«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Երէկ տեղի ունեցած է ՀՀ կառավարութեան հերթական նիստը, որ վարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ նախքան օրակարգային հարցերու քննակումը, վարչապետը ամփոփած է Պրիւքսել կատարած այցին արդիւնքները եւ անդրադարձած ԵՄ-ի հետ գործակցութեան ծիրէն ներս յառաջիկայ ընելիքներուն:
Գործադիրը հաւանութիւն տուած է «Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» ՀՀ օրէնքին եւ յարակից շարք մը օրէնքներու մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին նախագիծերու փաթեթի վերաբերեալ կառավարութեան օրէնսդրական նախաձեռնութեան:
Օրինագիծերու փաթեթով կարելի կ’ըլլայ իրականացնել կառավարութեան գործունէութիւնը աւելի արդիւնաւէտ ձեւաչափով: Ըստ այնմ, մասնաւորապէս կը նախատեսուի կրճատել փոխվարչապետներու թիւը՝ հանելով առաջին փոխվարչապետի պաշտօնը, նախարարութիւններու թիւը կրճատել՝ սահմանելով 12 նախարարութիւն.
1) Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւն,
2) Առողջապահութեան նախարարութիւն,
3) Արդարադատութեան նախարարութիւն,
4) Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւն,
5) Արտաքին գործոց նախարարութիւն,
6) Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւն,
7) Շրջակայ միջավայրի նախարարութիւն,
8) Պաշտպանութեան նախարարութիւն,
9) Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութիւն,
10) Բարձր արհեստագիտութիւններու արդիւնաբերութեան նախարարութիւն,
11) Տնտեսութեան նախարարութիւն,
12) Ելեւմտական նախարարութիւն: