«Զարթօնք» Հայրենիքի Մէջ – 28 –
Հայաստանի Նկարիչներու Միութիւնը Շատ Խնդիրներ Ունի, Ընելիքները Շատ Են
Զրուցեց՝ ՔՐԻՍԹԻՆԱ ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից
««Զարթօնք» հայրենիքի մէջ» շարքի հերթական հարցազրոյցը Հայաստանի նկարիչներու միութեան նորընտիր նախագահ Սուրէն Սաֆարեանի հետ է: Զրուցած ենք միութեան յառաջիկայ ընելիքներուն, ծրագիրներուն եւ միջոցառումներուն մասին: Անդրադարձ կատարած ենք Հայաստանի նկարիչներու միութեան նախկին նախագահէն ստացած ժառանգութեան, առկայ խնդիրներուն, նիւթական դժուարութիւններուն եւ այն ահռելի աշխատանքին, որ կը սպասուի:
-Պարո՛ն Սաֆարեան, կ’ուզէի նախ խօսիլ միութեան գործունէութեան մասին: Ի՞նչ ծրագիրներ կ’իրականացնէք: Պաշտօնը ստանձնելէ ետք ի՞նչ կարեւոր ընելիքներ դրուած են ձեր առջեւ:
-Շնորհակալ եմ հարցազրոյցին համար: Պէտք է նշեմ, որ այս պաշտօնին նշանակուելէ ետք գործընթացներ սկսած ենք: Այս պահուն հաշուեստուգում տեղի կ’ունենայ միութեան մէջ: Բացի այդ՝ գոյքագրում ու թուայնացում կ’իրականացուի: Մենք շուտով կ’ունենանք մեր ֆոնտին թուայնացած տարբերակը, որուն մասին մենք կը լուսաբանենք: Շարք մը պայմանագիրեր կը վերանայուին, նորերը կը կնքուին: Ունինք բազմաթիւ խնդիրներ, որոնք անընդհատ լսելի եղած են եւ, կը կարծենք, ոմանք կը լուծուին: Օրինակ՝ չունինք ջեռուցում: Այդ խնդիրը, ի շարս այլոց, մեր առջեւ դրած ենք: Ունինք խնդիր լուսաւորութեան հետ: Եթէ տարիներ առաջ մեր սրահները կը համապատասխանէին միջազգային չափակարգերուն, ապա հիմա մենք շատ կը զիջինք անոնց: Անոր համար մեծ աշխատանք ունինք կատարելու՝ սրահները միջազգային որակին համապատասխանեցնելու ուղղութեամբ: Բանակցութիւններ կը վարուին, որպէսզի կարենանք գումարներ գտնել ու խնդիրները մէկ առ մէկ լուծել: Շատ գործ կայ: Ինչպէս կ’ըսեն, 24 ժամը բաւարար չէ, յամենայնդէպս կ’աշխատինք: Հիմա կը պատրաստուինք միութեան կայքէջը ստեղծելու: Մենք յայտարարութիւնը շուտով կը հրապարակենք, միութեան անդամները պահանջուած նիւթերը կը բերեն, ու կը սկսինք սարքել մեր կայքէջը: Քանի որ անձնակազմի խնդիր ունինք, գոյքագրումը անցնելէ ետք պէտք է նոր պաշտօնեաներ ընդունինք աշխատանքի՝ PR-ի տնօրէն, շուկայադրումի գծով մասնագէտ, միջազգային յարաբերութիւններու գծով եւ այլն: Մենք ունինք ստեղծագործական տարբեր տուներ, ուր կը պատրաստուինք կազմակերպելու տարաբնոյթ նախագիծեր ու գիտաժողովներ: Այստեղ՝ միութեան շէնքին մէջ, Փետրուար 1-էն մեկնարկած է Արեւելքի ու հայ արուեստի պատմութեան վերաբերեալ դասախօսութիւններու շարքը: Ես բազմիցս նշած եմ ու հիմա ալ կը նշեմ, թէ մարդիկ Աբովեան փողոցը իջնելու ատեն պէտք է գիտնան, որ նկարիչներու միութեան մէջ հետաքրքրական բան կը կատարուի, որուն պէտք է ներկայ ըլլալ:
-Ի՞նչ ժառանգութիւն ստացած էք միութեան նախկին նախագահէն:
-Ինչ որ կը տեսնէք: Ամբողջական գործընթացները աւարտելէ ետք աւելի ստոյգ կը տեսնէք, թէ ի՛նչ ստացած ենք: Մենք կը փորձենք մարդոց մօտ հետաքրքրութիւն յառաջացնել, կը փորձենք մեր նկարիչներուն (անոնք, որ այստեղ ցուցահանդէսներ կը կազմակերպեն) խրախուսիչ նուէրներ տալ: Կը գործակցինք Երեւան քաղաքը գործող նկարչական սրահներուն հետ: Բոլորը պատրաստակամութիւն յայտնած են մեզի աջակից ըլլալու:
-Նկարիչներու միութիւնը պետական ֆինանսաւորում չունի, շէնքին մէջ առկայ տարածքներու վարձակալութեան գումարներով եւ անդամավճարներով կը յաջողի շարունակել իր գործունէութիւնը: Արդեօք բաւարա՞ր է այդ գումարը՝ բոլոր խնդիրները լուծելու համար:
-Շատ դժուարութեամբ, բայց կը յաջողինք: Տարբեր տեղերէ կը փորձենք գումար հայթայթել, որպէսզի խնդիրներն ու կարիքները հոգանք: Յոյսով ենք, որ յառաջիկային գումարները կ’աւելնան, քանի որ կան բազմաթիւ ծրագիրներ, որոնց պիտի մասնակցինք: Պէտք է նաեւ նշեմ, որ հիմա մենք համաձայնութիւն ունինք «Ոսկենի» գինիի գործարանին հետ, որպէսզի մեր նկարիչներու ցուցահանդէսներուն անվճար հիւրասիրութիւն կազմակերպուի, ինչ որ պարբերաբար տեղի կ’ունենայ: Աւելցնեմ, որ նկարիչներու միութեան 65 տարեկանը անց անդամներուն համար ցուցահանդէսին առաջին 5 օրը պիտի ըլլայ անվճար: Տպագրական որոշ ծախսեր ալ միութիւնը իր վրայ պիտի վերցնէ:
-Դուք ձեր խօսքին մէջ նշեցիք, որ կը նախատեսէք ընդլայնել աշխատանքները եւ Հայաստանի սահմաններէն դուրս գործակցութիւնը:
-Այո՛, մենք նոր կը սկսինք այդ ուղղութեամբ աշխատիլ: Նախապէս չեն եղած նման աշխատանքներ: Մենք կ’ունենանք միջազգային կապերու բաժին ու ստեղծուած նոր կապեր, նոր գործակցութիւններ: Ընելիքներ շատ ունինք:
-Պարոն Սաֆարեան, յառաջիկային ի՞նչ միջոցառումներ կան, որոնց մասին կրնաք հանրութեան տեղեկացնել:
-5 Մարտին պիտի բացուի Գարնանային հանրապետական ցուցահանդէսը: Մեր մասնակիցները մեծապէս ոգեւորուած են: Կը կարծեմ՝ պիտի յաջողինք լաւ ցուցահանդէս ներկայացնել հանրութեան: Արդէն սկսած ենք Յովհաննէս Թումանեանի ու Կոմիտասի 150-ամեակին նուիրուած մեծ միջոցառումի նախապատաստական աշխատանքները: Յոյսով եմ՝ որակապէս լաւ միջոցառում պիտի կազմակերպենք: