Երկուշաբթի, 11. 11. 2024

spot_img

Գիրքերու հետ

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱՂՊԱՇԵԱՆ (ԽԻԿԱՐ)

Մարդը, գրողը, թարգմանիչը, հրապարակագիրը, քաղաքական գործիչը, երգիծագիրը

Կազմեց եւ խմբագրեց՝ Պարոյր Յ. Աղպաշեան, 608 էջ, Պէյրութ, Լիբանան

ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լիբանանահայ ազգային-գրական-հասարակական կեանքէն ներս, հանրածանօթ ու վաստակաշատ դէմք մը եղած է Յովհաննէս Աղպաշեան (1909-1987)՝ իբրեւ յախուռն հրապարակագիր, խմբագիր, արձակագիր, երգիծագիր («Խիկար» գրչանունով) ու թարգմանիչ։

Յետ նախակրթութեան, միջնակարգ ուսումնասիրութիւնը որոշ շրջան մը կ՚անցնի Կիպրոսի նորաբաց Մելգոնեան Կրթական Հաստատութենէն, ուր գրականութեան շունչն ու կայծը կը ստանայ Յ. Օշականէն, ապա՝ իր ազատ ժամերուն, կ՚ըլլայ մշտական ուսանող «կեանքի համալսարան»ներէն ներս։ Իր յամառ ընթերցասիրութեան շնորհիւ, ինքնաշխատութեամբ՝ հայերէնի կողքին կը տիրանայ նաեւ արաբատառ թրքերէն, արաբերէն ու ֆրանսերէն լեզուներու։

Իր կենդանութեան լոյս ընծայած է քաղաքական-ընկերային բովանդակութեամբ երգիծական չորս հատոր, յուշագրական՝ երկու հատոր եւ թարգմանական (արաբերէն-հայերէն ու փոխադարձ) երեք հատոր գիրք։ Հոս կ՚ուզեմ ընդգծել Յ. Աղպաշեանի արաբերէն լեզուի խոր իմացութիւնը, որ ի յայտ կու գայ Եր. Օտեանի «Ընկեր Փանջունի» երկի արաբերէն թարգմանութեան մէջ (Պէյրութ, 1970), վկայակոչելով «Էլ Ֆիքր էլ-Ժատիտ» («Նոր Գաղափար», Բ. տարի, թիւ 5, Յունիս 1970) ամսագրի խմբագիր, բանաստեղծ Դոկտ. Միշէլ Սուլէյմանի յօդուածը, որ ներկայացնելէ ետք երգիծաբան Երուանդ Օտեանը արաբ ընթերցողներուն, կը դրուատէ թարգմանիչին կատարած երախտաշատ աշխատանքը ու կը գրէ. «Անհրաժեշտ է շեշտել նաեւ այն, որ գիրքին լեզուն անթերի արաբերէն մըն է հոյակապ կառոյցով։ Ակնյայտ է, որ վարպետը՝ Յովհաննէս Աղպաշեան ճիգ չէ խնայած բնագիրին հաւատարիմ մնալու եւ հոն յայտնուած գաղափարներուն յստակութիւնը պահելու ուղղութեամբ»։

Լիբանանահայ ու տեղական արաբատառ մամուլին մէջ ստորագրած կամ անտիպ մնացած իր անհաշիւ յօդուածներէն շուրջ 250-ը ընգրկրուած են ներկայ ստուար հատորին մէջ՝ բարեխնամ հոգածութեամբը իր որդւոյն՝ վաստակաշատ խմբագիր-հրապարակագիր-բանասէր, հեղինակ տասնեակ մը հատորներու եւ կրթական մշակ Պարոյր Յ. Աղպաշեանի, որ խղճմտօրէն զննելէ ետք խառնակուտակ դէզը 50-ամեայ ժամանակահատուածի հայ եւ արաբ մամուլի, տակաւին ցարդ տպուած հատորներէ դուրս մնացած իր հօր գրական ժառանգութիւնը դասաւորած է հետեւեալ բաժանումներով.-

– Սփիւռքեան հրատապութիւններ, հիմնախնդիրներ, հոլովոյթներ.

– Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւններ.

– Գաղափարական-քաղաքական.

– Միջին Արեւելքը լուսարձակի տակ՝ քաղաքական-պատմական, հայ-արաբական կապեր.

– Գրական կտորներ.

– Գրական-գեղարուեստական.

– «Խիկար»եան կսմիթներ եւ խայթոցներ.

– Խիկարի ձեռատետրէն։

Յ. Աղպաշեանի բազմաբնոյթ գրութիւնները լոյս տեսած են յատենի «Ժողովուրդի Ձայն», «Մեր Նշանաբանն է Յառաջ», «Յառաջ Շաբաթօրեայ», «Յառաջ Գրական», «Զարթօնք», «Նայիրի» (Ա. շրջան), «Սփիւռք» եւ «Շիրակ» թերթերու եւ պարբերականներու մէջ։ Իբրեւ մամուլի մարդ, իր գաղափարական կազմաւորումը կը պարտէր ընկերային ձախակողմեան շարժումներուն, ուր ծառայած էր համամարդկային վեհ սկզբունքներուն, միշտ գերիվեր համարելով մեր ազգային ու հայրենական շահերը։

Ստուարածաւալ սոյն հատորը լոյս կը տեսնէ հեղինակին մահուան 30-րդ տարելիցին առիթով, որ կու գայ արդար բերքահաւաքը կատարելու եւ մոռացումէ փրկելու հրապարակագրական կիսադարեան վաստակ մը, որ կ՚ընդգրկէ 20-րդ դարու ամէնէն զգայուն տասնամեակները։

Ընդհանրացած կարծիք մը կայ, որ խմբագիրի մը կատարած աշխատանքին եւ անոր «օրը օրին» ստորագրած յօդուածներուն կու տայ «ապերախտ» վերադիրը, մոռացութեան գիրկը յանձնելով տուեալ յօդուածներուն ներքուստ պարփակած այն հզօր ճշմարտութիւնը, որ ապագայ ժամանակի ընկերցողներուն համար, թէ այդ գրութիւնները ճշգրիտ վկաներն են իրենց գոյութեան իմաստին։ Այս պարագային նկատի ունինք յօդուածագրին դիտումներն ու դատումները, երբ կը կատարէ իր յառած գաղափարախօսութեան վերլուծաբանութիւնը եւ ուր կը յայտնուին իր ապրած ժամանակի ընկերա-քաղաքական հոլովոյթները։

Արդ, սոյն «Ընտրանի»ն որքանո՞վ կը ներկայացնէ իր «ժամանակ»ը, որ առաւելաբար կ՚ընդգրկէ նուիրեալ կեանքին յիսնամեակը Յ. Աղպաշեանի։

Պարոյր Յ. Աղպաշեանի կազմած ու խմբագրած այս ստուարածաւալ հատորը կու տայ իր դրական պատասխանը մեր բազմապիսի հարցադրումներէն մեծագոյն մասին, սկսած Բ. Աշխարհամարտէն, հայրենադարձի շարժումէն, եւ լիբանանահայ մեր ազգային ու տեղական կեանքին մաս կազմող ցնցիչ երեւոյթներէն։

Իւրաքանչիւր բաժին՝ ինքնին համարժէք է գրքոյկի մը։

Ստուարածաւալ այս հատորը, իր ներկայ թէ ապագայ ընթերցողին համար կը հանդիսանայ վաւերաթուղթի մը արժանիքները կրող աղբիւր՝ ինչպէս է պարագան նմանատիպ այլ երկերու, իբրեւ «ժամանակագրութիւն երէկի»։ Նոյնիսկ փոքր վիպակի մը նմոյշ համարուող «Բռնկող հորիզոնը սեւ խորանարդի ընդմէջէն» գրական այս կտորը՝ յաջողապէս 1940-ական թուականներու Լիբանանի նախա-անկախութեան ժամանակահատուածի հայ եւ արաբ գաղափարական եղբայրակցութեան մղած միացեալ պայքարը յանուն Լիբանանի անկախութեան եւ ընդդէմ օտար գերիշխանութեան։

Գրական եւ գրականագիտական նիւթեր շօշափող յօդուածներու շարքին հարկ է յիշատակել 1946-ին Երեւանի մէջ Յովհաննէս Աղպաշեանին ելոյթը Հայաստանի Գրողներու միութեան Բ. համագումարին, ինչպէս նաեւ՝ սփիւռքի հայ գրական կեանքին ու տասնեակէ մը աւելի հայ եւ արաբ գրողներու երկերուն անդրադարձող բազմաթիւ էջեր։ Անշուշտ, արդար ըլլալու համար պէտք է արձանագրել, որ Յ. Աղպաշեան էր ու կը մնայ միշտ գաղափարապաշտ հրապարակագիր մը, եւ գեղարուեստական իր մտահոգութիւնները քիչ անգամ զինք կ՚անհանգստացնէին։

Սակայն, լիբանանահայ գրականութեան մէջ, ան առաւելաբար պիտի յիշուի իբրեւ շնորհալի երգիծաբան՝ իր հրատարակած չորս հատորեակներով. «Մեր խմբագիրները», «Բաղաձայն սենֆոնի հայ անաւարտ դատի», «Ա՜խ, լաճեր տնաւեր» եւ «Մեղրամոմէ կիսանդրիներ», որոնք հարստացուցին սփիւռքահայ գրականութեան երգիծական շունչը։

Երգիծագիր ԽԻԿԱՐը այս գիրքին մէջ կը ներկայանայ իր Ձեռատետրի կսմիթներով ու խայթոցներով՝ շուրջ 150 էջ գրականութեամբ։ Պատկերազարդ պատմութիւն մը լիբանանահայ կեանքի։

 

***

Յովհաննէս Աղպաշեան կը պատկանէր շարքին արեւմտահայ տարագիր սերունդի որբերու այն տղոց, որոնց «անուրախ մանկութիւնը» եղաւ աղբիւր գրական ստեղծագործութիւններու եւ հարստացուց իրենց գրական կենսագրութիւնը։ Ինքնաշխատութեամբ՝ ան գործնականօրէն եղաւ վրէժխնդիր՝ հանդէպ իրեն պարտադրուած դժխեմ ճակատագիրին «զրկանք»ներուն, եւ իր բնազդին անպարտելի նկարագիրով՝ յաղթահարեց ակադեմական ուսումնասիրութեան իրեն պարգեւելիք իմացական յաւելեալ գիտելիքներու պակասը։ Արդեօ՞ք այս էր պատճառներէն մէկը, որմէ թելադրուած իր կրտսեր որդին Պարոյր Աղպաշեան, եղաւ նախանձախնդիր շարունակելու իր հօր կիսատ մնացած «երազ»ը, ու շուրջ կէս դարէ իվեր՝ բանասիրական ու գրականագիտական իր համալսարանական կրթութեամբ կը ծառայէ սփիւռքահայ կրթական հիմնարկներուն իբրեւ վաստակաշատ դասախօս-ուսուցիչ, ու բեղուն խմբագիր-հրապարակագիր եւ աշխատակից հայ պարբերական մամուլին ու գրական հանդէսներուն։

Ներկայ ծաւալուն հատորին հրատարակութիւնը խօսուն ապացոյցն է հայր եւ որդի Աղպաշեաններուն երախտաշատ ու հոգեհարազատ մտերմութեան։ Արժա՛ն եւ իրա՛ւ։

 

 

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին