«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Մարտ 7-ին ընդունած է Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ, ԵՄ թուային միացեալ շուկայի հարցերով յանձնակատար Անտրուս Անսիփը:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ հանդիպումին զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են ելեկտրոնային կառավարումին, թուային օրակարգի մշակումին ու իրականացումին, թուային հանրային ծառայութիւններուն ու անհրաժեշտ կարգաւորումներուն վերաբերող հարցերու շուրջ, կարեւորած են թուային հմտութիւններու զարգացումին ուղղուած քայլերը:
Նախագահ Սարգսեան ըսած է, որ ՀՀ առաջնահերթ կը համարէ նորարարութիւններն ու նոր արհեստագիտութիւննները. «Հայաստանում շատ լաւ հասկանում են, որ ապագան թուային է, առաւել եւս, որ թուային շուկայում նորարակական գաղափարները շատ աւելի մեծ հնարաւորութիւն ունեն վերածուելու գործի»:
Ներկայացնելով ԵՄ-ի մէջ թուային ընդհանուր շուկայի ձեւաւորումին ուղղութեամբ իրականացուող քաղաքականութիւնը՝ ԵՄ թուային միացեալ շուկայի հարցերով յանձնակատարը նշած է, որ կ’ակնկալեն այս ոլորտին մէջ աւելի խոր գործակցութիւն Հայաստանի հետ: