ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Եթէ չես կրնար համակերպիլ կամ փոխել, այն ատեն կը գանգատիս, եթէ քեզ լսող մնաց:
Աւազակութիւն, գողութիւն եւ մասամբ նորին:
Մեր ժամանակ, այնպէս կը թուի թէ դարեր առաջ, գողութիւնը եւ աւազակութիւնը կը կեդրոնանային ուտեստեղէնի, անշարժ գոյքի, ապրանքի եւ դրամի վրայ: Համաշխարհային արուեստագիտական զարգացումը սակայն իրեն հետ բերաւ այլազան գողութիւններու եւ աւազակութիւններու բազմազան տեսականիներ, որոնք մեզի համար «խելքէ մտքէ դուրս» են մինչեւ հիմա:
Ո՞վ իմանար թէ գողութիւններու կերպերն ու տեսակները այնքան բազմացած են, ուր մարդիկ այլեւս կորսնցուցած են հաւատք մարդկութեան հանդէպ: Ինչպէ՞ս երեւակայել թէ համակարգիչով կարելի է գողնալ այլ անձի մը դրամատան հաշիւը,
IRS-ին ուղարկուած չէքը գանձել, նամակատուփին մէջէն գողնալ կարեւոր թղթածրարներ, քրետիթ կամ տէպիթ քարթիդ հաշիւը գողնալ, քովէդ քալած ժամանակ, տան առջեւ հասած ապսպրուած ծրարներ գողնալ, տակաւին չենք խօսիր տունի, խանութներու, ինքնաշարժներու եւ վաճառատուներու գողութիւններու մասին:
Բայց գողութեանց ամենահետաքրքրակա՞նը, երբ յօժարակամ, անգիտակցօրէն դուն անձամբ կը կատարես գողին պահանջքը:
Իրենց արհեստին մէջ մասնագիտացած գողեր կը հեռաձայնեն կամ անձնապէս տան դուռը կը թակեն (ընդհանրապէս տարեցներու), իրենք զիրենք ներկայացնելով որպէս ոստիկան, հանրահաւաք, դրամատան, շահագործական կամ այլ պետական պաշտօնեաներ, ու հազար ու մէկ համոզիչ հնարքներով եւ ճարտար խօսքերով, տուրքի մը, անհասկնալի պատիժի մը փոխ հատուցման կամ ձեզի համար «նոր հաշիւ» մը բանալու պատրուակով, դրամատան մը կամ շահագործման հաստատութեան մը մէջ, որուն չգոյութիւնն ու կեղծիքը կ՚իմացուի արդէն շատ ուշ, երբ կորսուած ըլլան ներդրումները որոնք շատ հաւանաբար, կեանքի խնայողութիւններ ըլլան:
Հեռաձայնային գողութեան միջոցը անշուշտ առարկայական չէ, սակայն աւելի վտանգաւոր կրնայ հանդիսանալ երբ ենթական վստահելով կամ հաւատալով հեռաձայնին, փոխանցէ անոր իր Social Security-ի, քրետիթ կամ տէպիթ քարթի, եւ կամ՝ դրամատան հաշիւի համարները եւ որեւէ այլ անհատական տեղեկութիւն: Շատ յաճախ՝ կը բաւէ միայն մէկ տեղեկութեան փոխանցում եւ արդէն կատարուած իրողութեան առջեւ կը գտնուինք շատ շուտով, որովհետեւ՝ այդ անձերը աներեւակայելի արագութեամբ եւ միջոցներով իրենց կործանարար արարքը կատարած կ՚ըլլան արդէն: Կարծէք չէր բաւեր հիւանդանոցներու, դրամատուներու, բժիշկներու, պետական հաստատութիւններու եւ մանաւանդ՝ սա Facebook դիմատետր կամ դիմագիրք կոչուածին ունեցած ժողովուրդին անձնական տեղեկութիւնները, այսպիսի անձեր, տակաւին կը հալածեն անմեղ կամ անգիտակից ժողովուրդներ, անոնցմէ գողնալու ինչ որ կարելի ըլլայ:
Այսպիսիներ, որոնք ուշիմ մասնագէտներ դարձած են այսպիսի արարքներու մէջ, ցաւալիօրէն՝ իրենց հմտութիւնը, ուշիմութիւնն ու գիտելիքները կը գործածեն սխալ եւ անօրէն ուղիներով, որովհետեւ՝ պետականօրէն… անոնց պատիժը շատ յաճախ սաստում մը կամ չնչին կրնայ ըլլալ, բանտերու խճողումներուն պատճառով:
Աւազակութիւններու եւ գողութիւններու վերոյիշեալ տեսականիները անշուշտ ժողովրդային մակարդակի գողութիւններ են, որոնք առօրեայ երեւոյթներ են: Բայց այն ինչ որ չենք տեսներ կամ լսեր, անոնք ունին բարձր մակարդակի տարողութիւններ, մեծ հաստատութիւններու, ընկերութիւններու, պետական գրասենեակներու եւ պաշտօնեաներու կողմէ կատարուած գողութիւններու, կաշառակերութիւններու եւ զանազան այլ անօրինութիւններու մասին:
Այսպիսի արարքներու «մեր» անտեղեակ կամ անիմաց վիճակը անշուշտ հետեւանք է անոնց անհասանելիութեան, «օրինականացումին» կամ «բարեգործական» կարգավիճակի դասաւորման: Օրինակները բազմաթիւ են տարիներու ընդմէջէն, նախագահներէն սկսեալ մինչեւ յետին պաշտօնեան, որոնց օրինակները այսօր կը տեսնենք եւ կը լսենք լրատուական աղբիւրներէն, շշմեցուցիչ գումարներու եւ արարքներու տարողութեամբ:
Կը յիշէ՞ք թիւ 105 մայրուղիի շինարարութեան պարագան, որ Լոս Անճելըսի Նորուաք քաղաքակեդրոնէն մինչեւ օդակայան կ՚երկարի մօտաւորապէս 19 մղոն երկարութեամբ եւ օրինապէս կը կոչուի Կլէն Անտըրսըն մայրուղի, տեմոքրաթ քաղաքագէտին անունով կոչուած եւ անոր ծրագրին նախաձեռնութեամբ լիացած: Ուրեմն՝ այս մայրուղին, 1982-ին սկսած եւ աւարտած 1993-ին, ունէր սկզբնական 2 միլիար տոլարի պիւտճէ մը, սակայն աւարտեցաւ 8 միլիառով: Այդ յաւելումին պատճառը արդեօ՞ք այնտեղ գործածուած ապրանքներու կամ աշխատավարձերու սղաճն էր 10 տարուան ընթացքին թէ՝ «մասնաւոր յատկացումներու» եւ «անսպասելի ծախսերու» հետեւանքն էր: Ոչ ոք իմացաւ բուն պատճառը:
Ասիկա, հազարաւոր, այո՛, հազարաւորներէն մէկ օրինակ է, որ պատահեցաւ մեր օրերուն, որոնք բոլորը անհաւատալիօրէն կ՚ընթանան այս «զամպի» ժողովուրդին աչքերուն առաջ:
Այս անձրեւոտ օրերուն, բնաւ նշմարա՞ծ էք պետական աշխատաւորներուն տարած աշխատանքի ձեւը, հեղեղի հետեւանքով լեռան կողքէն փուլ եկած, tractor քարշիչով հողաշերտի վերացման աշխատանքը, ուր ճամբու մէկ կողմէն կը վերցուի ցեխը եւ միւս կողմ կը թափուի, շատ հաւանաբար, յաջորդ քայլով՝ մաքրութեան համար, իրենց մնայուն աշխատանք ապահովելով: Անշուշտ պարագան նոյնն է գրեթէ բոլոր հանրային շինարարութիւններու պայմաններուն, երբ փոքր փոս մը փորելու համար 5 աշխատաւոր ներկայ կ՚ըլլան, որոնցմէ միայն մէկը կ՚աշխատի, միւսները ունենալով որպէս դիտորդներ կամ վերակացուներ:
Որքա՞ն են արդեօք աւազակութիւններու եւ գողութիւններու տեսակներն ու չափանիշերը:
Մեր պապերը կ՚ըսեն թէ, անհամար են: