Շաբաթ, 15. 02. 2025

spot_img

Տօնդ Շնորհաւոր, Սիրելի՛ Հայ Կին. ՀԿՄՄ

Հայ Կանանց Միջազգային Միութեան Շնորհաւորանքը Կանանց, Մայրութեան Եւ Գեղեցկութեան Միամսեակի  Առիթով

Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ ապրող մեր թանկագի՛ն տատիկներ,  սիրելի՛ մայրեր,  քոյրեր,   մեր գեղանի՛ աղջնակներ,

Հայկանանց միջազգային միութիւնը սիրով եւ ջերմութեամբ կը շնորհաւորէ ձեզ՝ կանանց, մայրութեան եւ գեղեցկութեան գարնանային  միամսեակի  առիթով:

Ուրախալի է, որ հայոց պետութեան տօնացոյցին մէջ ամրագրուած է կնոջ ու մօր նուիրուած երկու պետական տօն, որոնք հրաշալի առիթ են զիրենք մեծարելու, ըստ արժանւոյն գնահատելու համար: Անուրանալի է կանանց դերը ընտանիքի, հասարակութեան ու պետութեան կեանքին մէջ։ Հայ կինը կիրթ է ու բանիմաց,  ինքզինք յաջողութեամբ կը դրսեւորէ գիտութեան, կրթութեան, քաղաքականութեան,  տնտեսութեան, մշակոյթի եւ այլ ոլորտներէն ներս՝ նպաստելով Հայրենիքի զարգացման,  Սփիւռքը  հայ պահելուգործին:

Անգնահատել  է Սփիւռքի մէջ հայ կանանց դերակատարութիւնը՝ ուղղուած երեխաներու հայեցի կրթութեան ու դաստիարակութեան, երիտասարդներու  հայապահպանութեան:

Սիրելի’ քոյրեր,

Ձեզմէ շատերը, յաղթահարելով բարդութիւններ, ձեր երեխաները  հայկական  դպրոց կ’ուղարկէք, կ’օգնէք, որ անոնքք ճանչնան իրենց ազգայ ին ինքնութիւնը,  չօտարուին հակական  արմատներէն:

Հայ կնոջ յատուկ են բարութիւնն ու ջերմութիւնը, հմայքն ու նրբութիւնը, համբերատարութիւնն ու հանդուրժողականութիւնը, միեւնոյն ժամանակ` աշխատասիրութիւնն ու պատասխանատւութիւնը, աւանդապաշտութիւնը, խոհեմութիւննու հաւատարմութիւնը: Մարդկային այս բարձր որակներն ալ կ’օգնեն, որ թէ ընտանիքի, եւ թէ աշխատանքի մէջ կանայք դառնան վստահելի ընկերներ ու աջակիցներ:

Սիրելինե՛րս, կը մաղթենք, որ բոլորիդ ընտանիքներուն մէջ իշխեն սէրը,  խաղաղութիւնն ու փոխըմբռնումը:

Թանկագի՛ն հայուհիներ, մեր գեղեցիկ, փափկասուն քոյրեր, ձեր ջերմութեամբ ու իմաստութեամբ շարունակեցէք նպաստել աշխարհի մէջ բարիի, գեղեցիկի, արդարութեան ու խաղաղութեան յաղթանակին, շարունակեցէք ամրապնդել Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան ազգապահպան կամուրջը եւ հզօրացնել հայապահպանութեան հոգեւոր զարկերակը։

Տօնդ շնորհաւոր,  սիրելի՛ հայ կին:

ՀԱՅ  ԿԱՆԱՆՑ  ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ  ՄԻՈՒԹԻՒՆ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին