ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ
22 Փետրուարը միութեան վարժարաններուն համար տօնական օր էր, որովհետեւ Վարդանանց հերոսամարտի ոգին կը թեւածէր իւրաքանչիւր աշակերտի եւ ուսուցիչի մէջ ու ընդհանրապէս դպրոցի երկնակամարին վրայ:
Բծախնդրութեամբ ու հետեւողականութեամբ պատրաստուած էր կոկիկ, գողտրիկ ու հաղորդական յայտագիր մը, որ մեծապէս ոգեւորեց ու խանդավառեց աշակերտութիւնը:
Բեմը զարդարուած էր «Վարդանեան» խորհրդանշաններով. Վարդան Մամիկոնեան, Ղեւոնդ Երէց, խաչ, կարգախօս եւ Աւարայր, որոնք արդէն ցոյց կու տային հերոսամարտի պերճախօսութիւնը եւ արտայայտչականութիւնը:
Բացման խօսքը կատարեց Կարօ Կիրիթլեան (10-րդ դասարան), որ կարեւորեց այս ազգային տօնի նշումը եւ անկէ ոգեշնչուելու ու գոյատեւելու յառաջադրանքները:
Այնուհետեւ սկիզբ առաւ գեղարուեստական տպաւորիչ յայտագիր մը հետեւեալ յաջորդականութեամբ.
- Խմբային արտասանութիւն. «Խորհուրդ Վարդանանց» (Վահան Թէքէեան), Ը. դասարանի կատարողութեամբ
- Խմբերգեր. «Հիմի՞ էլ լռենք», Է. դասարանի կատարողութեամբ, դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Լոռի Փոլաճեանի, նաեւ «Մենք քաջ Վարդանի տոհմէն ենք», դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Արաքս Էլմայեանի
- Վարդանանց հերոսամարտին նուիրուած ընդհանուր զարգացման մրցում՝ պատրաստութեամբ ու կազմակերպութեամբ Է., Ը., Թ., Ժ. դասարաններէն խումբ մը աշակերտներու, մրցակից կողմերը բաժնած ըլլալով չորս խումբի (Վարդան Մամիկոնեան, Ղեւոնդ Երէց, Աւարայր, Եղիշէ): Յաղթական խումբը հանդիսացաւ «Վարդան Մամիկոնեանը» (Համբիկ Մարտիրոսեան, Թորոս Թորոսեան, Կարէն Պաղսարեան, Ռիթա Չարըքեան):
Աշակերտ Համբիկ Մարտիրոսեան ներկայացուց օրուան պատգամախօս պրն. Ահարոն Շխրտըմեանը՝ անդրադառնալով անոր ազգային-հրապարակագրական-լրատուական մարզերուն մէջ ունեցած գործունէութեան, ապա զինք հրաւիրեց բեմ:
Պրն. Շխրտըմեան իրեն յատուկ արտայայտութեամբ ու վճռակամութեամբ խօսելէ ետք Վարդանանց հերոսամարտի պատմական եղելութիւններէն քաղուելիք դասերուն, ինչպէս նաեւ անոնց հետեւելու եւ անոնցմէ օգտուելու կարեւորութեան մասին, ընդգծեց այն գործօնները, որոնք հայ ժողովուրդի գոյութեան եւ յարատեւութեան վրայ հսկայական դեր կ’ունենան ու ազդեցութեան հետքեր կը դրոշմեն:
Մեկնելով Վարդանանց հերոսամարտի ոգիի պահպանումէն՝ ան մէջբերումներ կատարեց հայ հանճարեղ բանաստեղծներ Եղիշէ Չարենցէն եւ Յովհաննէս Շիրազէն, որոնք բոլորն ալ կը ձգտէին հայ ժողովուրդի ազգային յաւերժական գանձերու պահպանութեան եւ զանոնք արժեւորելու գործին:
Պրն. Շխրտըմեան Վարդանանց հերոսամարտի ոգիին ընդմէջէն շեշտեց հայոց լեզուին, ինքնութեան, ազգային ճանաչողութեան ու գիտակցութեան կառչած մնալու, ինչպէս նաեւ հայրենիքը, հայ ժողովուրդը, հայ մշակոյթը, եկեղեցին որեւէ նկատառումէ գերիվեր պահելու եւ անոնց պահպանութեան ծառայելու հրամայականը:
Տնօրէն պրն. Արա Վասիլեան, խօսելով Վարդանանց տօնի երեւոյթին եւ ոգեկոչումին մասին, շեշտը դրաւ այն ոգիին ու տեսիլքին վրայ, որով մեր սերունդները պիտի լիցքաւորուին ու լիանան՝ դառնալով տիրապետողը իրենց ազգային լեզուին, արմատներուն եւ ակունքներուն՝ միշտ Վարդանանց հերոսամարտի սլացքով եւ ներշնչումով:
Աւարտին, երբ աշակերտութեան կողմէ օրուան պատգամախօսին կը նուիրուէր ծաղկեփունջ մը, պրն. տնօրէնը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր՝ իր բովանդակալից ու շինիչ խօսքին համար, նաեւ սրտի խօսք՝ այս յայտագիրի յաջողութեան նպաստող ուսուցչուհիներ՝ տիկ. Մարալ Պալէօզեանին, տիկ. Մանիշակ Ալեքսանեանին ու մասնակից աշակերտութեան: