Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Հրաժարական Տուած Է

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մուհամմատ Ժաուատ Զարիֆը հրաժարական տուած է: «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ՝ ան այդ մասին գրառում կատարած է Instagram-ի վրայ:

«Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Իրանի մեծահոգի եւ համարձակ ժողովուրդին ու իշխանութիւններուն վերջին 67 ամսուան համար: Ես անկեղծ ներողութիւն կը խնդրեմ ծառայութիւնը շարունակել չկարենալուս եւ աշխատանքի ընթացքին եղած բոլոր թերութիւններուս համար: Երջանիկ եղէ՛ք»,- գրած է Մուհամմատ Ժաուատ Զարիֆ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին