Շաբաթ, 07. 06. 2025

spot_img

«Սիրիանիներու Միջազգային Համախմբում» Կուսակցութեան Ղեկավարութիւնը Այցելեց Թէքէեան Կեդրոն (լուսանկարներ)

«Սիրիանիներու Միջազգային Համախմբում» Կուսակցութեան ղեկավարութիւնը, գլխաւորութեամբ անոր նախագահ Իպրահիմ Մուրատին, այցելեց Թէքէեան կեդրոն՝ հանդիպում մը ունենալու ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան հետ:

Հիւրերը նախ շնորհաւորեցին ՌԱԿ-ի նորակազմ վարչութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեցին անոր ապագայ գործունէութեանց:

Հանդիպումին քննարկուեցան ներլիբանանեան քաղաքական եւ  ընկերատնտեսական ընթացիկ զարգացումներ, ինչպէս նաեւ կենսոլորտի եւ փտածութեան վերաբերող թղթածրարներ: Ժողովականներուն կարծիքով՝ պետութեան եւ անոր հաստատութիւններուն պահպանումն ու հեղինակութեան ամրապնդումը  բոլոր կողմերէն կը պահանջեն միաւորում ու համերաշխութիւն, որ կ’երաշխաւորէ լիբանանցի ժողովուրդին համակեցութիւնը,  իրաւունքներն ու ապահով կեանքը, ինչպէս նաեւ վերջ կը դնէ արտագաղթին:

Վերոյիշեալէն բացի՝ քննարկուեցան նաեւ բազմաթիւ հարցեր, ներառեալ սիրիանի եւ հայ ժողովուրդներուն պատմական յարաբերութիւններն ու ճակատագրի նմանութիւնը յատկապէս անոր համար, որ անոնք կը բաժնեն նահատակութեան եւ ցեղասպանութեան միեւնոյն պատմութիւնը, միեւնոյն աշխարհագրական շրջանին մէջ միաժամանակ գործադրուած նոյն թշնամիին՝ թուրքին կողմէ: Կողմերը հաստատեցին իրենց պատրաստակամութիւնը միասնաբար շարունակելու պայքարը՝ թրքական պետութենէն պահանջելով ցեղասպանութեան ճանաչում եւ հատուցում: Հանդիպումը առիթ մըն էր նաեւ միասնաբար քննարկելու Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող զարգացումները, յատկապէս Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ: Կողմերը նոյն աշխարհահայեացքը ցուցաբերեցին ինչ կը վերաբերի սուրիացի գաղթականներու շուտափոյթ տուն վերադարձին, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ ժողովրդավարական կարգերու հաստատումին, որ պիտի երաշխաւորէ Սուրիոյ բաղկացուցիչ բոլոր տարրերուն համակեցութիւնն ու ազգային իրաւունքներու պաշտպանումը:

Հանդիպումի աւարտին կողմերը շեշտեցին գործակցութեան աւելի եւս զարգացման կարեւորութիւնը, որ սատար պիտի հանդիսանայ սիրիանի եւ հայ ժողովուրդներու արդար դատերուն իրագործումին: 

Տեղեկատուական Գրասենեակ

ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին