Մարտի 8ն աշխարհի մէջ կը տօնուի որպէս Կանանց Համաշխարհային Օր։ Հայոց մօտ տօնը Ապրիլի 7-ին է։
Կանանց Համաշխարհային Օրուայ առիթով կը հրատարակենք պատկեր մը՝ հայ կնոջ կողմէ հեղինակուած առաջին հայերէն գիրքի կազմն է ան։ Գիրքին անունն է,- «Գիրք, որ կոչի բանալի գիտութեան»։ Հրատարակուած է 18-րդ դարուն…:
Գիրք, որ կոչի բանալի գիտութեան
(հայերէն – ռուսերէն բառարան, 291 էջ)
Հայ կնոջ հեղինակած առաջին հայերէն գիրքը
Հեղինակ՝ Կղէօպատրա Սարաֆեան
Հրատարակուած է Խալդարեան տպարանին մէջ՝
Սանկտպետերպուրգ (Սանկտ Պետերպուրգ), 1788 թուականին