ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Կարմիր կովը կաշին չի փոխեր, կ՚ըսէ հայկական առածը։ Ատրպէյճանցի թուրքը 1915-էն եօթը տասնամեակ ետք՝ 26-29 Փետրուար1988-ին անմարդկային ու կենդանական վայրենութեամբ յարձակեցաւ Սումկայիթ եւ Պաքու քաղաքներուն մէջ բնակող հայ ազգաբնակչութեան վրայ։ Տեսարանը ահաւոր էր։ Անմեղ հայ զոհեր, Հայաստանէն ու Արցախէն հարիւրաւոր մղոններ հեռու, իրենց կեանքը տուին, որովհետեւ ղարաբաղցի-արցախցին ազատութեան դրօշակ բարձրացուցած, կը յայտարարէր որ դուրս կու գայ Խորհրդային Ատրպէյճանի կազմէն, միանալու իր «մօր»՝ Հայաստանին։
Մնացեալը մեր վերջին երեսնամեայ պատմութիւնն է։ 1994-ի Մայիսին միայն կնքուեցաւ զինադուլ-հրադադար, երբ յաղթական Արցախ՝ արդէն որպէս Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն, անկախ էր եւ ազատ։
Այս շաբաթ, երբ կը յիշենք Սումկայիթի եւ Պաքուի ջարդերը, մեր պարտքն է դասեր քաղել հոնկէ։ Ինչպէս որ համազգային վտանգի պարագային, օրհասական պահուն գիտե՛նք համախմբուիլ, գիտե՛նք բռնցքուիլ եւ ուժ դառնալ, մեր պարտականութիւնն է այսօր, մանաւա՛նդ այսօր ազգային շահերը գերադասել ամէն տեսակի անձնական ու հատուածական նկատառումներէ։
Պահը լուրջ է, շա՜տ աւելի լուրջ մեր պատկերացուցածէն։ Նոր Հայաստանը ունի հին ու նոր խնդիրներ։ Նոր Հայաստանը ձեռնոց կը նետէ «հիւսիսի քեռիին» եւ «Սամուէլ քեռիին» ընդունելու, սեղան նստելու ազատ ու անկախ Հայաստանի հետ, որ ունի ի՛ր շահերը, ի՛ր խօսքը՝ արտասանուած համարձակութեամբ ու անկաշկանդ։ Թող գերպետութիւնները յարգե՛ն «փոքրիկ դաշնակից» ժողովրդավարութեան ջատագով Հայաստանը։
Փաշինեանի կառավարութիւնը որքան ալ ենթակայ ըլլայ մեծ պետութիւններու ճնշումին, այսօր կը բարձրաձայնէ, թէ պատրաստ է դառնալու աւելի՛ ժողովրդավար, աւելի՛ կայուն, աւելի՛ վստահելի պետութիւն մը, պատրաստ խաղաղօրէն եւ իրաւականօրէն լուծելու արցախեան տագնապը։
Հերոսական Արցախը տուն կը կանչէ իր որդիները, Հայաստան գրկաբաց կ՚ընդունի իր տարագիր զաւակները։ Այսօրուան հրամայականն է ՆԵՐԳԱՂԹ, ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆ, ԴԷՊԻ ՏՈՒՆ։
Յիշելով Սումկայիթի եւ Պաքուի ջարդերը, մենք միայն ու միայն պէտք է զօրանանք հայրենեաց հաւատքով եւ Վարդանանց նշանաբանով՝ միշտ յառաջ։
Կեցցէ՛ ազատ եւ հպարտ Արցախը եւ յարգա՛նք մեր հերոս նահատակներուն անմար յիշատակին։