Երեքշաբթի, 18. 02. 2025

spot_img

Նոյնիսկ Իր 100-ամեակին Ան Ընդմիշտ Կը Մնայ Երիտասարդ. ՀՀ Նախագահը Յարգանքի Տուրք Մատուցած Է Վազգէն Սարգսեանի Յիշատակին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Մարտ 5-ին «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսի, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի անդամներուն հետ ներկայ գտնուած է Հայաստանի ազգային հերոս, Արցախի հերոս Վազգէն Սարգսեանի ծննդեան 60-ամեակին նուիրուած ոգեկոչումի արարողութեան: 

Ինչպէս կը տեղեկացնեն ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, Հանրապետութեան նախագահը ծաղկեպսակ դրած է Վազգէն Սարգսեանի շիրիմին եւ յարգանքի տուրք մատուցած անոր յիշատակին:

Նախագահ Սարգսեան պանթէոնին մէջ նաեւ ծաղիկներ դրած է Անդրանիկի գերեզմանին եւ հայրենիքի անկախութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած հայորդիներու յիշատակը յաւերժացնող յուշապատին:

Լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ նախագահ Սարգսեան մասնաւորաբար ըսած է. «Այսօր տօնում ենք Վազգէն Սարգսեանի ծննդեան 60-ամեակը: Անգամ իր 70, 80, 90, 100-ամեակին մեզ համար նա ընդմիշտ կը մնայ երիտասարդ, 40 տարեկան Վազգէն Սարգսեանը, որին մենք ճանաչել ու սիրել ենք, ում հետ բարեկամութեամբ ու ընկերութեամբ իրաւամբ հպարտացել ու շարունակ հպարտանում եմ»։ 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին