Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

ՄԱԿ-ի Մէջ Կոչ Ըրած Են 120 Մլն Տոլարի Շտապ Մարդասիրական Օգնութիւն Ցուցաբերելու Հիւսիսային Քորէային

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Անհրաժեշտ է Հիւսիսային Քորէային 120 մլն տոլարի չափով մարդասիրական շտապ օգնութիւն ցուցաբերել՝ երկրի 3.8 մլն բնակիչներու կեանքը փրկելու համար, որոնք կը տառապին պարենամթերքի եւ դեղորայքի անբաւարարութենէն: Այդ մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ըսուած է Փհենիանի մէջ ՄԱԿ-ի համակարգող Թաբան Միշրայի յայտարարութեան մէջ, որ Մարտ 6-ին զետեղուած է կազմակերպութեան կայքին վրայ:

Միջազգային փորձագէտներու գնահատումներուն համաձայն՝ ներկայիս Հիւսիսային Քորէայի 25 մլն բնակիչներէն շուրջ 11 միլիոնը սննդամթերքի, մաքուր խմելաջուրի պակաս ունի, զրկուած է առողջապահական բնականոն պայմաններէն եւ հնարաւորութիւն չունի օգտուելու առողջապահական համակարգէն: «Լայնօրէն տարածուած թերասնումը կը սպառնայ երեխաներու ամբողջ սերունդի մը, միաժամանակ իւրաքանչիւր հինգերորդ երեխան թերզարգացած է տեւական քաղցածութեան պատճառով,- կ’ընդգծուի փաստաթուղթին մէջ:- Առողջապահութեան սահմանափակ հնարաւորութիւններու եւ անվտանգ ջուրի ու առողջապահական ծառայութիւններու հասանելիութեան բացակայութեան պայմաններուն մէջ երեխաները նաեւ կ’ենթարկուին այդպիսի հիւանդութիւններէ մահանալու վտանգին»:

Միջազգային կազմակերպութեան տուեալներով՝ 2018 թուականին Հիւսիսային Քորէայի մէջ արտադրուած սննդամթերքներու ծաւալը ամենացածը եղած է վերջին տասը տարուան ընթացքին, ինչը յանգեցուցած է պարենամթերքի զգալի պակասորդին: 2017 թուականի Դեկտեմբերէն ի վեր Հիւսիսային Քորէայի նկատմամբ կը գործեն ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի կոշտ պատժամիջոցները, որոնք զգալիօրէն կը սահմանափակեն հանրապետութեան առեւտուրը արտասահմանեան երկիրներու հետ, ինչը պատճառ դարձած է երկրի պարենամթերքի մատակարարումներու կտրուկ նուազումին, հաղորդած է «ԹԱՍՍ»-ը:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին