Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

Ալիեւ եւ Թուրքիոյ Խորհրդարանի Նախագահը Քննարկած են Արցախեան Հարցը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Ատրպէյճանի մէջ գտնուող Թուրքիոյ խորհրդարանի նորընտիր նախագահ, իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան (AKP-ԱԶԿ) անդամ Մուսթաֆա Շէնթոփ հանդիպում ունեցած է Իլհամ Ալիեւի հետ: Հանդիպման ժամանակ քննարկուած է արցախեան հարցը, ինչպէս նաեւ թուրք-ատրպէյճանական համագործակցութեան առանցքային հարցեր, կը հաղորդէ “Էրմէնիհապեր”-ը։

Թուրք պաշտօնեան  յիշեցուցած է, որ Թուրքիան Ղարաբաղի հարցի շուրջ միշտ սատարած է Ատրպէյճանին: Ան պաշտօնեան կարեւոր համարած է ուժանիւթի եւ գազային այն խոշոր նախագիծերը, որոնք կ՛իրականացուին երկու երկիրներու միջեւ:

Մինչ Ալիեւի հետ հանդիպիլը, Թուրքիոյ խորհրդարանի նաախագահը հանդիպած էր Ատրպէյճանի խորհրդարանի նախագահ Օքթայ Ասատովի հետ: Հանդիպումին Շէնթոփ կարեւոր նկատած է ատրպէյճանական իշխանութիւններուն պայքարը Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական համարուող կիւլենական համայնքի ներկայացուցիչներու դէմ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին