եկած հաւատքով ամէն տարի կը նշէ Վարդանանց Զօրավարաց տօնը՝ վառ պահելով իր լեզուին, մշակոյթին, հաւատքին, ինքնութեան կառչելու հրամայականը:       Առ այդ, Չորեքշաբթի, 27 Փետրուար 2019-ին Մխիթարեան վարժարանի աշակերտները հանդիսութեամբ մը յիշատակեցին Վարդանանց տօնը՝ օրուան պատգամաբեր ունենալով բանասէր, խմբագիր, մատենագէտ եւ մանկավարժ տիար Ժիրայր Դանիէլեանը:

            Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մխիթարեան միաբանութեան օրհներգերու ունկնդրութենէ ետք, 8-րդ կարգի աշակերտուհի Սարին Քիւրքճեան բացման խօսքին մէջ ըսաւ. «Ինչե՜ր գրուած են եւ տակաւին ինչե՜ր պիտի գրուին Հայոց պատմութեան էջերուն վրայ. մերթ հերոսութիւն, մերթ նահատակութիւն, ե՛ւ յաղթանակ, ե՛ւ պարտութիւն, ե՛ւ մահ, ե՛ւ յարութիւն»: Ան նշեց, որ հայուն պատմութիւնը եղած է նոյնը, բայց ամէն անգամ մեր դիմաց ելլող գազանին անունն է որ կը փոխուի, բայց ունի մէկ նպատակ՝ ոչնչացնել հայ ազգը, իւրացնել Հայաստանը, թալանել, կողոպտել ու կոտորել: Ան աւելցուց, որ սակայն մեր պատմութիւնը միայն ջարդ ու սպանդ չէ, պատմութիւնը արձանագրած է նաեւ Վարդան ու Վահան Մամիկոնեաններ,  Արամ Մանուկեան, Նազարբեկեան, Սիլիկեան ու Փիրումեան, որոնց շնորհիւ մենք այսօր հայրենիք ունինք, Հայաստան եւ Արցախ ունինք:

            Մանկապարտէզի աշակերտներուն «Ով եմ ես» երգէն ետք բեմ բարձրացան Ա. կարգի աշակերտները եւ մանկական արտայայտութեամբ արտասանեցին Վարդանանց պատմութիւնը:

            Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան պատգամաբերը, որ իր խօսքը սկսաւ՝ ըսելով, որ ինքն ալ եղած է Մխիթարեանի սան, ուր իրեն սիրցուցած են ե՛ւ հայերէնը, ե՛ւ Հայոց պատմութիւնը: Ան ընդգծեց, որ Ղեւոնդ Երէց եղած է Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Սահակ կաթողիկոսը աշակերտներէն, եւ անոնց շունչով տոգորուած պայքարած է Մաշտոցի տուած հզօրագոյն զէնքով, եւ այդ զէնքը՝ լեզուն, ինչպէս նաեւ հաւատքը մեզ հասցուցին մինչեւ մեր օրերը: Ան խօսքը աշակերտներուն ուղղելով ըսաւ. «Եթէ մենք այսօր Մխիթարեան վարժարանին մէջ, այս հրաշալի ու գեղեցիկ դպրոցին մէջ կ’ուսանինք, կ’ուսանինք, որովհետեւ Մեսրոպ Մաշտոց ունեցած ենք, Սահակ կաթողիկոս, Ղեւոնդ Երէց եւ անոնց յաջորդները ունեցած ենք»:  Դանիէլեան աւելցուց նաեւ, որ Վարդանի, Ղեւոնդ Երէցի եւ իրենց հետեւորդներուն օրինակով մենք օր մը ունեցանք Սարդարապատ, երբ հայ ժողովուրդը իր նախնիներուն նման պայքարեցաւ ու թրքական հզօր բանակը ջախջախեց, եւ նոյն այդ ոգին է որ մեզ հասցուց մինչեւ Արցախ, ուր կռուեցանք նո՛յն ոգիով: Ան մաղթեց, որ հայ աշակերտները միշտ Վարդանը իբրեւ դրօշ իրենց վերեւ բռնած ըլլան ու իրենց մէջ վառ պահեն անոր խիզախ ու հայրենասէր ոգին:       

Ապա ներկայացուեցաւ կենդանի պատկեր մը՝ Թէքէեանի «Խորհուրդ Վարդանանց» քերթուածին կատարողութեան ներքոյ, որ ընդգրկեց նաեւ երաժշտական ընդմիջումներ «Հիմի էլ լռենք» եւ «Լեպլեպիճիներու խմբերգը» երգերով, եւ յայտագիրը փակեցին խմբային «Հայորդիք» երգով:

Աւարտին խօսք առաւ տնօրէնուհի տիկ. Ռիթա Պոյաճեան եւ հպարտութեամբ աշակերտներուն ուշադրութեան յանձնեց, որ Մխիթարեանի նախկին սաներ այսօր եղած են մտաւորականներ, վկայ մեր հիւր բանախօսը, որուն շնորհակալութիւն յայտնեց եւ մաղթեց, որ աշակերտներն ալ, իրենց հերթին, ապագային դառնան յաջողակ անձեր: Վարդանանց տօնին անդրադառնալով ան նշեց,  որ Վարդան թէեւ Աւարայրի դաշտին վրայ նահատակուեցաւ, բայց յաղթեց: Յաղթեց, որովհետեւ այսօր մենք տակաւին հայերէն կ’ասմունքենք, հայերէն կ’երգենք, հայերէն կ’աղօթենք, կը խօսինք ու կը կարդանք: Այս մեր յաղաթանակն է, հայկական դպրոց ունենալը մեր յաղթանակն է, եւ մենք պիտի գոյատեւենք Վարդաններու ոգիով:

***

Ուրբաթ, 1 Մարտ 2019-ին Մխիթարեան վարժարանին մէջ նշուեցաւ Բուն բարեկենդանի տօնը: Այդ օր աշակերտները դպրոց եկան ծպտուած իրենց նախասիրած ասպարէզներու տարազով: Տեղի ունեցաւ կոկիկ տօնակատարութիւն, որուն Երեւանէն ուղիղ եթերով միացան ՀԲԸՄ-ի Հայկական համացանցային համալսարանի (Armenian Virtual College) Հայաստանի գրասենեակի հիպրիտ ծրագիրներու պատասխանատու Արփինէ Թաւագալեան եւ ուսուցչուհի Զեփիւռ Խպլիկեան: Անոնք նախ մեր աշակերտներուն տեսերիզով ցուցադրեցին ու պատմեցին Հայաստանի մէջ բարեկենդանի աւանդական տօնակատարութեան մասին, այնուհետեւ հետեւեցան մեր մանկապարտէզի աշակերտներու ելոյթին եւ ապա տարազներու ցուցադրութեան: 7-8-րդ կարգի աշակերտները ներկայացուցին բարեկենդանի տօնին պատմականը, որ սկիզբ կու տայ Քառասնորդաց պահեցողութեան շրջանին եւ կը հասնի մինչեւ Ս. Յարութեան տօն: Օրուան աւարտին տեղի ունեցաւ խորհրդանշական հիւրասիրութիւն:

Նշենք նաեւ, որ նոյն օր առաւօտեան, Հայկական համացանցային համալսարանի Հայաստանի գրասենեակին միջոցով վարժարանիս 5-8-րդ կարգի աշակերտները հաճելի եւ օգտաշատ հնարաւորութիւնը ունեցան մուտք գործելու Յովհաննէս Թումանեանի եւ Կոմիտաս վարդապետի աշխարհէն ներս՝ առցանց շրջապտոյտ կատարելով անոնց թանգարաններուն մէջ, ծանօթանալով անոնց կեանքին ու գործունէութեան, եւ այս մէկը առ ի գործադրութիւն Թումանեանի եւ Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակներուն առիթով վերոնշեալ գրասենեակի նախաձեռնած ծրագրին:

ԼՐԱՏՈՒ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին