Չորեքշաբթի, 02. 07. 2025

spot_img

ՌԱԿ-ի երախտաւորները. ՓԱՅԼԱԿ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ 1928, Պէյրութ – 2019, Լոս Անճելըս

ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Քառասուն օրեր արդէն սահած են այն օրէն, երբ երախտաւորը յաւիտեան իր աչքերը փակեց եօթանասուն տարիներու ազգային ու կրթական, նուիրեալ ու անսակարկ ծառայութեան վաստակ մը ձգելով իր ետին։ Այս տողերուն հեղինակին համար այդ վաստակը խթան մը հանդիսացաւ ժառանգելու ու անվերապահօրէն ծառայելու անոր դաւանած ազգային գաղափարախօսութեան։

Երախտաւոր Փայլակ Ահարոնեան ծնած է Պէյրութ, 3 Յունուար 1928-ին, երկրորդ մանչ զաւակը (Կայծակ, Փայլակ եւ Սարգիս) խարբերդցի ծնողաց՝ Մինաս Ահարոնեանի եւ Արտեմիս Մաղաքեանի, որոնք Մեծ Եղեռնի կոտորածէն ճողոպրած նախ 1916-ին հասած են Հալէպ, ուրկէ գացած են հաստատուելու Լիբանան։

 

Փայլակը մանուկ հասակէն ծնողներուն հետ կը հաստատուի հիւսիսային Լիբանանի ծովեզերեայ Թրիփոլի քաղաքը։ 1930-ական թուականներուն հոն գոյութիւն ունէր փոքրաթիւ հայկական գաղութ մը, Կիլիկիայէն ու յատկապէս Աղեքսանտրէթէն տեղափոխուած հայ գաղթական ընտանիքներէ կազմուած։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սիսէն Անթիլիաս տեղափոխուած Կաթողիկոսարանն ալ ունէր իր եկեղեցական ծուխը ու անոր ենթակայ Խրիմեան վարժարանը, իսկ Բարեգործականը կը հովանաւորէր այլ նախակրթարան մը՝ Նուպարեան անունով, ուր կը դասաւանդէր երախտաւորին մայրը՝ Արտեմիսը։ Փայլակը իրեն տարեկից գաղթական պատանիներու հետ կը յաճախէ Նուպարեան վարժարան, ուր առիթը կ՚ունենայ աշակերտելու ՌԱԿ-ի երախտաւորներ՝ Երուանդ Պապայեանի եւ Հրանդ Նագգաշեանի։ Նախնական ուսումը աւարտելէ ետք, պատանին կը յաճախէ Թրիփոլիի Ֆրերներուն միջնակարգ վարժարանը, ուր կը ծանօթանայ ֆրանսերէն լեզուին, իսկ իր թաղեցի տղոց հետ յարաբելելով, կը դառնայ սահուն արաբախօս։

1943-ին, ծնողքը զինք կ՚ուղարկէ Կիպրոս, երկրորդական ուսումը շարունակելու Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան մէջ։ Տնօրէն Դանիէլ Ոսկեանի ու այլ երախտաւոր կրթական մշակներու շունչին տակ պատանի Փայլակ կը թրծուի հայրենասիրութեամբ։ Օժտուած ըլլալով մարզական ձիրքերով, յատկապէս ֆութպոլի մարզէն ներս, ան կը դառնայ աչքառու խաղացող մը ու հաստատութեան խումբին խմբապետը՝ հսկողութեանը ներքոյ մարզիչ Յակոբ Աճեմեանի։

1947-ին կը ստիպուի վերադառնալ Թրիփոլի՝ հայրենիք  ներգաղթելու համար։ Սակայն իր երազը չ՚իրականանար։ Նոյն տարին որպէս ուսուցիչ ՀԲԸՄ-ի կը պաշտօնավարէ տեղւոյն Ազգային Խրիմեան վարժարանէն ներս։

Որպէս ֆութպոլիստ աչքառու կը դառնայ տեղւոյն արաբական խումբերուն համար, իսկ որպէս հիւր խաղացող կը հրաւիրուի Պէյրութ, մերթ ընդ մերթ մաս կազմելով «Անդրանիկ», «Բաղրամեան» եւ «Պայքար» ֆութպոլի խումբերուն։

1949-ին կը մտնէ ՌԱԿուսակցութեան շարքերը կնքահայրութեամբ՝ երախտաւոր Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանի, ու մաս կը կազմէ Թրիփոլիի ՌԱԿ Մկրտիչ Աւետիսեան ակումբին, որուն անդամ էր նաեւ հայրը՝ Մինաս, որ Խարբերդի մէջ եղած էր Վերակազմեալ Հնչակեան՝ Հրաչ Երուանդի ցուցմունքով։

1951 Սեպտեմբեր 23-ին կ՚ամուսնանայ Թրիփոլիի հոգեւոր հովիւ, Տէր Ղեւոնդ աւագ քահանայ Յովսէփեանի դստեր՝ Մարիին հետ, ու կը բախտաւորուին երկու զաւակներով՝ Արա-Գարեգին եւ Արփի։ Մինչեւ 1958 մաս կը կազմէ Թրիփոլիի տեղական գլխաւոր խումբին՝ «Ռիատա ուալ Ատապ» (մարզանք եւ կրթութիւն), որուն հովանաւորն էր նախկին վարչապետ՝ Ռաշիտ Քարամէ։ Այս խումբին հետ ան կը մեկնէր Լաթաքիա, Հալէպ ու Դամասկոս։

1953-ին կը ստանձնէ ՀԵԸ-ի Թրիփոլիի մասնաճիւղի ատենապետութիւնը, զոր ձեռնհասօրէն կը վարէ բազմաթիւ տարիներ։ Գաղութէն ներս ան կ՚ունենայ ազգային, քաղաքական ու հասարակական աշխոյժ գործունէութիւն։ Տասնամեակ մը ամբողջ կը դառնայ Թրիփոլիի ՀԲԸՄիութեան տեղւոյն մասնաճիւղի ատենադպիրը, ինչպէս նաեւ վարչական անդամ ՌԱԿ Մ. Աւետիսեան ակումբին։

1947-էն մինչեւ 1966, ամբողջ 19 տարիներ կը պաշտօնավարէ Թրիփոլիի Ազգային վարժարաններուն համար, եւ իր պաշտօնին գիտակից լրջութեամբ կը նուիրուի հայ մանուկներու եւ պատանիներու կրթութեան վսեմ գործին։

1960-61 տարեշրջանին, Թրիփոլիի զոյգ վարժարանները (Նուպարեան ու Խրիմեան) կը դառնան միացեալ վարժարան, նորակառոյց Սրբ. Հոգեգալուստ եկեղեցւոյ կողքին, որուն օծումը կը կատարէ Երջանկայիշատակ Զարեհ Բայասլեան Կաթողիկոսը։ Նոյն տարեշրջանին, Փայլակ Ահարոնեանի անմիջական հսկողութեան տակ առաջին անգամ ըլլալով, վարժարանի աշակերտները կը ներկայանան պետական «Սերթիֆիքա»ի քննութեանց եւ կ՚ունենան 100 տոկոս յաջողութիւն։ Իր ուսուցչական ասպարէզի շրջանին, ան մեծապէս կը գնահատուի վարժարանի պատասխանատուներէն, ծնողներէն եւ գաղութի հայկական բոլոր հոսանքներէն։

1966-ին ընտանեօք կը փոխադրուի Պէյրութ, պաշտօնավարելու որպէս աւագ ուսուցիչ Վահան Թէքէեան վարժարանէն ներս, որուն տնօրէնն էր իր երբեմնի ուսուցիչը՝ երախտաւոր Երուանդ Պապայեանը, իսկ վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետն էր ատենոյ ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամ՝ Փանոս Թիթիզեանը։ Դարձեալ Ահարոնեանին կը վստահուի վարժարանի ուսումնական բաժնի պատասխանատու պաշտօնը։ Այս շրջանին վարժարանի աշակերտութիւնը բացառիկ յաջողութիւններ կ՚արձանագրէ պետական քննութեանց մէջ, որուն մասին կ՚արձագանգէ տեղական մամուլը։

1966-էն 1979 եղած է ՀԵԸնկերակցութեան Անդրանիկ-Սեւան ակումբի վարիչ քարտուղարը։ Իր պաշտօնավարութեան շրջանին ակումբը ծաւալած է աշխոյժ գործունէութիւն։ Նոյն շրջանին մաս կազմած է Պէյրութի ՌԱԿ Միհրան Տամատեան ակումբին, վարելով վարչական պատասխանատու պաշտօններ։

1969-ին կը ստանայ ՀԲԸՄիութեան վեթերան վկայականը, իսկ 1972-ին իր 25 տարիներու կրթական ծառայութեանց որպէս գնահատանք, կ՚արժանանայ ՀԲԸՄիութեան վաստակաւոր ուսուցիչի կոչումին։

1974-ին կը ստանայ ՌԱԿ 25 տարիներու ծառայութեան վկայականը՝ ձեռամբ երախտաւոր Մկրտիչ Մսըրլեանի։

Ան հիմնական դեր խաղացած է նաեւ ՀԵԸ-ի Սին էլ Ֆիլի «Զապէլ Մովսէսեան» կեդրոնի ծրագրին իրականացման մէջ, ու իր վարիչ-քարտուղարութեան պաշտօնի շրջանին է, որ կատարուած է կեդրոնին հիմնարկէքը։

1972-75 տարիներուն իրեն կը վստահուի նաեւ ՀԲԸՄիութեան ամառնային վարժարանի տնօրէնութեան պաշտօնը, ուր նաեւ կը յաճախէին արաբական վարժարաններ յաճախող հայ աշակերտներ հայերէն սորվելու։

Լիբանանի քաղաքացիական կռիւներու ընթացքին (1976-79), մաս կը կազմէ լիբանանահայութեան Միացեալ Մարմնին, որուն նախագահն էր այդ շրջանին Լիբանանի թեմի առաջնորդ եւ այժմու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառ։ Ահարոնեան իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ հայ աղէտեալներու օժանդակութեան աշխատանքներուն։

32 երկար տարիներ կրթական ծառայութենէ ետք, Լիբանանի ծանօթ դէպքերը կը ստիպեն, որ ընտանեօք հեռանայ Լիբանանէն։ 1980-ին կը հաստատուի Լոս Անճելըս, ուր արդէն կը գտնուէր որդին՝ Արան։ Միացեալ Նահանգներ ժամանելէ ետք, միութենական տենդը զինք կը մղէ վերսկսելու ազգային հասարակական գործունէութեան Լոս Անճելըսի մէջ, դառնալով վարիչ քարտուղարը Արշակ Տիգրանեան վարժարանի շինութեան յանձնախումբին (1980-81)։

1980 տարեշրջանի աւարտէն առաջ, ան կը դառնայ գլխաւոր հիմնադիրներէն մին Փասատինա-Կլենտէյլ շրջանի Թէքէեան Մշակութային Միութեան նորակազմ մասնաճիւղին։

1981-ին անդամ կ՚ընտրուի ՌԱԿ Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի Շրջանային վարչութեան (երկու տարուայ շրջանի մը համար)։ Նոյն շրջանին ան կը ստանձնէ «Նոր Օր» եռօրեայի վարիչ տնօրէնի պաշտօնը զոր կը վարէ մինչեւ 1990 թուականը, առընթեր նաեւ դառնալով ՌԱԿ Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանակի կուսակցական գործիչը, ու իր ջանքերով կեանքի կը կոչուին ՌԱԿ Գերսամ Ահարոնեան եւ Համբարձում Գարայեան ակումբները, շրջանակէն ներս ծաւալելով կուսակցական աշխոյժ գործունէութիւն։

Երախտաւորը հիմնական դեր կ՚ունենայ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Փասատինա-Կլենտէյլ մասնաճիւղի աշխոյժ գործունէութեան մէջ, որ պիտի իրականացնէր Միութեան Ալթատինայի «Վահան եւ Նարդուհի Պէշկէօթիւրեան» կեդրոնի հիմնարկէքը Նոյեմբեր 1986-ին։ Այս կեդրոնը անցնող երեք տասնամեակներուն կարեւոր դեր մը ունեցաւ միութենական ու կուսակցական հաւաքներուն համար։

1996-ին կը հրաւիրուի մաս կազմելու «Նոր Օր» եռօրեայի խմբագական կազմին, ինչպէս նաեւ իր աշխոյժ մասնակցութիւնը բերելով ԹՄՄ Պէշկէօթիւրեան կեդրոնի ծաւալուն գործունէութեան մէջ ու կը դառնայ ՌԱԿ Գերսամ Ահարոնեան ակումբի վարչութեան ատենապետը։ Տարի մը ետք իրեն կը վստահուի «Նոր Օր» եռօրեայի խմբագրի պաշտօնը մինչեւ 1998 տարեշրջանի աւարտը, երբ եռօրեան կը դառնայ շաբաթաթերթ, իր անգլերէն յաւելուածով։

Հանգստեան կոչուելէ ետք, աւելի քան 50 երկար տարիներու կրթական, ազգային ու հասարակական ծառայութիւններէ, ան շարունակեց իր կարողութիւնները եւ փորձառութիւնները ի սպաս դնել գաղութահայ օգտաշատ ծրագիրներու։

2000 թուականի Փետրուարին, նախաձեռնութեամբ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Փասատինա-Կլենտէյլ մասնաճիւղին կը կազմակերպուի երախտաւորին կրթական, ազգային ու հասարակական գործունէութեան 50-ամեայ յոբելեանական հանդիսութիւնը, ուր պետական ու նահանգային գնահատագրերու կողքին, ան կ՚արժանանայ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառներու սրբատառ կոնդակներուն, ինչպէս նաեւ «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին։

Երախտաւորը իր ՌԱԿ-ի գործիչի հանգամանքով զանազան առիթներով կ՚այցելէր Արեւմտեան Ամերիկայի գաղթօճախները՝ Ֆրեզնօ, Սան Ֆրանսիսքօ եւ Վանքուվըր։ Իսկ ԹՄՄ-ի տեղական մասնաճիւղի կողմէ որպէս պատգամաւոր, ներկայ գտնուած է Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի պատգամաւորական տարեկան ժողովներուն։

2004-ի Յունուարին երախտաւորը կ՚արժանանայ ՌԱԿ 50-ամեայ յոբելեանական վկայականին, ձեռամբ ատենոյ ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ այս տողերուն հեղինակ իր որդւոյն։

2006-ի Յունուարին դարձեալ մաս կը կազմէ այս անգամ «Նոր Օր» շաբաթաթերթի խմբագրական կազմին, շուրջ երեք տարի, իսկ իր «Լիբանանեան լուրեր»ու յօդուածներով կ՚աշխատակցի «Նոր Հայաստան» շաբաթաթերթին։

Իր մնայուն աշխատակցութեամբը Լոս Անճելըսի հայատառ մամուլին, ան կը դառնայ փնտռուած հրապարակագիր մը նոյնիսկ յառաջացած տարիքին, երբ արդէն կը ստիպուէր իր կողակիցին հոգատարութեամբ զբաղիլ, որ կը տառապէր երկարատեւ հիւանդութենէ։ Իր 66 տարիներու կողակիցին՝ Մարիի մահէն ետք (Օգոստոս 2017), մենակեաց կեանքը շատ երկար չտեւեց, ու երախտաւորը յաւիտեան աչքերը փակեց 15 Յունուար 2019-ին, 91 տարեկան հասակին, իր ետին ձգելով զինք ճանչցողներուն համար նուիրեալ վաստակ մը։ Երախտաւորը հպարտ մեծ հայր էր հայախօս հինգ թոռներու, ինչպէս նաեւ երէց մեծ հայր՝ 4 ծոռերու։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին