ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- ՀԲԸՄ-ի նուիրեալ անդամ, հանրաճանաչ ֆրանսահայ մարզիկ Արա Խաչատուրեան Փետրուարի կէսերուն կը գտնուէր Լոս Անճելըս եւ այցելելով ակումբ եւ դպրոցներ, հանդիպումներ ունեցաւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի սկաուտներուն եւ ՀԲԸՄ-ի զոյգ վարժարաններու աշակերտութեան հետ։ Ան այցելեց նաեւ Մերտինեան վարժարան։
Արա Խաչատուրեան, որ ծանօթ է որպէս լեռնագնաց՝ բարձրանալով աշխարհի ամենատարբեր գագաթներ, ներառեալ Արարատ եւ Էվերեսթ, անցեալ տարի 107 օրուայ մէջ, աւելի քան 3,000 մղոն, Փարիզէն Երեւան վազեց յանուն աշխարհի խաղաղութեան՝ “Run for Peace”։ Անոր երրորդ ծրագիրն է նաւարկել Ֆրանսայի ափէն մինչեւ Լիբանան՝ ճեղքելով Միջերկրական ծովը։
Այս երեք ծրագիրներուն մասին ան խօսեցաւ ուր որ գնաց, ցոյց տալով տպաւորիչ տեսանիւթեր։
Խաչատուրեան ծնած է Լիբանան եւ քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն անցած է Ֆրանսա։ Անոր խօսքն ու գործը մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեցին հայ պատանիներուն մէջ։
Այցելութիւններուն ընթացքին իրեն կ՚ընկերակցէր ՀԲԸՄ-ի Կլենտէյլ-Փասատինա մասնաճիւղի ատենապետ Պրն. Գրիգոր Տեմիրճեանը։