Կիրակի, 03. 11. 2024

spot_img

Ապագայակերտումի Տեսիլքով Ծրագրային Ասպարէզ

ՀԲԸՄիութեան Վարժարաններ

Ուրբաթ, 16 Փետրուար 2019-ին վարժարանիս համալսարանական արեւելումի գրասենեակին (Orientation and Career Counseling Office) կազմակերպութեամբ՝ Ե. Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ կայացաւ մանկավարժական այժմէական նիւթի մը մասին հետաքրքրական զեկուցում, որ առնչուած էր դպրոցական սերունդի ապագայի ծրագիրներուն. համալսարան, մասնագիտութիւն եւ ասպարէզի ընտրութեան հնարաւորութիւններ:

11-12 դասարաններու աշակերտութիւնը, ընկերակցութեամբ աւագ ուսուցչուհիներ՝ տիկ. Մարալ Պալէօզեանի ու Ցոլինէ Էլմայեանի, այս հանդիպումին ներկայ գտնուեցան՝ նախօրօք աշակերտութիւնը պատրաստած ըլլալով նիւթի հիմնական գիծերուն:

Օրուան զեկուցաբերն էր «Ուազնէթ» կազմակերպութեան ներկայացուցիչ օրդ. Թինա Շամունը: «Ուազնէթ»-ի աշխատանքները կը յատկանշուին արհեստավարժութեամբ եւ փորձագիտութեամբ ու կը միտին նոր սերունդը պատրաստելու եւ կողմնորոշելու ապագայի իրենց ծրագիրներուն ու նպատակներուն իրագործման ուղիներու որդեգրման մէջ:

Խորագիրներն էին՝ երազ-նպատակակէտ-տեսիլքը, ուր իւրաքանչիւր ուսանող անհրաժեշտօրէն պէտք է դիրքորոշուի, թէ, օրինակ, տասը տարի ետք ո՞ւր կը տեսնէ ինքզինք կամ ո՞ր բնագաւառին մէջ ատակ թեկնածու մը կրնայ ըլլալ:

Այս դիտարկումը կարեւոր նկատուեցաւ զեկուցումներէն, որ կրնար ճշդել ուղղութիւնը ենթակայի մը՝ իմաստաւորելով անոր տեղը եւ յուսադրութեամբ նայելու դէպի ապագայի երթը, միշտ խուսափելով ձախողութիւններէն եւ ընթանալով դէպի յաջողութիւններ:

Այս առումով, շեշտուեցաւ, նախ եւ առաջ, ճանչնալ ուզուածը, ձգտիլ լաւագոյնին եւ յաջողագոյնին, ապա առնել խիզախ ու հաստատ քայլեր՝ առողջ շրջապատի մը ընդմէջէն հասնելու համար իտէալականին եւ ընդհանրականին:

Անհրաժեշտ է նաեւ իղձի եւ ժամանցի միջեւ դնել տարբերութիւններ՝ նախընտրութիւնը տալով այն ասպարէզին, որ կը ծառայէ մարդկութեան ու միջավայրի շահերուն, պայմանաւ որ մասնագիտութիւն եւ ասպարէզ լրացնեն զիրար՝ հիմնուելով ծրագրաւորումի ու կերտաշէնութեան գործօններուն վրայ:

Բացատրութիւնները յստակ ու թափանցիկ էին, մանաւանդ որ աշակերտութեան համար անոնք անմիջականութիւններ էին, դէպի իրենց ապագան տանող անցումներով, ճիշդ քայլեր նետելով, կայուն ու հեզասահ գործընթացով:

Փոխըմբռնումն ու հաղորդակցութիւնը պարզ էին, որովհետեւ զեկուցումներու ուղիին բովէն անդին ունկնդիր աշակերտութիւնը իր կերպարը եւ ապագան կ’ուզէր մարմնաւորուած տեսնել, յատկապէս զրուցավարութեամբ իր ընտրանքները աւելի հիմնաւորուած տեսնելու ցանկութեամբ:

Աւարտին, մեր ուսուցչուհիներուն կողմէ պատրաստուած հարցախուզային տախտակները եւ աշակերտներուն պատասխանները աւելի շօշափելի և խօսուն պատկերներ պարզեցին, թէ անոնք ո՞ր ճիւղերով, մասնագիտութիւններով եւ ընտրանքներով շահագրգռուած էին:

Շահեկան հանդիպում-զրոյց մըն էր, որմէ օգտուողը եղան դպրոցական սերունդի ներկայացուցիչները ու կազմակերպիչներու հիմնարկը, որոնք գոհունակութեամբ բաժնուեցան իրարմէ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին