Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Վարդան Կռուեցաւ Հայրենիքը Ազատ Տեսնելու Համար

Խմբագրական

Վարդանանց է դարձեալ: Հայրենի հողը, դաւանանքը, մշակոյթն ու սեփական կեանքը իրար միախառնած հերոսներուն անձնազոհութեան եւ ո՛չ նահատակութեան օրը:  Նահատակուողը յանձնողն է, մինչ անձնազոհը` պաշտպանը, որ հաւատացած է, որ իր կեանքը անարժէք է առանց վերոյիշեալ արժէքներու գոյութեան պաշտպանումին:

Այս գիտակցութեամբ էր, որ մեր թուականէն 1568 տարիներ առաջ Աւարայրի դաշտին վրայ ինկան  հազար երեսունեւվեց վկաներ։ Ինչպէս ուրիշ հարիւր հազարաւորներ՝ դարերու ընթացքին։ Մինչեւ մեր օրերը, ուր Աւարայրի ժառանգորդները իրենց 

եղունգներվ կը ճանկռտէին Հայաստանի լեռներն ու ձորերը, Սարդարապատի անապատն ու Բաշ-Ապարանը, Շուշին ու Ազատ Արցախը։  Ի զուր չէ, որ այդ թուականէն ի վեր Վարդան Մամիկոնեանի կերպարը արտացոլացած է ազգային դաստիարակութեան, մանկավարժութեան, Հայ գեղարուեստական գրականութեան, քանդակագործութեան, գեղանկարչութեան  եւ թատերարուեստի մէջ: 

Մամիկոնեանի կերպարը կենդանի հայրենասիրութիւնն է,  ամէն ճակատի վրայ հայրենիքի պաշտպանութեան համար  մարտնչողներուն  խրախուսող իտէալը: 

Վարդան Մամիկոնեան Հայու այն կերպարն է, որ կռիւի կ՛ելլէ իբրեւ հերոս եւ հոն ճակատի վրայ կ՛իյնայ հերոսի մահով:

Վարդան կռուեցաւ է ոչ թէ անյաղթ զօրավարի փառք ձեռք բերելու, այլ հայրենիքը ազատ եւ քաղաքականօրէն ու մշակութապէս անկախ տեսնելու համար:

Ահաւասիկ այս է Վարդանի կտակը հայ  սերունդներուն: Կռուիլ ու մարտնչիլ ո՛չ թէ փառքի համար այլ հայրենիքի ազատութեան ու անկախութեան նման գերագոյն նպատակներու համար: 

Վարդանի կտակը այսօր մեզի կը յուշէ պահել հողը ի գին ամէն զոհողութեան, ի գին ամէն քաղաքականութեան ու հաշուարկի:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին