Եզնիկ Բալիկի խօսքը «Առակներ» նորատիպի գինեձօնին
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Այսօր, ո՛չ դուք` այս սրահին մէջ եւ ոչ ալ ես` այս գրակալի ետին պիտի գտնուէի, եթէ մօտ տարի մը առաջ, Գրիգոր Շէնեան հեռաձայնով հետս կապի մէջ չմտնէր եւ 45 տարիներու ընթացքին գրի առած առակներուս ամբողջական հաւաքածոն հրատարակելու պատրաստակամութիւն չյայտնէր։
Շէնեան իր այս սիրայօժար առաջարկով երեք հոգեհաճոյ նպատակներ իրագործեց։
Նախ, իր խմբագրապետի, գրագէտի, հրապարակագրի եւ հասարակական գործիչի պատուանուններու կողքին, հայատառ գրքի մը մեկենասութեան տիտղոսը աւելցուց, երկրորդ՝ իր երկար տարիներու կեանքի ընկերուհի «Նոր Կեանք» շաբաթաթերթի տարիներու վարչական պատասխանատու եւ հայ մամուլի անխոնջ սպասարկու՝ Արշօ Շէնեանի յիշատակը գրքի ճամբով յաւերժացուց։ Եւ երրորդ՝ «Նոր Կեանք» մատենաշարի շղթան օղակով մը եւս երկարեց, ցարդ հրատարակուած հատորներու թիւը հասցնելով 41-ի։ Շատ կը խօսուի «Նոր Կեանք» շաբաթաթերթի հայ մամուլի բերած նպաստին մասին, բայց երբեք անդրադարձ չ՚ըլլար եւ երբեք չի խօսուիր «Նոր Կեանք» շաբաթաթերթի՝ Գրիգոր Շէնեանի ճիգերով ու ջանքերով ծնունդ առած մատենաշարի մասին։
Առ այս, սոյն մատենաշարէն լոյս ընծայուած հատորներու անդարձ մեկնած եւ դեռեւս կեանքին կառչած հեղինակներու եւ իմ կողմէ՝ սիրելի Գրիգոր ընդունէ շնորհապարտութեան եւ երախտագիտութեան ջերմ զգացումներ։
Շնորհակալութեան խօսք ունիմ նաեւ «Նոր Օր» շաբաթաթերթի խմբագիր՝ Հրաչ Սեփեթճեանին, որ հակառակ իր բազմազբաղութեան եղաւ իմ նորատիպ հատորիս գրաշարը, սրբագրիչը, վերստուգող սրբագրիչը, էջադրողը, կողքի ձեւաւորողը, «երկու խօսք» ստորագրողը եւ ինչպէս քիչ առաջ լսեցիք՝առակագրքիս գրական արժէքը լուսարձակի տակ բերողը։
Շնորհակալութիւն Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանին։ …Անձնապէս լաւ կը յիշեմ Վահրամը։ …Ան այսօր ոչ միայն հայ եկեղեցւոյ բարձրաստիճան եւ բեղուն գործունէութեան տէր հոգեւորականի յարգանք կը վայելէ, այլ նաեւ տասնեակներ հաշուող իր գրական եւ քարոզչական հատորներով մտաւորականի դափնեպսակ կը կրէ։
Շնորհակալութեան խօսք ունիմ գեղարուեստական յայտագրին մաս կազմող բոլոր շնորհալի անդամներուն, որոնք նուագով, երգով, ընթերցումով զուարթ մթնոլորտ ստեղծեցին եւ այսօրուան հանդիսութեան ծաղիկները դարձան։
Վերջապէս շնորհակալութիւն ձեզի, գրասէր, ընթերցասէր եւ մշակութասէր ներկաներ, որ հակառակ խճողուած մայրուղիներու վրայ, ջիղեր քայքայող երթեւեկին, եկած էք հայ գրքի մը ծնունդը շնորհաւորելու։ Խնդրելով կը խնդրեմ, որ ընդմիշտ քաջալերէք հայոց գիրն ու դպրութիւնը, որովհետեւ անոնց մէջն են մեր ոգեղէն հարստութեան գանձերը եւ անոնցմով աւիշ կը ստանան մեր գոյութեան ծառի արմատները։
***
Որքա՜ն պիտի ուզէի որ գոնէ այսօր, առակագիրքս գինիով օծելէ ետք, յաղթանակ մը տարած զինուորի մը պէս, հպարտ կուրծքով բեմէն իջնէի, ձեռքի սեղմումով եւ քաղցր ժպիտներով՝ ձեր շնորհակալական խօսքերը եւ ճամբորդութեան պատրաստուած գիրքերս մակագրելէ ետք, հոգեզուարթ գոհունակութեամբ եւ անմոռաց յուշերով այս սրահէն մեկնէի։
Բայց սիրտս միջամտեց եւ պարտադրեց, որ զգացումներս եւ ապրումներս այլ ուղղութեամբ առաջնորդեմ։
Դո՛ւք ըսէք. ամբողջ կեանք մը հայ գրականութեամբ ապրող ու շնչող, Մեսրոպեան տառերով գիրքեր հրատարակող, հայերէն լեզու եւ մատենագիտութիւն դասաւանդող խորաններէ եւ բեմերէ՝ հայ հոգեւոր եւ մտաւոր ու մշակութային արժէքներ խնկարկող տրուպս՝ ինչպէ՜ս կ՚ուզէք որ հոգետանջալի մղձաւանջներ եւ սրտակսկիծ խռովքներ չունենայ, երբ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գրասենեակէն կ՚ահազանգուի թէ արեւմտահայ ժողովուրդի լեզուն, իմ պաշտած լեզուն անհետանալու եւ մոռացութեան մատնուելու վտանգին առջեւ կը գտնուի։
Եւ այս, սիրելիներ, լոկ օդին մէջ նետուած անտեղի եւ զանցառելի ազդարարական մը չէ, այլ մեր մորթին վրայ արդէն իսկ զգալի դարձած իրողութիւն։ Կը կարծեմ թէ ոեւէ մէկուդ համար ալ գաղտնիք չէ, տարուէ տարի հայկական վարժարաններու փակումը, հայ տպագիր թերթերու կասեցումը, մտաւորական գրիչներու նուազումը, հայերէն լեզուի ուսուցիչներու մոմով փնտռտուքը, մշակութային միութիւններու կաղացումը եւ նոյնիսկ հայ լեզուի եւ մշակոյթի մեր ողնայարները հանդիսացող միջինարեւելեան հայ գաղութներու մէջ, ի նպաստ տեղական լեզուներու՝ մեր ոսկեղէն մայրենի լեզուին օրըստօրէ տեղատուութիւնը։
Ամիս մը առաջ, Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի երկարամեայ խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեան, որ միշտ դրական մօտեցումով եւ գնահատական բառերով ողջունած է իր բազմահարիւր բաժանորդները, սեւով ճերմակի վրայ գրիչ շարժեց եւ սրտի ցաւով խոստովանեցաւ. «Տակաւ կը պակսի տեսակը այն հայ մարդուն, որ օրը չէր աւարտեր առանց օրուան հայ թերթը կարդալու»։
Հատտէճեանի այս տողերը կարդալով, մտքերու զուգորդութեամբ աչքերուս առջեւ պատկերացաւ արեւմտահայ բանաստեղծութեան անկրկնելի իշխան Վահան Թէքէեանի դէմքը, որ 1940-ական թուականներուն Եգիպտոսի մէջ նկատելով մեր ժողովուրդի անտարբեր վերաբերմունքը հանդէպ հայ գիրքի ու գրականութեան, տագնապահար սրտով արձանագրեց.
«Լեզուն որով գրեցի՝ երկրի երեսը
Քիչեր կը կարդային զայն արդէն
Եւ պակսեցան անոնք ալ…»։
Նոյն օրերուն, հեռաւոր Ֆրանսայէն, հայ գրականութեան թուխ Արամազդը՝ Աւետիս Ահարոնեան, արեւմտահայերէնի վերջալոյսը երեւակայելով Լիոնի մէջ դասախօսութեան մը ընթացքին պոռթկաց. «Հոգիս պայթում է այն մտածումից, թէ ի սփիւռք աշխարհի տարտղնուած ցեղիս զաւակները, կարող են մի օր իրենց աչքերը փակել մեր մայրենի լեզուի ճառագայթող գեղեցկութեան առջեւ»։
Իսկ քիչ անդին Փարիզէն հայ վէպի վարպետ՝ Շահան Շահնուր, նկատելով հայ տարագիր բեկորներու պարտուողական ոգին եւ փորձելով կասեցնել հոսանքը օտարամոլութեան վտանգին, ուսերուն ողբերգու մարգարէի պատմուճան նետեց եւ աղաղակեց.
«Կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն, կամայ եւ ակամայ գիտութեամբ եւ անգիտութեամբ, մեղա՜յ, մեղա՜յ, Արարատին…»։
Բարեբախտաբար, այս երեք մտքի հսկաներուն յոռետես նախազգացումները արմատ չնետեցին, որովհետեւ Մեծ Եղեռնի արհաւիրքէն ճողոպրած մեր մեծ հայրերը, հակառակ իրենց խեղճ ու կրակ վիճակին, կրակէ շապիկներ հագուեցան եկեղեցիներու կողքին, թէկուզ թիթեղեայ, ազգային վարժարաններ բացին, թրքախօսութեան դէմ պայքար յայտարարեցին, հայ գիրք ու թերթ կարդացին եւ սփիւռքահայութեան նաւը փոթորիկներէ փրկելով խաղաղ նաւահանգիստներ հասցուցին։
Տարօրինակ ժողովուրդ ենք. խոնաւ աչքերով եւ կարօտի արցունքներով «Կռունկ», «Ծիծեռնակ», «Ախ հայրենիք», «Հայաստան երկիր դրախտավայր» կ՚երգենք, մեր տուներու պատերէն Արարատի նկարները կը կախենք, փոխանակ մեր վերջնական բոյները հիւսելու հայրենի երկնակամարին տակ, ա՛լ աւելի սփիւռքի քաղաքացի կը դառնանք։
Ես պատմագէտ չեմ եւ ոչ ալ քաղաքագէտ, այս ո՛չ բաղձալի կացութեան հոգեբանական ազդակները վերլուծելու համար։ Բայց, համոզուած ըլլալով, որ սփիւռքը կա՛յ ու անորոշ ժամանակով տակաւին պիտի մնայ, ես խոնարհագոյն մտաւորականը ներկայ ժամանակներու, պարտք կը զգամ ձայն բարձրացնել եւ ցոյց տալ զէնքն ու զրահը մեր գոյակեցութեան եւ գոյապայքարին։
Հրեայ նշանաւոր ընկերաբան մը ըսած է. «Աշխարհացրիւ հրէական սփիւռքին գոյատեւման գաղտնիքը իր կրօնքն է։ Ջնջեցէք այդ կրօնքը եւ կը ջնջուի հրէական սփիւռքը»։
Ահա այս մօտեցումով, ես ալ իմ կարգին, խորահաւատ համոզումով կը յայտարարեմ, թէ աշխարհատարած հայկական սփիւռքի գոյատեւման գաղտնիքը իր ԼԵԶՈՒն է, ջնջեցէք այդ լեզուն եւ կը ջնջուի հայկական սփիւռքը։ Որովհետեւ երբ լռէ լեզուն, կը լռէ նարեկեան աղօթքը, կը լռէ կոմիտասեան երգը, կը լռեն դպրոցներու զանգերը, կը մարին մշակոյթի ջահերը եւ այդ լռութեան մէջ կը դադրի տրոփելէ ու բաբախելէ մեր ժողովուրդի սիրտը։
Չեմ կարծեր, որ բացի այս խորախորհուրդ ճշմարտութենէն, ուրիշ բան մը իր մտքին մէջ ունէր հանճարեղ բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեանը, երբ մայրական սրբութիւնն իսկ զոհաբերելով հայ լեզուի խորանին վրայ պատգամեց.
«Թէ մօրդ անգամ մտքիցդ հանես,
Քո մայր լեզուն չմոռանաս»։
***
Յարգարժան սիրելիներ. ուզենք թէ չուզենք, պիտի ընդունինք թէ մենք Մեսրոպաշունչ ժողովուրդ ենք եւ Մեսրոպեան լեզուն վաւերագիրն է մեր ինքնուրոյնութեան, անձնագիրն է մեր գոյութեան եւ հաւատարմագիրը մեր էութեան։
Դժբախտաբար մեր մէջ կան վարդագոյն ակնոցներ կրող ազգայիններ, որոնք անտեսելով հայ լեզուի կարեւորութիւնը, հայագոյատեւումի իրենց գրաւը ոգեկան եւ հոգեկան ուժերու վրայ կը դնեն։
Միամիտ ինքնախաբէութիւն եւ կարճատեւ ինքնահաստատում է այս մտածելակերպը։ Այո՛, կարելի է ոգիով ու հոգիով սքանչելի հայ ըլլալ, ազգօգուտ հրաշալի գործեր կատարել, պատմութեան մէջ ոսկի տառերով անուն ապահովել, բայց՝ ոգիով ու հոգիով կարելի չէ սերունդներու յաջորդականութիւնը ապահովել։
Աշխարհի վրայ չկայ մէկ հատիկ հայկական գաղթօճախ, որ առանց հայ լեզուի զէնք ու զրահին կարողացած ըլլայ ինքզինք պաշտպանել ձուլում կոչուող եօթնագլխանի վիշապին դէմ։
Հայոց պատմութիւնը կու տայ մեզի այս անհերքելի ճշմարտութեան վկայութիւնը։ Անցեալի մեր հայահոծ գաղութներէն բոլոր անոնք, որոնք կորսնցուցին մեր լեզուի զանգակը եւ կտրեցին մեր մշակոյթի պորտակապը դարձան ձուլումի հնոց եւ ապա՝ գերեզմանոց։ Անոնք այսօր կը կոչուին Լեհաստան, Հունգարիա, Հնդկաստան, Սինկափուր, իսկ վաղը կրնան կոչուիլ Ամերիկա, Ֆրանսա, Քանատա, Աւստրալիա կամ Արժանթին։
Նախաեղեռնեան մեր գաղութներէն միայն Պարսկաստանի հայ գաղութը հայականգուն եւ հայադրոշմ մնացած է, որովհետեւ պարսկահայութիւնը մեր մեծասքանչ մայրենի լեզուն իր շրթներէն երբեք չէ հեռացուցած եւ հայ մշակոյթի կրակով իրենց մտքերը լուսաւորած։
Ահա այս մտորումներով տարուած, այսօր՝ Թէքէեաններու, Ահարոնեաններու, Շահնուրներու ներաշխարհները փոթորկող եւ սրտերը ճանկրտող ցաւը, կը վիրադառնայ ու կը նստի իմ սրտի վրան եւ կը ստիպէ, կը պարտադրէ որ բերանս բանամ ու պաղատագին խնդրեմ ձեզմէ, որ ուր որ ալ ըլլաք, որ երկրի ալ բնակիչ դառնաք, տեղական լեզուին կատարելապէս տիրացէք, մէկէ աւելի լեզուներ խօսեցէք, լեզուագէտներ դարձէք, բայց առօրեայ ձեր զբաղումներէն ետք, երբ ձեր տուները դառնաք, ձեր գիտցած բոլոր լեզուները մոռցէք եւ ձեր զաւակներուն եւ ընտանիքի անդամներուն հետ,
ի սէր Հայ եկեղեցւոյ խորանին ու գմբէթին,
ի սէր Մեսրոպ Մաշտոցի Այբ Բեն Գիմ-ին եւ մշակոյթին,
ի սէր ձեր երակներուն մէջէն հոսող Արմենական արիւնին,
ի սէր մեր մէկուկէս միլիոն սրբացեալ նահատակներու կտակին,
ի սէր մեր սրբազան լեռ Արարատին,
եւ վերջապէս, ի սէր Աստուծոյ, միշտ հայերէն խօսեցէք։
Պրպենք, 20 Փետրուար 2019