«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թուրքիոյ ռազմածովային ուժերու նաւերը՝ TCG Fatih-ը եւ TCG Kilic-ը, ժամանած են Պաթումի նաւահանգիստ, կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը՝ յղում ընելով «Կրուզիա Online»-ին:
Թուրքիոյ ՌԾՈՒ-ի նաւերը Վրաստանի ՆԳ նախարարութեան սահմանապահ ոստիկանութեան առափնեայ պահպանութեան գերատեսչութեան աշխատակիցներուն հետ համատեղ վարժանքներ կ’իրականացնեն «Մաւի Վաթան-2019» («Երկնագոյն հայրենիք-2019») զօրավարժութիւններու ծիրէն ներս, որոնք Թուրքիոյ Սեւ, Էգէեան եւ Միջերկրական ծովերու ջրատարածքներուն տեղի կ’ունենայ Փետրուար 27-էն մինչեւ Մարտ 8:
Ինչպէս կը նշուի, վերջին քսան տարուան մէջ Թուրքիան Վրաստանի հետ աշխուժօրէն կը գործակցի անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան ոլորտներուն մէջ, օգնութիւն կը ցուցաբերէ կազմերու պատրաստութեան եւ առափնեայ պահպանութեան համակարգի հանդերձումին, անոնց մակարդակը ՆԱԹՕ-ի չափակարգերուն համապատասխանեցնելու գործին մէջ: